Տեսակէտ
«Կայսերական» Փութինը, Սուրիան Եւ … Հայկական Կողմը Դիտարկում
Պարոյր Աղպաշեան,
Պէյրութ, 13 Դեկտեմբեր 2011
Ռուսական գործօնին ազդու ներգործումը ու ներխուժումը, յատկապէս իր ռազմաօդային գերարդիական օդանաւացանցով, սուրիական տագնապը դուրս կը հանէ իր շուրջ հնգամեայ աւազախրումէն ու զայն կը զետեղէ կամ կ’առաջնորդէ բոլորովին դէպի նոր հունաւորում ու բեւեռացում:
Բոլոր արտաքին կողմերը, որոնք Սուրիան փորձեցին (ու կը փորձեն) բզքտել եւ ահաբեկել, մասնահատել ու քարտէսափոխել, իրենց դրամագլուխով, զինամթերքով, վարձկաններով, գործակալներով եւ ոճրագործներով, այսօր, իրենք զիրենք կը գտնեն դժոխքի մէջ:
Ամերիկան, Թուրքիան, Արեւմուտքը, Սէուտական Արաբիան, որոնք դարձան «տաէշ»ականներու «սննդառութեան» աղբիւրները, արդէն կը զգան, թէ ահաբեկչութեան այդ չարիքները սկսած են դարպասել իրենց դռները:
Արդեօք անոնք կարիք ունէի՞ն այդ «վիշապ»ը աճեցնելու, երբ արեւու նման յստակ էր, թէ անիկա ոչ առողջ, ոչ ալ շինիչ ընդդիմութիւն էր, հետեւաբար, ինչո՞ւ այդ հաւկուրութիւնը, անհեռատեսութիւնը եւ խակութիւնը:
Չհամոզուեցա՞ն թէ այդ աճպարարութեամբ կարելի չէ վարչակարգ փոխել ու նախագահ տապալել, բռնօրէն շարունակելով զօրավիգ կանգնիլ ահաբեկչական վոհմակներու, որոնց միակ նպատակն էր թալանը եւ աւերը, մարդորսութիւնը ու մարդամորթումը, իսլամ թէ քրիստոնեայ աղօթատեղիներու բռնապայթումները եւ անոնց ծառայողներու առեւանգումը:
Եւ յանկա՜րծ… որոշում կ’առնուի «տաէշ»ականները հաշուեյարդարի ենթարկել, սակայն, այնքան անլուրջ, անզուսպ եւ անհեթեթ ռազմավարութեամբ, որ ոչ մէկ դրական հետեւանք ունեցաւ, բացի ցուցադրական եւ անշօշափելիական խաբուսիկ նկրտումներէ, որովհետեւ ահաբեկիչներուն զինական, նիւթական ու վարձկանական առաքումները շարունակուեցան, մասնաւորաբար թրքական սահմաններէն, թոյլատո՜ւ պայմաններու գոյառումով:
Ռուսիա, որ սուրիական տագնապի ծագումէն ի վեր, անմիջական դերակատար էր, որպէս բանակցող ու համակարգող՝ հակամարտողներու միջեւ, այլեւս ժամանակը յարմար նկատեց ուղղակի միջամտելու ու հակազդելու՝ «տաէշ»ական եւ ընդհանրապէս ծայրայեղական-արմատականները հարուածելու:
Այս հատու քայլը կը բացատրուի անով, որ ամերիկեան-արեւմտեան պետութիւնները ոչ մէկ կտրուկ միջոցի դիմեցին՝ մէկ կողմէն, իսկ «տաէշ»ականներու տարածքային ընդարձակումը սկսաւ վնասել ռուսական շրջանային շահերուն՝ միւս կողմէն:
Ակներեւ էր, որ Ամերիկա-Սէուտական Արաբիա-Թուրքիա-Քաթար առանցքը, որ յաւակնութիւն ունէր շրջանին մէջ դառնալու տիրող ուժ, այլապէս ալ չեզոքացնելու կամ տկարացնելու ռուսական ներկայութիւնը, այս վերջնոյն համար անհանդուրժելի էր, հետեւաբար, անհրաժեշտ էր, աւելի զօրաւոր առանցք մը կազմել, Ռուսիոյ, Իրանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի մասնակցութեամբ:
Մոսկուայի համար կենսական էր այս իրագործումը, որովհետեւ՝
ա. Միջերկրական ծովու մէջ («տաք ջուր»եր) մնալու ու հասնելու անհրաժեշտութիւնը անսակարկելի եւ անհպելի է, որ ցարական կայսրութեան ժամանակաշրջանէն սկսեալ գործադրելի դառնալու պահանջք էր:
բ. Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, ռուսական զինուորական կայաններու («պազա») պաշտպանութիւնն ու պահպանումը հրամայականութիւն են:
գ. Սուրիոյ մէջ, այս կամ այն մարզին մէջ գործող ռուս քաղաքացիներու եւ ընդհանրապէս ռուս հպատակներու տէր կանգնիլը պետական պարտաւորութիւն է:
դ. Արեւմուտք-Ամերիկա եւ Ռուսիա հակամարտութեան մէջ, ցոյց տալու իր հզօրութիւնը եւ իր շահերը պաշտպանելու իրաւունքը:
Ի դէպ, «Պաղ պատերազմ»ի վերացումէն ետք, համաձայնութիւն մը գոյացած էր, այն սկզբունքով, որ Սովետական Միութիւնը եւ Արեւելեան Եւրոպան պիտի հրաժարէին Վարշաւիոյ ուխտէն, իսկ Ամերիկան եւ Արեւմտեան Եւրոպան՝ ՆԱԹՕէն:
Առաջինը գործադրեց իր խոստումը, իսկ երկրորդը՝ ոչ, ընդհակառակը՝ աւելի զօրացուց եւ ընդլայնեց, նորեր ներգրաւելով, ընդհուպ Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններէն, յայտնապէս Ռուսիան մեկուսացնելու եւ անկիւնաւորելու դիտաւորութեամբ (յիշել Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ օրինակները):
Նախագահ Վլատիմիր Փութինի յանդուգն նախաձեռնութիւնը՝ մուտք գործելու Սուրիա, նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր վարչակարգը պաշտպանելէն շատ աւելի հեռու է. միջազգային վարչակարգ մը հիմնել, իր զօրակից-գործակից պետութիւններով:
Ի զարմանս Ուաշինկթընի, Փութին՝ հանուր աշխարհին հաստատեց, թէ իր հետ կարելի չէ վերաբերիլ «երրորդ աշխարհ»ի տրամաբանութեամբ, այլ՝ կայսերական հզօրութեամբ, որուն հետ կարելի չէ խօսիլ «պատժամիջոց»ներու սպառնալիքով:
Ինչ կը վերաբերի հաւասարակշիռ ուժեր կազմելու ընտրանքին, ռուսական կողմը համաձայն է, որ սուրիական հարցը լուծուի քաղաքական երկխօսութեամբ, որուն իր մասնակցութիւնը բերէ առողջ ու դրաշէն ընդդիմութիւնը, նախագահ Պաշշար Ասատի անխուսափելի ներկայութեամբ:
Աւելին՝ ռուսական կողմին համար, Միջին Արեւելքի մէջ գծուած նոր քարտէսը, հիմնուած նոր դաշնակիցներու վրայ, նախագահ Ասատի մասնակցութիւնը է՛ բացարձակ անհրաժեշտութիւն մը, քանի որ անիկա տակաւին ունի իր ժողովրդականութիւնը ու պետականութեան հանգամանքը:
Փութինի կարծր եւ անզիջող դիրքը կը հիմնաւորուի նոր դաշնակիցներու ձեւաւորումի գործընթացով, որուն դաշտը Դամասկոսն է, երկրի նախագահին ղեկավարութեամբ, իսկ որեւէ բացառում կամ անտեսում անկէ, Փութինին համար կրնայ ըլլալ… վարկաբեկում:
Բնական է, Փութինեան քաղաքական ու զինուորական ծանրակշռութիւնը, ոչ միայն հաշտ աչքով չի դիտուիր հակադիր ճակատէն, այլեւ՝ խոր մտահոգութեամբ, որովհետեւ նժարը ուժգնօրէն հակած է ռուսական ուղղութեամբ:
Ամերիկան, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Քաթարը, փաստօրէն, «պարտուած» ելան այս արագընթաց հոլովոյթներէն.
– Ամերիկան «ձեռնունայն» պատերազմ մը մղելով, արդէն հիմնական որոշիչ կողմ մը ըլլալէ ինքզինք զրկեց: Թերեւս ալ աւելի չմխրճելով ինքզինք նոր տիղմի մը մէջ, ինչպէս՝ Իրաք եւ Աֆղանիստան, առաւել՝ գերզբաղած ըլլալով իր նախագահական մօտալուտ ընտրութիւններով:
– Թուրքիան իր ներքին խլրտումներով եւ ապակայունացումներով կլանուած է, յատկապէս քրտական շարժումները զինք նեղելով, մինչ Էրտողանի ձախաւերութիւնները կացութիւնը աւելի կը մթագնեն:
– Սէուտական Արաբիան կը փորձէ «ընդունելի» ելք մը գտնել, մանաւանդ որ ահաբեկչական թաթերը սկսած են իրեն եւս անհանգստացնել:
– Քաթարը, իր հերթին, հակառակ իր չարամտական ու խափանարարական քարոզչութիւններուն, անհամբեր է ազատելու սուրիական տագնապէն:
Առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով ու մեկնաբանութիւններով, մօտաւորապէս այս է պատկերը ամբողջ շրջանին, որ կրնայ միայն յուսադրական ու մխիթարական հաւանական հանգրուանի մը հասցնել Միջին Արեւելքը, ամենէն առաջ սուրիական տագնապին յարմարագոյն լուծում մը գտնելու հեռանկարով:
***
Այս բոլորին ընդմէջէն եւ զուգահեռ, պէտք չէ մոռնալ, որ նախագահ Փութին, ինքզինք եւ իր պետութիւնը աւելի զօրացուցած եւ ամրացուցած է, Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններէն՝ Պելոռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ղազախստանի դաշնակցութեամբ, որոնք լայն ու խոր համագործակցութեան կորիզ մը կազմած են, մեկնելով թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու առաջադրանքներէն, թէ՛ իրերօգնութեան ծրագիրներու յաջողութենէն:
Ուշագրաւ է Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը այս համախմբումին, որ թէեւ նորութիւն չէ, բայց, յատկապէս ա՛յս հանգրուանին եւ քաղաքական-ռազմական նոր դէպքերու զարգացումի լոյսին տակ, ան եւս պիտի ունենայ իր համապատասխան բաժինը:
Հասկնալի եւ ընդունելի պէտք է նկատել նախագահ Սերժ Սարգսեանի գործօն մասնակցութիւնը այս համաժողովին, որպէս աւանդական եւ պատմական բարեկամ պետութեան մը դաշնակից, որուն շահերը, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, կը պահանջեն նման մերձեցում մը, փոխգործակցութիւն մը, սերտակցութիւն մը:
Այլընտրանք կարելի՞ էր երեւակայել, բացի Հայաստանը տեսնելու այս պարունակէն ներս, ուր հասարակաց կողմերը (միջպետական, միջժողովրդային, միջյարաբերական, նոյնիսկ… լեզուական՝ ռուսերէն) իրար կ’ամբողջացնեն:
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (54) Յունուար 2016