
Ուիթքոֆ. «Համաս Զինաթափումն Ու Վերջնական Զինադադարը Չընտրեց, Ուստի Այլընտրանքը Պատերազմի Շարունակութիւնը Դարձաւ»
24 ՄԱՐՏ 2025 – Ով քու արտաւնութեան պէտք ունի Ուիթքոֆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Համասը զինաթափելու եւ վերջնական զինադադար հաստատելու հարցը քննարկելու շարք մը առիթներ կային, սակայն Համասը զինաթափումն ու վերջնական զինադադարը չընտրեց, ուստի այլընտրանքը պատերազմի շարունակութիւնը դարձաւ»` աւելցնելով. «Կազայի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը ցաւալի է»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նպատակը Իրանի հետ հաղորդակցիլն է, եւ կարիքը չունինք ամէն ինչ լուծելու», նշեց Ուիթքոֆ:
«Մենք որոշ պայմաններու մէջ Իրանի դէմ զինուորական ուժ պիտի կիրարկենք, եթէ մեզի այդ մէկը կատարելու մղեն», յայտարարեց ան:
«Համասին ու Իրանին պատգամներ կ՛ուղղենք, որ միասնաբար նստինք եւ տեսնենք, թէ նպատակին դիւանագիտական ուղիով կրնա՞նք հասնիլ», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:
«Պատրաստ ենք Իրանի հետ դիւանագիտական ճամբով հասնելու մեր նպատակին, եւ եթէ չկարենանք, ապա այլընտրանքը լաւ ընտրանք մը չէ», ըսաւ Ուիթքոֆ:
«Իրանին չենք կրնար արտօնել հիւլէական սպառազինութեան տէր դառնալու ուղղութեամբ ընթանալ: Ատիկա անկարելի է եւ պիտի չպատահի», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակը:
ztagdaily.com/archives/644321





