
«Դարձուածք Դէպի Թուրքիա. Ինչո՞ւ ՆԱԹՕ-ը Պէտք Է Թեքի Իր Յարաբերութեան Մէջ»– ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
24 ՄԱՐՏ 2025 – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յարութ Չէքիճեան – Աշխարհաքաղաքական:
haroutchekijian.wordpress.com
Ռէնտ ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող ռազմավարական կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ռեպեքա Լուքըսի Rebecca Lucas (1) 18 Մարտ 2025-ի մեկնաբանութեան խորագիրն է վերոնշեալը (2):
«Թուրքիոյ հետ ՆԱԹՕ-ի գործընկերութեան խորացումը մտածելակերպի փոփոխութիւն կը պահանջէ: Եւրոպացի առաջնորդները պէտք է հրաժարին այն պատրանքէն, թէ՝ Թուրքիան բնաւ Արեւմտեան արժէքներով առաջնորդուող դաշնակից մը կրնայ դառնալ, որ Եւրոպան կը փափաքի: Փոխարէնը՝ անոնք պէտք է գործ ունենան Թուրքիոյ մը հետ, որ այսօր գոյութիւն ունի» -, կ՚ամփոփէ Լուքըս։

«Ձգտելով ամրապնդել պաշտպանութեան դիրքերը՝ Եւրոմիութիւնը կեդրոնացած է, իր ռազմական արդիւնաբերութեան ամրապնդման՝ ներքին արտադրութեան մէջ գումարներ թափելով, եւ համագործակցութեան խոչընդոտները նուազեցնելով: Թէեւ այս ներքին ներդրումը ճգնաժամային է, Եւրոմիութիւնը պէտք է նաեւ իր սահմաններէն դուրս դաշնակիցներ փնտռէ: Եւ ահա այդպիսի առանցքային գործընկեր մը, Թուրքիան՝ յստակ տեսադաշտին մէջ պահուըտած է:
«Վերջին օրերուն եւ շաբաթներուն լուրեր տարածուեցան, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը քննարկէ թուրք զօրքերու մասնակցութիւնը Ուքրայինայի խաղաղապահ ուժերուն։ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռութ քուլիսներու ետին արդէն կոչ կ՚ընէ խորացնել համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ:
«Թուրքիան միշտ Արեւմուտքի դիւրին դաշնակիցը եղած չէ: Էրտողան յաճախ օգտագործած է ՆԱԹՕ-ի իր երկրին անդամակցութիւնը, իբրեւ զիջումներ կորզելու լծակ՝ յետաձգելով համաձայնեցուած գործողութիւններ Լիպիոյ մէջ 2011-ին եւ կասեցնելով, օրինակ, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը դաշինքին։ Այս գործարքային մօտեցումը դժուար թէ փոխուի: Բայց ահա կարեւոր կէտը. Թուրքիան մեծ մասամբ յարգած է իր կնքած գործարքները: Իսկ Թուրքիան չունի քաղաքական կամ տնտեսական լծակներ՝ պարզապէս համաձայնութիւններէն հեռանալու համար:
«Աւելի՛ն, Թուրքիոյ հիմնական աշխարհաքաղաքական շահերը, եւ, կարելի է ըսել, միջազգային կայունութեան տեսլականը, կը շարունակէ համահունչ մնալ ՆԱԹՕ-ին հետ: Անգարան կարեւոր դեր խաղաց Ուքրայինայի աջակցելու, ռազմական օգնութիւն տրամադրելու եւ Մոնթրոյի ուխտը կիրարկելու, որ կը սահմանափակէ ռուսական ծովային ուժերու շարժումը Մարմարայէն: Ռուսիոյ հանդէպ Թուրքիոյ խոր անվստահութիւնը, որ կը բխի դարաւոր հակամարտութիւններէն եւ մրցակցութենէն, կը շարունակէ ձեւաւորել անոր ռազմավարական հաշիւները:
«Թուրքիոյ հիմնական աշխարհաքաղաքական շահերը եւ, կարելի է ըսել, միջազգային կայունութեան տեսլականը, կը շարունակեն ՆԱԹՕ-ին հետ համահունչ մնալ:
«ՆԱԹՕ-ի իւրաքանչիւր անդամ բանով մը իր իւրայատուկ ներդրումը ունի, եւ Թուրքիան բացառութիւն չէ: Ան կրնայ տրամադրել ռազմական զանգուած, զօրաւոր ռազմական արդիւնաբերութիւն եւ դիւանագիտական հասանելիութիւն եւրոպայէն դուրս: Ունենալով ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծ բանակը, Թուրքիան դաշինքին մեծ թիւով զինուորներ կրնայ տրամադրել, որ անգնահատելի գործօն է երկար սահմանները պաշտպանելու կամ առաջնագիծը պահպանելու: Թէեւ անոր զօրքերուն մէկ մասը ժամկէտային զինծառայողներ են, որ զանոնք կը դարձնէ նուազ մարտունակ, քան արհեստավարժ ուժերը, սակայն քանակը կը մնայ որոշիչ առաւելութիւն, ժամանակակից պատերազմներուն մէջ:
«Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութիւնը զգալիօրէն աճած է՝ օգտուելով տասնամեակներու ներդրումներէն եւ արուեստագիտական փոխանցումէն: Թէեւ թրքական արտադրութիւնը, ինչպիսին է Պայրաքտար TB2 անօդաչու թռչող սարքը, որ կրնայ մասնագիտականօրէն այդքան զարգացած չըլլալ, որքան իր արեւմտեան նմանները, ան ապացուցած է, իր գինին համեմատ՝ մարտի մէջ բարձր արդիւնաւէտութիւնը: Ուքրայինայի մէջ Թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն յաջողութիւնը առաւելութիւն է, արտադրուող զէնքին գինը, եւ ժամանակակից սակաւ այլընտրանքներուն դիմաց: Դարաշրջանի մը մէջ, ուր արագ մատակարարումը վճռորոշ է, Թուրքիոյ մեծաքանակ արտադրութեան կարողութիւնները ռազմավարական արժէք ունին:
«Բացի իր ռազմական ներդրումներէն, Թուրքիոյ դիւանագիտական, մշակութային եւ տնտեսական կապերը կը տարածուին Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ: Ի տարբերութիւն ՆԱԹՕ-ի իր եւրոպացի գործընկերներուն, Անգարան կրնայ գործ ունենալ այնպիսի ռեժիմներու հետ, որոնցմէ Պրուքսելը եւ Ուաշինկթընը կը նախընտրեն խուսափիլ: Անկախ անկէ՝ Թուրքիան կարեւոր հանածոներու հասանելիութիւն կ՚ապահովէ, ուժանիւթի առեւտուր կնքելով, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ ալ Չինաստանի հետ, որ կրնայ ՆԱԹՕ-ին կամուրջ ծառայել դէպի այն տարածաշրջաններ, ուր Արեւմուտքի վստահելիութիւնը սահմանափակ է:
« Թուրքիոյ հետ ՆԱԹՕ-ի գործընկերութեան խորացումը մտածելակերպի փոփոխութիւն կը պահանջէ: եւրոպացի առաջնորդները պէտք է հրաժարին այն պատրանքէն, թէ՝ Թուրքիան բնաւ Արեւմտեան արժէքներով առաջնորդուող դաշնակից մը կրնայ դառնալ, որ եւրոպան կը փափաքի: Փոխարէնը՝ անոնք պէտք է գործ ունենան Թուրքիոյ մը հետ, որ այսօր գոյութիւն ունի: Աւելի գործարքային յարաբերութիւններով իրապաշտ մօտեցումով մը, ուր ընդհանուր շահերը կը գերիշխեն գաղափարական ուղղութեան: Թուրքիան ինքզինք իբրեւ անկախ պետութիւն կը նկատէ եւ ոչ թէ ՆԱԹՕ-ի ենթակայ անդամ, եւ անոր ղեկավարները կը շարունակեն գործարքներ կնքել, որոնք լաւագոյնս կը ծառայեն իրենց ազգային շահերուն: Այս իրականութեան դիմադրելու փոխարէն, ՆԱԹՕ-ը պէտք է զայն օգտագործելու համար ուղիներ գտնէ:
«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կը ճշդուի ռազմավարական անկախ մօտեցումով: Թէեւ այդ կրնայ հիասթափեցնել ՆԱԹՕ-ի ղեկավարները, միեւնոյն ատեն, այդ կը նշանակէ, որ Անգարան դժուար թէ դառնայ Ռուսիոյ խամաճիկը: ՆԱԹՕ-ը փոխանակ Թուրքիան ճնշելու, պէտք է նշէ այն տարածքները, ուր Թուրքիոյ անկախութիւնը կը համընկնի Արեւմուտքի նպատակներուն, օրինակ՝ հակազդել Ռուսիոյ ազդեցութեան Սեւ ծովուն եւ Սուրիոյ մէջ:
«ՆԱԹՕ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ամենամեծ խոչընդոտներէն մէկը՝ եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցն է։ Ո՛չ ոք լրջօրէն կը հաւատայ Թուրքիոյ անդամակցութեան եւրոմիութեան, սակայն, կողմերէն ո՛չ մէկը կ՚ուզէ այս իրողութիւնը պաշտօնապէս ընդունիլ: Այս անորոշութիւնը դժգոհութիւն կը պատճառէ։ Ոչ մէկ տեղ տանող դիւանագիտական այս պարը շարունակելու փոխարէն, ՆԱԹՕ-ի առաջնորդները պէտք է ընդունին իրականութիւնը: Թուրքիոյ ապագան եւրոպայի հետ սերտ, բայց անկախ գործընկերութեան մէջ է, ինչպէս Զուիցերիոյ, Նորվեկիոյ կամ (աւելի շատ) Միացեալ Թագաւորութեան պէս:
«Թուրքիան իտէալ դաշնակից չէ, սակայն այժմու աշխարհաքաղաքական մթնոլորտին մէջ իտէալ դաշնակիցներ ունենալը շքեղութիւն է, որ ՆԱԹՕ-ը չի կրնար ապահովել: Անգարայի ժողովրդավարական ետքայլը, մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ Ռուսիոյ հետ սիրախաղը անհերքելի լարուածութիւն կը ստեղծեն: Սակայն Թուրքիան կը մնայ կարեւոր դերակատար ռուսական նախայարձակումին հակազդելու, Սուրիոյ մէջ կայունացման եւ ՆԱԹՕ-ի համաշխարհային հասանելիութեան ընդլայնման գործին մէջ:
«Պաշտպանութեան եւրոպական վերջին բանակցութիւնները, որոնք կը ներառէին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, կը վկայեն, որ նոր թափ ստացած է: Այժմ ՆԱԹՕ-ը պէտք է օգտագործէ այս հնարաւորութիւնը՝ վերաիմաստաւորելու իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ոչ թէ իբրեւ դժկամող գործընկեր, այլ որպէս անփոխարինելի մը»: Վերջ:
Ընդհանուր առմամբ իրատեսական է այս վերլուծումը, սակայն նախավերջին պարբերութեան՝ «Սուրիոյ մէջ կայունացման եւ ՆԱԹՕ-ի համաշխարհային հասանելիութեան ընդլայնման գործին մէջ» հաստատումը երկու հակասական միտքեր կը պարունակեն: Բոլոր աշխարհը կը վկայէ, որ Թուրքիան էր Սուրիոյ ապակայունացման ետին կանգնողը: Երկրորդը՝ ՆԱԹՕ-ը, որ Հիւսիսային Ատլանտեանի դաշինք է, ի՞նչ գործ ունի «համաշխարհային հասանելիութեան ընդլայնում» ապահովելու մէջ, եւ Թուրքիան ալ անդամ ունենալով: Կա՛մ թող մնան Հիւսիսային Ատլանտեանի ծիրին մէջ, կա՛մ ալ պէտք է անուննին փոխեն, համահունչ մնալով իրենց իրական նպատակին եւ կատարածին հետ:
Վերջապէս, Ռէնտ կեդրոնի 2019 Ապրիլի ուսումնասիրութեան՝ Ռուսիան տկարացնելու ռազմավարական թելադրանքներուն (3) բոլոր 6-ը գործադրուեցան, ներառեալ Արցախի կորուստը: Տես՝ «Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան» (4), 23 հոկտեմբեր 2020-ի յօդուածս, ուր նշուած են 6 թելադրանքները եւ այժմ անոնց գործադրութիւնը.
- Ուքրայինայի մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել: (ԱՅՈ) ձախող:
- Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել: (ԱՅՈ) յաջող:
- Պելառուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել: (ԱՅՈ) ձախող:
- ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ: (ԱՅՈ) յաջող:
- Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել: (ԱՅՈ) ձախող:
- Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան: (ԱՅՈ) յաջող:
Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու տեղեկագրերուն իրազեկ դառնալը եւ դիւանագիտական ու ռազմական նախապատրաստութիւնը առաջնահերթութիւն են, արագօրէն փոխուող աշխարհաքաղաքականութեան մէջ:
- https://www.rand.org/about/people/l/lucas_rebecca.html
- https://www.rand.org/pubs/commentary/2025/03/turning-towards-turkey-why-nato-needs-to-lean-into.
- https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/10/23/արցախը-զոհ-միացեալ-նահանգներու-ռազմա/
hairenikweekly.com/?p=63471





