ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Արդեօ՞ք միամտութիւն է հաւատալ որ քրտական հարց գոյութիւն ունի, թէ պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ տեսնել իրականացուող նոր քարտէսը Միջին Արեւելքի, ուր յստակ եւ պայծառ կերպով կը տեսնուի ապագայ նոր Քիւրտիստանի մը լայնատարած պատկերը, խարսխուած եւ ամրացուած՝ հերոս մարտիկներու եւ նահատակներու արիւնով:
Քրտական հարցի մը անժխտելի ներկայութիւնը, ժողովուրդի մը՝ պետութիւն մը ունենալու իրաւունքին դրսեւորումը տեսանք միայն Սեւրի դաշնագրի կնքման նախօրեակին: Այդ դաշնագիրով Թուրքիոյ տարածքին վրայ պիտի ստեղծուէր ինքնավար Քիւրտիստան մը, որ իրաւունք պիտի ունենար տարի մը ետք անջատուելու Թուրքիայէն եւ ստեղծելու անկախ պետութիւն մը: Դժբախտաբար այս բոլորը մնացին թուղթի վրայ եւ երազի նման ցնդեցան եւ թաղուեցան պատմութեան փոշիին տակ:
Լախտի վերջին հարուածները եկան զարնելու 1921-ի Լոնտոնի խորհրդաժողովը եւ 1923-ի Լոզանի համաձայնագիրը:
Երկու ժողովներն ալ քրտական հարցը նկատելով որպէս «Թուրքիոյ ներքին հարց՝» կարեւորութիւն չընծայեցին եւ նոյնիսկ արժանի չգտան յիշատակութեան: Հակառակ այս բոլոր իրողութեանց՝ քիւրտեր անգամ մը եւս հաւատացին Մուսթաֆա Քեմալի կեղծ խոստումներուն եւ անխնայ կոտորուեցան եւ տարագրուեցան հազարաւոր գիւղերէ` դէպի անծանօթ վայրեր:
Այսօր սակայն քրտական հարցը կը գտնուի դէմ յանդիման աւելի բարդ քաղաքական կացութեան մը առջեւ, որովհետեւ մօտաւորապէս 20-25 միլիոն քիւրտեր կ’ապրին Թուրքիոյ տարածքին վրայ, նոյնքան մը եւս կ’ապրին Իրաքի հիւսիսային բաժնի, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան բաժնի, ինչպէս նաեւ նաեւ Պարսկաստանի հիւսիս-արեւմտեան բաժնի մէջ: Դրացի երկիրներու քաղաքական հարթակի վրայ գտնուող անբարեացակամ եւ պատերազմական մթնոլորտին մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ ի մի հաւաքել այս բոլորը եւ ստեղծել անկախ պետականութիւն, շրջանցելով գերպետութեանց քաղաքական եւ նիւթական շահերը:
Բարեբախտաբար նոր սերունդ մը յառաջ եկած է, որ քաջութիւնը ունի բարձրաղաղակ գոչելու.
«Մենք արդէն ո՛չ թէ պիտի պահանջենք, այլ պիտի կառուցենք ինքնավար Քիւրտիստանը:» Այդպէ՛ս կը յայտարարէ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահներէն՝ Սապահաթ Թունջել, որ իր «ոգեւորութիւն»ը չկարենալով զսպել, մեղադրած է Թուրք պետութիւնը դիտաւորեալ կոտորածներ սարքելու յանցանքով:
Այս բոլոր իրողութեանց քաջատեղեակ ըլլալով, ինչո՞ւ լուռ է հայութեան, նամանաւանդ Արեւմտահայութեան ղեկավարութիւնը, որուն հազարամեայ պապենական հողերը կրնան նոր Քիւրտիստանի կարեւոր մէկ բաժինը դառնալ:
Անտարակուսելի է որ պատմական Արեւմտհայաստանի մէջ ապրող քիւրտերուն այս քաղաքական զարթօնքը անպայման իր անդրադարձը պիտի ունենայ ամբողջ սփիւռքահայութեան պահանջատիրութեան արդար դատին վրայ:
Աննպատակ է այլեւս խօսիլ թուրք մամուլին մէջ լոյս տեսած թուրքական պետութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն մասին, թէ «քրտական հարց գոյութիւն չունի, այլ միայն կայ հայկական հարց»: Այս մասին մանրամասնօրէն անդրադարձած ենք անցեալին՝դաւանափոխ քրտացած հայերու մասին մեր գրած նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարդալ՝ http://vanagan.com/2015/08/23/քրտական-հարց/
Այսօր ո՛չ միայն թուրքական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ քրտական հարցի կարեւորութեան մասին, այլ եւ միջազգային մամուլը լայն տեղ կ’ընծայէ իր էջերուն մէջ, եւ Անատոլուի (Արեւմտահայաստանի) քիւրտերուն փրկութիւնը կը տեսնէ նոր ստեղծուելիք Քիւրտիստանի մը մէջ, հակառակ այ՛ն իրողութեան որ Թուրքական պետութեան քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է, թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս, պարտութեան մատնել քրտական ապստամբութիւնները եւ չեզոքացնել անկախութեան առաջնորդող քաղաքական բոլոր խաղաքարտերը:
Նկատի ունենալով որ հայկական հողային պահանջատիրութեան հարցը միախառնուած եւ միաձուլուած է քրտական հարցին, կրկնակի աջալրջութեամբ պէտք է աշխուժացնենք մեր քաղաքական մարտավարութեան գործունէութիւնը ո՛չ միայն արտասահմանի մէջ, այլ նոյնինքն մեր պատմական հողերուն վրայ:
Հետեւաբար՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ սփիւռքահայերուս մարտավարութիւնը, եւ ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի տանինք այժմէն՝ մեր կապերը սերտացնելու համար քիւրտ ղեկավարութեան հետ, եւ ի՞նչպիսի ակնկալիքներ կրնանք ունենալ մեր հայրենի պետութենէն իբրեւ մեր հողային պահանջատիրութեան ռահվիրան, անկախ այն իրողութենէն որ ան պաշտօնապէս բազմիցս յայտարարած է թէ ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն: Արդեօ՞ք նոյնը պիտի յայտարարէ, երբ Արեւմտահայստանի հողային տարածքները մտնեն նորաստեղծ Քիւրտիստանի մէջ:
Այսօր Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են գերպետութիւններ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, եւ տակաւին ուրիշներ, որոնք իրենց քաղաքական հաշիւներէն ելլելով նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով նոր քարտէսի մը նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ են: Պատմութենէն բան մը չսորվեցա՞նք, թէ անհրաժեշտ է աթնցնել Խրիմեան Հայրիկը իր յաւիտենական հանգիստէն, որպէսզի անգամ մը եւս յիշեցնէ մեզի թուղթէ շերեփին պատմութիւնը:
Երկու ճակատներու վրայ պէտք է աշխատանք տանիլ.-
Առաջին՝ սերտ կապեր ստեղծել եւ աջակցիլ զանզան ճակատներու վրայ (քաղաքական, զինուորական, տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային) քրտական պայքարին:
Երկրորդ՝ աշխուժացնել Արեւմտահայաստանի քրտացած հայերուն վերահայացումը եւ անոնց ճակատագրի հարցը առաջնահերթութիւն նկատել մեզի համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, թէ քրտացած հայերու հսկայական ներոյժը, որ իր «զարթօնքը» կ’ապրի այսօր, պէտք չէ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան մատնուի մեր կողմէ: Արդէն իսկ բողոքներ կը լսենք Տիգրանակերտէն, թէ արտասահմանի հայութիւնը մասնաւորաբար՝ անտարբեր է իրենց արմատներուն վերադառնալ ուզող արենակիցներուն նկատմամբ եւ Տիգրանակերտը իր Ս. Կիրակոս Եկեղեցիով կը նկատէ որպէս լոկ զբօսաշրջիկութեան վայր: Կ’արժէ դիտել հետեւեալ տեսաերիզը համոզուելու համար թէ որքանով անհաղորդակից ենք անոնց հոգեւոր եւ մշակութային կարիքներուն. https://www.youtube.com/watch?v=xUr4rox2R_4 :
Արդեօ՞ք պէտք կայ յիշեցնելու որ տակաւին մնայուն հոգեւոր հովիւ մը չունի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու որ Պոլսոյ մեր նուիրապաետական Աթոռը ո՛չ մէկ կարեկցութիւն կամ հոգածութիւն ցոյց կու տայ Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Առաջնորդական Աթոռի վերածելու եւ աշխուժացնելու շրջանի քրտացած հայերուն վերահայացման աշխատանքը իր լայն հասկացողութեամբ:
Ա՛յս է իսկական Հայ Դատի աշխատանքը: Ա՛լ կը բաւէ մեր ներոյժը սպառենք ապարդիւն գործունէութեանց մէջ, նամանաւանդ ճանաչում ապահովելու հիւանդագին աշխատանքին մէջ: Այսուհետեւ ինքնաշոյանքով չխրախուսուինք եւ չուրախանանք որ այսինչ կամ այնինչ նահանգը, քաղաքը, արուարձանը կամ գիւղը հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է: Հեռո՛ւ այլեւս ինքնախաբէութենէ: Լծուինք լուրջ աշխատանքի, նամանաւանդ երբ մեր հողերը կորսնցնելու անմիջական վտանգին առջեւ կը գտնուինք:
Անխորտակելի ազգային շարժումի պէտք է վերածենք մեզի ներկայացող այս առիթը եւ համազգային միացեալ աշխատանքով յաղթահարենք մեր առջեւ ցցուած բոլոր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական խոչընդոտները: Վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ: Հերթը մի պահ քոնն է հիմա….արթնցիր ո՜վ իմ Հայ ժողովուրդ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
27 Դեկտեմբեր 2015
Լոս Անճէլըս
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (54) Յունուար 2016