05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է պատմաբան, հասարակագէտ եւ գրող Քազըմ Կիւնտողանի «Վանականի թոռները.
Տերսիմահայեր-1» գիրքին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Evrensel.net» կայքը։
Գիրքը կը պատմէ 1895-ի հայերու կոտորածներուն, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Մասնաւորապէս, օրինակներով ու փաստերով կը ներկայացուին Տերսիմի հայ բնակչութեան գոյքի իւրացման, հայոց լեզուի, կրօնի, մշակոյթի ոչնչացման փորձի, իրենց պատմական հայրենիքէն վտարման մասին:
Կիւնտողանը գիրքին մէջ կ՝անդրադառնայ այն հանգամանքին, որ ցեղասպանութեան ժամանակ տերսիմահայերուն մեծ մասը իր կեանքը փրկելու համար հարկադրուած եղած է հրաժարելու իր կրօնէն, ունեցուածքէն, հասարակական դիրքէն:
«Երբ տերսիմահայերը վերադարձած են, պարզուած է, որ իրենց նախկին բանուորները տիրացած են իրենց ունեցուածքին:
Ուստի ստիպուած եղած են վարձու աշխատող դառնալ իրենց պատկանող հողերուն վրայ»,- նշուած է գիրքին մէջ:
Այնտեղ նաեւ տեղ գտած են 1937-38 թուականներուն Տերսիմի կոտորածներու ժամանակ ողջ մնացած Վանք եւ Զիմէք գիւղերու քրիստոնեայ հայերու պատմութիւնները: Կիւնտողանը կը վկայէ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Տերսիմի մէջ կանգուն մնացած միակ ուխտատեղին` Հալուորի Սուրբ Կարապետ վանական համալիրը, այդ տարիներուն աւերուած է ռմբակոծութեան հետեւանքով:
Նշենք, որ Քազըմ Կիւնտողանը հեղինակն է նաեւ «Երկու բուռ մեղք. Տերսիմի կորած աղջիկները: Աղջիկներու կոտորածը» (“İki Tutam Suc. Dersimin Kayıp Kızları. Tertele Cenequ”) եւ «Հայ-վայի ժամանակը» (Hay vay zamanı) փաստավաւերագրական ժապաւէնի: Վերջինս 2013-ին տեղի ունեցած Անթալիայի 50-րդ միջազգային «Ոսկէ նարինջ» փառատօնին արժանացած է ժիւրիի յատուկ մրցանակին:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com