
Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցին, շուտով պիտի յայտարարէ սրբադասումը Մարտինի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Հայր Իգնատիոս Մալոյեանին
05 ԱՊՐԻԼ 2025 – Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցի
Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցին, որ ունի մօտ 1.4 միլիառ հետեւորդ աշխարհի տարածքին, շուտով պիտի յայտարարէ սրբադասումը Մարտինի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Հայր Իգնատիոս Մալոյեանին, զոր թուրքերը սպանեցին 11 Յունիս 1915-ին:
Պապը արդէն իսկ ստորագրած է համապատասխան փաստաթուղթը սրբադասման մասին:
Մալոյեանի սպանութիւնը մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան:
Ըստ վկայութիւններուն, Մալոյեան մերժած է կեանքը փրկելուն ուղղուած թուրք զինուորականներուն առաջարկը հաւատափոխ դառնալու վերաբերեալ, նախընտրելով նահատակութիւնը:
https://www.facebook.com/photo/?fbid=10164568080007437&set=a.10150158418812437





