Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Անդրադարձաւ Վարչապետ Փաշինեանի Հրահրած Հակաեկեղեցական Արշաւին

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Անդրադարձաւ Վարչապետ Փաշինեանի Հրահրած Հակաեկեղեցական Արշաւին

04 ՅՈՒՆԻՍ 2025 – Երբ այս անպէտք աւանակ վարչապետը պաշտօնազուրկ պիտի ըլլայ:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովին անդրադարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջին օրերուն հրահրուած հակաեկեղեցական ամօթալի արշաւին:

Այդ կապակցութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` նշելով. «Հայաստանի վարչապետը պետական այրին անյարիր բառապաշարով, վիրաւորանքներով եւ մեղադրանքներով հերթական արշաւը սկսած է ընդդէմ Հայաստանեայց առաքելական աուրբ եկեղեցւոյ` օրէնքէն վեր դասելով իր անձը: Հայհոյախառն, անվայել խօսոյթներով յախուռն հրապարակումները զուրկ են բարեկրթութեան տարրական կանոններէն, կ՛ոտնահարեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, կոպտօրէն կը վիրաւորեն հաւատացեալներու կրօնական զգացմունքները եւ կը սքողեն կեղծ սրտցաւութեան հիմնաւորումներով»:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ընդգծած է. «եկեղեցամարտ այս կեցուածքը ակնյայտօրէն թելադրուած է քաղաքական նպատակներով եւ փորձ է նսեմացնելու ազգային կեանքին եւ միջազգային շրջանակներուն մէջ յարգանք վայելող Հայոց եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու հեղինակութիւնը, լռեցնելու եկեղեցւոյ ձայնը եւ նուազեցնելու անոր հանրային ազդեցութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարի հակաեկեղեցական պահուածքը, ազգային արժէքներու եւ եկեղեցւոյ դէմ նախաձեռնած գործընթացները յղի են կործանարար հետեւանքներով եւ սպառնալիք` հայոց պետականութեան, մեր ժողովուրդի միաբանութեանը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ»:

Խորհուրդը նշած է, թէ «այսպիսի գործողութիւնները կը պառակտեն հասարակութիւնը, կը տկարացնեն ազգի ոգին եւ հայրենանուիրումի բարձր գիտակցութիւնը յատկապէս առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ»:

«Նման դատապարտելի ձեռնարկումները կը սպասարկեն արտաքին հայատեաց ուժերու նկրտումներուն` որոշակիօրէն կապակցուելով ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայ եկեղեցւոյ ուղղուած զրպարտութիւններուն եւ կեղծ մեղադրանքներուն հետ: Հայոց եկեղեցին, գիտակից իր յանձնառութիւններուն, անշեղօրէն պիտի շարունակէ հոգեփրկչական եւ ազգապահպան առաքելութիւնը` ընդդիմանալով ազգավնաս ու կործանարար ընթացքներուն եւ մշտապէս հետամուտ ըլլալով պետութեան ու ազգի գերակայ շահերուն, մեր սրբազան արժէքներու պաշտպանութեան»:

Եկեղեցւոյ հարցերը, ըստ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի տարածած յայտարարութեան, կը լուծուին եկեղեցական կարգերու ու կանոններու համաձայն եւ դուրս են պետական եւ քաղաքական գործիչներու իրաւասութենէն. «Հայաստանեայց առաքելական աուրբ եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն է իր հաւատացեալ զաւակներով եւ զինուորագրեալ հոգեւորականներով` գլխաւորութեամբ ազգընտիր Ամենայն հայոց հայրապետը»:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ ուղղած է իրաւասու պետական մարմիններուն` «կասեցնելու վարչապետի այս անօրինական եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը»:

«Հարկ չկայ եկեղեցին ներքաշելու արհեստական օրակարգերու մէջ եւ մղելու հակադարձման գործողութիւններու: Այս նոր փորձութեան դէմ յանդիման կը յորդորենք մեր սուրբ եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներուն ըլլալ միաբան ու միասնական, առ հայրենին եւ սուրբ եկեղեցին հաւատարմութեամբ ու զօրեղ հաւատքով յաղթահարել մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները եւ երբեք թոյլ չտալ մեր ազգային հիմնասիւներուն սասանումը: Թող այս մերժելի մեքենայութիւնները պատճառ չդառնան հիասթափութեան եւ գայթակղութեան», նշած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը:

Իշխանութիւն – եկեղեցի լարուածութեան նոր փուլը սկսաւ, երբ վարչապետը կառավարութեան նախանցեալ նիստին պնդեց, թե եկեղեցիները` «խորդանոցներու (անպէտք իրերու կուտակման վայրերու) վերածուած են»: Անոր արձագանգեցին քանի մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ապա հետեւեցան վարչապետի գրառումները հոգեւորականներու կուսակրօնութեան մասին:

aztagdaily.com/archives/650461

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail