
ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ՎԱԶԳԷՆ ԷԹԻԷՄԷԶԵԱՆԷՆ «ԵՌԱՀԱՏՈՐ» ՄԸ՝ «ԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԷՋԵՐ»
14 ՄԱՐՏ 2025 – ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
2024-ի կէսերուն լոյս տեսաւ թանկարժէք հատոր մը, որ կը կրէ «Գրական եւ իմացական էջեր» խորագիրը եւ կը մէկտեղէ Սփիւռքի 20-րդ դարու յիշարժան բայց համեստ մտաւորականի մը՝ Վազգէն Էթիէմէզեանի գրիչի վաստակէն 74 կտոր:
524 էջերու վրայ տարածուող գիրքը որակեցինք «եռահատոր», որովհետեւ ունի ներքին երեք բաժանումներ, որոնք կրնային այլապէս լոյս ընծայուիլ առանձնաբար, նկատի ունենալով իրենց նկարագիրն ու բնոյթը: Սակայն լա՛ւ է, որ անոնք մէկտեղուած են մէկ կողքի տակ, որպէսզի ընթերցողը տեսնէ, թէ տարբեր նկարագիրով թուղթին յանձնուած գրութիւնները բխած են նոյն էութենէն՝ նոյն միտքէ՛ն, որ կը կոչուի Վազգէն Էթիէմէզեան:
ՆԱԽ՝ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՆՇՈՒՄՆԵՐ
Հատորը լոյս աշխարհ եկած է Համազգայինի Քանատայի միաւորին նախաձեռնութեամբ, «Օշական» մատենաշար, նոյնինքն Համազգայինի տպարանէն, Պէյրութ: Խմբագիրն է ծանօթ բանաստեղծ եւ մտաւորական Յարութ Պէրպէրեան, որ երկար ատեն եղած է Վազգէնին աշխատակիցներէն, եւ այս հատորին մէջ վիթխարի ներդրումով՝ ո՛չ միայն լուսարձակի տակ կը բերէ գրչակից ընկերոջ մտաւորականի արժանիքները, այլ նաեւ կատարած է խմբագրական խղճամիտ աշխատանք: Յիշատակենք գոնէ երկու գիծ. Վազգէնին գրութիւնները դասակարգած է երեք ընդհանուր խորագիրներու տակ, առաջինը՝ «Պատմուածքներ եւ գեղարուեստական էջեր» (27 խորագիր), երկրորդը՝ «Յօդուածներ, գրախօսականներ մշակոյթի արմատներուն ընդմէջէն» (18 խորագիր), երրորդը՝ «Իմացական էջեր» (29 խորագիր): Խմբագիրը նաեւ որոշ յօդուածներու մէջ կատարած է «միջամտութիւններ», այսինքն՝ ընթերցողին (հաւանաբար) անծանօթ կամ նուազ ծանօթ հեղինակներու կամ գրական-պատմական-իմացական գործերու մասին տուած է տողատակի բացատրութիւններ (գրութիւններու աւարտին), եւ սա կ’ենթադրէ պրպտում, քրտնաջան աշխատանք:
Հատորի կողքին՝ տեղադրուած է հեղինակին դիմանկարը, որ ինքնին թելադրական է, հպանցիկ ձեւով կը ցոլացնէ Էթիէմէզեան մարդուն նկարագիրը, բնութագիրը: Վերջին կողքին ալ տեղադրուած է հեղինակէն մտածում մը՝ մեր ժողովուրդի կեանքին ու գոյատեւման մէջ ՄՇԱԿՈՅԹի գործօնին մասին: Առաջին էջերուն, կայ շնորհակալական երկտող մը, ուղղուած՝ հանգուցեալ Վազգէնի դուրստրերէն՝ Մեղեդիին, որ խմբագիրին ու հրատարակիչներուն տրամադրութեան տակ դրած է հօրը գործերուն հաւաքածոն եւ յանձն առած է հատորին տողաշարութիւնը: Ու երբ ընթերցողը կը տարուի հատորին բովանդակութեամբ, պէտք է անդրադառնայ, որ հատորը կրկնակի խնամքի առարկայ եղած է, թէ՛ խմբագիրին եւ թէ տողաշարողին կողմէ: Բաւականանանք միայն նշելով, որ գրեէթ վրիպակներէ զերծ գործ մը կը հրամցուի (տպագրական գործի մէջ անթերի բան չ’ըլլար), հազուադէպ պատկեր մը, եթէ աչքի առջեւ ունենանք մեր մամուլէն վերջին տասնամեակներուն լոյս տեսած բազմաթիւ հատորներու՝ ա՛յս իմաստով տխուր պատկերները (մեր խօսքը չի վերաբերիր «բան մը տպենք»ով առաջնորդուողներուն, այլ նաեւ վարկ ու վաստակ կերտած հրատարակչատուներու):
Հատորը կարելի է նկատել Վազգէնին նուիրուած յուշարձան մը, ծննդեան 80-ամեակին առիթով: Արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրենք, որ տարի մը առաջ, 2023-ին, նոյն հեղինակին գործերէն այլ ստուար փունջ մը լոյս տեսած էր Պէյրութի մէջ, նմանապէս Համազգայինի տպարանէն, նախաձեռնութեան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէին եւ խմբագրութեամբ Վիգէն Աւագեանի՝ կրթական մշակ, հրապարակագիր եւ Վազգէնի կրտսեր գործակիցներէն: 344 էջերու վրայ տարածուած այդ հատորը կը կրէ «Շաբթուան մտածումները» խորագիրը եւ կը բովանդակէ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»ին մէջ, 1980-ականներու սկիզբներուն, Վազգէնի ստորագրած յօդուածներու ստուար փունջ մը: Հատորը չունինք մեր տրամադրութեան տակ, սակայն մամուլէն իմացած ենք, որ անիկա լուսարձակի տակ կը բերէ դաշնակցական մտածողին արժանիքները:
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հեղինակին ժառանգութեան յատկացուած բաժիններէն առաջ, հատորը կը բացուի Վ. Էթիէմէզեանի հակիրճ կենսագրականով: Այդ էջերը կենսական կարեւորութիւն ունին բովանդակութեան հաղորդակից դառնալու «արարողութեան» դիտանկիւնէն: Հալէպ ծնած եւ սկզբնական կազմաւորումը հոն ստացած, ժամանակ մը Պէյրութ ապրած եւ համալսարանական ուսման հետեւած Վազգէնը քանի մը տարի ալ ճաշակած է արեւմտեան աշխարհի երկինքները՝ Քանատայի մէջ, ապա Պէյրութ վերադարձած է գրեթէ այն օրերուն, երբ նոր պայթած էր «քաղաքացիական պատերազմը», եւ վերջնականապէս արմատաւորուած՝ Լիբանանի երկնքին տակ, դառնալով մամուլի աշխատակից եւ Համազգայինի Հայագիտականի դասախօս, զուգահեռաբառ՝ կուսակցական գործիչ-ծառայող: Ընենք «մանր» յաւելում մը. Վազգէնը տարիներ շարունակ մաս կազմած է այն փաղանգին, որուն անդամները «կեանքը ափերուն առած»՝ ռմբաձիգներու եւ արձակազէններու «խնամքին» ենթակայ ճամբաներէ երթեւեկած են Պէյրութի այդ օրերու երկու գօտիներուն միջեւ եւ արհաւիրքի այդ օրերը յետոյ նուրբ ձեւով վերապրեցուած են իրենց մտածումներուն ճամբով: Նոյնքան նուրբ չեն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, հայուն եւ ոչ-հայուն միջեւ «բախում»ի արտայայտութիւնները…
Խմբագիրը ունի հատորը ուրուագծող եւ ընթերցողը հաղորդակցելու պատրաստող նախաբան մը, որ չի բաւականանար լոկ իր տարած աշխատանքին լուսաբանումով, այլ վեր կ’առնէ հեղինակին դիմասատուերին գլխաւոր գիծերը, վաստակին դաշտերը: Նախաճաշակ մը՝ հեղինակին իմացական նկարագիրին կազմաւորման, կռանուած՝ հայկական միջազգային մեծերու ժանանգութեանց հաղորդակցութեան ու իրացման ճամբով: Իսկ հետեւոիղ էջերը ցոյց պիտի տան, որ Վազգէնը քայլ մըն ալ հեռու գացած է, փորձած է – ինչպէս կ’ընէ ոեւէ մտաւորական – ԲԱՆ ՄԸ ԱՒԵԼՑՆԵԼ եղածներուն վրայ: Իսկ արուեստագէտը, իրական արուեստագէտը ան չէ՞, որ եղած գիծերուն վրայ ի՛ր գիծը կ’աւելցնէ, նորութիւն կը բերէ…
Անցնինք ընտրուած յօդուածներուն եւ գրութիւններուն:
Նախ ընենք ընդհանուր հաստատում մը: Ճիշդ է, որ երեք բաժինները ունին տարբեր նկարագիր՝ գրական, գրախօսական-մշակութային եւ իմացական, սակայն ակներեւ է, որ բոլոր գրութիւնները բխած են նոյն միտքէն, կը կազմեն բարձրարժէք մտաւորականի մը յղացքներուն տարբեր փայլատակումները: Նոյնքան ակներեւ է, որ եթէ իմացականն ու զգացականը երբեմն կը քալեն կողք-կողքի, սակայն անվիճելի է, որ ՄԻՏՔը գրաւած է գերակշիռ, նախամեծար տեղ. եւ ահա հոս է որ էջ առ էջ կը ջրվիժեն հեղինակին մտածումներու յորձանուտները, ցոյց տալով, որ անոնք կը կազմեն հայելիները ՄՏԱԾՈՂ մարդու մը ներաշխարհին ու աշխարհընկալման, աւելի՛ն, ընթերցողն ալ կը մղեն ՄՏԱԾԵԼՈՒ, անկէ կը պահանջեն չբաւականանալ դէպքերու եւ որոշ վիճակներու թելադրած երեւոյթներով, մակերեսով, այլ իրեն պէս խորանալ անոնց մէջ, թափանցել ընթացիկէն անդին՝ հասնիլ խորքերը, ըստ կարելւոյն բանալ բազում ծալքեր: Պէտք չէ մտահան ընել, որ այս էջերը արարուած են – մեծ մասամբ – Լիբանանի տագնապին ահաւոր օրերուն, երբ օր աւուր ապրելու հեւքը կլանած էր բոլորը: Եւ ահա, այս էջերուն ընդմէջէն, Վազգէն մը ցոյց կու տայ, թէ ամէնէն դաժան ու տաժանելի պայմաններուն մէջ ալ, կարելի է միտք-կալուածը կենսունակ պահել, եւ սա բոլոր ժամանակներու եւ վայրերու սերունդներուն ուղղուած լուռ թելադրանք է ինքնին:
Ընդհանրութիւններու ծիրին մէջ, արձանագրենք այլ կէտ մըն ալ: Հեղինակը ունի վճիտ լեզու, մատուցումը կը կատարէ հաղորդական ձեւով, յաճախ կը դիմէ պատկերներու (ինչպէս պիտի ընէր գեղարուեստական գրականութիւն մշակողը), հոգ չէ թէ ընդհանրապէս կ’արծարծէ բարդ հարցեր:
Ինչպէս նշեցինք, հատորին առաջին բաժինը կ’ընդգրկէ հեղինակին գրական դիմագիծով կտորները: Հոս (նաեւ յաջորդ բաժիններուն մէջ), մենք մեզ կը գտնենք թակարդի մը դիմաց, այսինքն՝ տարուիլ իւրաքանչիւր կտորը առանձին-առանձին վերլուծելու, մեկնաբանելու փորձութեան՝ մտնելու իւրաքանչիւրի ծալքերուն մէջ…: Նման աշխատանք պիտի անցնի գործը նեղ սիւնակներով ներկայացնելու առաքելութենէն անդին: Ուրեմն, բաւականանք (առանց լիովին բաւարարուելու) միայն արձանագրելով, որ իրերայաջորդ կտորները կը ներկայանան պատմուածքանման դրուագներով, հոգեվիճակներ տարազող արտայայտութիւններով՝ ինքնապեղումով ու համամարդկային վիճակներ, հարցեր պեղելու ճիգով: Տեղ մը՝ ընթերցողը կը տարուի մտածելով, որ այս հեղինակը տարուած է Լեւոն Շանթի մէկ մտածումով, թէ՝ (մօտաւոր վերարտադրութիւն) մարդկային հոգին խուլ ու մութ ծալքեր, խորոջներ ունի, պէտք է պեղել եւ լոյսին բերել հոն ծուարած լաւն ու վատը: Նշանաւոր հոգեբաններ-հոգեբուժներ ալ ունին նման մօտեցում: Իսկ երբ այս հեղինակը կը յանդգնի – յաջո՜ղ կերպով – թափանցել այդ խորքերը, ան արդէն կը հասնի անձին, հաւաքականութեան եւ ազգին ու մարդկութեան գոյութենական հարցերուն քննարկման, վերլուծումին, գնահատումին: Այս իմաստով ալ, ան իբրեւ հա՛յ մտածող կ’արձագանգէ իրեն ժամանակակից կամ զինք կանխող՝ ականաւոր գոյութենապաշտներու ստեղծագործութիւններուն ու մտածումներուն, երբ իբրեւ նիւթ կ’ընտրէ անձնական մղումներ, երիտասարդական տագնապներ, տարբեր «մշակոյթներու» յորձանուտներուն մէջ բռնուած՝ նաւարկող էակ ու մտածող, որ պարաստ չէ «հագուելու» տիրող կաղապարները, այլ ըմբոստացող մըն է անոնց դէմ, մերթ ընթ մերթ դիմելով այլաբանութիւններու: Չի խուսափիր գրիչը մօտեցնելու իրեն ժամանակակից ալիքի մը՝ սեռայնութեան կաղամարին, սակայն անիկա կը կատարէ նուրբ ու, ինչպէս միշտ՝ մտքի գերակշռութեան տրամաբանութեամբ:
Երկրորդ եւ երրորդ բաժիներուն մէջ, նոյն մտաւորականն է, որ այս անգամ իբրեւ արտայայտութեան գործիք՝ ընտրած է գրախօսութիւնն ու մշակութային վիճակներու դաշտը: Հայեցակէտը միշտ նոյնն է (տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ), երբ նոյն ՄԻՏՔին ճառագայթումներուն մասին կը խօսինք: Նոր կամ ատեն մը առաջ լոյս տեսած գիրքի մը գրախօսականը չի մնար ընթացիկ ծանօթացումի եւ քննական ներկայացումի մը սահմաններուն մէջ, այլ առիթ են տարածուելու պատմութեան ու միտքի աշխարհներու անցեալին ու ներկային մէջ, առանց մոռնալու ապագան (եւ արդէն մտաւորականին կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ՝ ապագայատեսիլ ըլլալն է): Տուեալ հեղինակի մը գործին մէջ, այս հեղինակը կը փնտռէ – եւ կը գտնէ, մատնացոյց կ’ընէ – այլ մտածողներու, մարդուն մշակոյթն ու պատմութիւնը կերտողներու միտքի արգասիքները, կամուրջներ կը նետէ հայուն եւ օտարին միտքի աշխարհներուն միջեւ:
Իւրաքանչիւր խորագիրի տակէն հոսող պատումներն ու դիտարկումները ընթերցողին ունին հասարակաց պատգամ մը. «Տե՛ս, ես ու դուն աշխարհ չենք եկած կեանքն ու երեւոյթները, վիճակները միայն մակերեսէն դիտելու, այլ եկո՛ւր, ինծի հետ խորացիր հարցերու, ԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ իբրեւ թէ չերեւցող, աչքերէդ ու մտքի դաշտէդ (յաճախ սրաքովի) հեռու պահուող իրականութիւններու մէջ, ո՛չ թէ անպայման հոգեկան հանգստութիւն ունենալու, այլ իմանալու, տեսնելու եւ ընբռնելու, թէ ո՛ւր են անձդ ու մարդկութիւնը անհանգստացնող բաներուն արմատները»:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Վերի տողերով ու սիւնակներով, մենք փորձ ըրինք պարզապէս ճաշակ մը տալու, թէ ինչպիսի՛ արժէքաւոր հատորի մը առջեւ ենք, հատոր մը՝ որ հեղինակին անժամանակ մեկնումէն տասնամեակներ ետք ալ, կը յուշէ, թէ մեր կողքին եղած է – ու իր գիրին ճամով ալ կը մնայ – պատկառելի մտածող մը, որ կը լուսաւորէ հայութեան՝ սփիւռքեան եւ հայրենի հատուածներով՝ երկնակամարը:
Վերջին զգուշացում մը…: Նախ՝ այս տողերը պէտք չէ ընկալել այնպէս, թէ ասոնք բաւարար են հատորին խորքին ու նպատակին ծանօթացման: Որեւէ հատորի իսկական ծանօթացումը կը սկսի զայն կարդալով (յաճախ հոն չի վերջանար, անհրաժեշտ կ’ըլլայ մէկէ աւելի ընթերցում, տարիներ ետք վերադարձ՝ անոր էջերուն): Յետոյ, այս հատորը պէտք է կարդալ դանդաղօրէն: Ընթերցողը պէտք է ունենայ այն մօտեցումը, նախատրամադրութիւնը, թէ կանգնած է բազմաթիւ համադամներով բեռնաւորուած սեղանի մը առջեւ, իր վայելքը պիտի ըլլայ պատառ-պատառ համտեսել, իւրաքանչիւր պատառը լաւ ու երկար ծամել եւ հանգիստ մարսել, զայն հաղորդակից պահել իր էութեան: Վէպ չէ, թէեւ վիպական ու գեղարուեստական յատկանիշներ կան տեղ-տեղ: Մաս կը կազմէ գիրով արտայայտուած գործերու այն դասուն, որոնց ընկալումն ու ըմբոշխնումը կը պահանջեն, կը պարտադրե՛ն ԲԱՒԱՐԱՐ ժամանակ, իսկ անկէ քաղուած տպաւորութիւնները՝ մտածում, զգացում եւ շատ ու շատ բաներ, կը միաձուլուին մտածելու մղուող ընթերցողին մտքին ու հոգիին, կրնան բառացիօրէն չպահուիլ հոն, բայց իբրեւ ամբողջութիւն՝ անջնջելի հետք կը թողուն անոր էութեան մէջ:
Վերջապէս, նման յօդուածներու հաւաքագրումը՝ հատորներու մէջ, զանոնք «կ’ազատագրէ» օրուան մամուլի էջերուն մէջ բանտուած մնալու վտանգէն եւ մեր գրադարաններուն մէջ կը տեղաւորէ իբրեւ ժամանակ չճանչցող, ժամանակին հետ չմաշող արժէք:
hairenikweekly.com/?p=63016





