ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

desaged5405-ngar
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Տեսակէտ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

2015 թուականը անգամ մը եւս համայն աշխարհին լսելի դարձուց 20րդ դարու սկիզբին թուրք պետութեան կողմէ գործադրուած առաջին ցեղասպանութիւնը իր ամբողջ ահագնութեամբ: Պատմական մեր հողերու բռնազաւթումով, մէկուկէս միլիոն մարդկային անդառնալի կորուստով, հայ գիր ու գեղարուեստի մարզէն ներս ստեղծարար մարդուժի անողոք կոտորածով, արեւմտահայութեան միայն մէկ-երրորդը կարողացաւ վերապրիլ ու եղաւ անհող եւ անհայրենիք ժողովուրդ համայնակուլ սփիւռքի տարածքին:

Սակայն տարագիր Հայը ո՛ւր որ ալ բնակութիւն հաստատեց, իր սրտին մօտ պահեց արեւմտահայերէնը, հայ լեզուն, գրականութիւնն ու գեղարուեստը: Դարադարձին՝ իր թուաքանակը տասնապատկեց եւ աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ զօրեղ ու պահանջատէր սփիւռքահայ:

Մինչ յաւերժախօս 2015 թուականը կ՚անցնի պատմութեան գիրկը, մեր միակ անկողոպտելի ԳԱՆՁը կը մնան Հայ Լեզուն ու մեր Հաւատքը: Արդարեւ, յետ-եղեռնեան աւելի քան 90ամեայ սփիւռքահայ գրականութիւնն ու մշակոյթը հանդիսացան իրաւական եւ իսկական շարունակութիւնը մեր պատմական հայրենիքին եւ անոր բնակիչ հայ ժողովուրդին:

Սփիւռքահայը, իր մէջ արմատաւորուած արեւմտահայ լեզուամտածողութեան բառագանձային անսպառ հարստութեամբն ու քերականական կանոններու եւ ուղղագրական դասական օրինաչափութեամբ պահեց ու պահպանեց ոչ միայն իրեն ժառանգուած մեր մշակութային արժէքները, այլեւ՝ ա՛լ աւելի ծաղկեցուց, բիւրեղացուց եւ աճեցուց իր իմացական հարստութիւնները, ու քայլ պահեց արդի ժամանակներու պահանջարկներու: Եւ այս ամբողջը, հրաշքի համազօր այս երեւոյթը իրականութիւն դարձաւ առանց պետական հոգածութեան եւ հովանաւորութեան, շնորհիւ՝ սփիւռքահայու սեփական ներուժին ու համասփիւռքեան կարողականութեան, ու մանաւանդ՝ անցեալէն մեզի փոխանցուած ազգային ոգիի եւ կրթութեան ջահին:

***
Արդ, կը գտնուինք 2016 թուականի սեմին:

Նոր մարտահրաւէրներ ահազանգ կը հնչեցնեն զգալով արեւմտահայերէն լեզուին գոյութեան սպառնացող մօտալուտ վտանգները:

Unesco-ն է յայտարարութեան հեղինակը, թէ՝ «Արեւմտահայերէնը կը գտնուի աշխարհի մէջ գործածուող վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ»:

Այս «ահազանգ»ը ցնցիչ տպաւորութիւն գործեց համայն աշխարհի հայ մտաւորական մարդուժին մօտ: Տխուր էր պարզուած մատնանշումը:

Հետեւաբար, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի աշխարհացունց նշումներէն ու ձեռնարկներէն ետք, այսօր, 2016ը պիտի ուզէինք առաջարկել սկիզբը՝ հնգամեայ տեւողութեամբ Արեւմտահայերէնի գոյապայքարի համահայկական շարժումի մը՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի: Դժուար իրագործելի ծրագիր մը, հոսանքն ի վեր թիավարելու պարտադրանքով:
Այս պահուն կրնանք կեդրոնանալ հետեւեալ կէտերու վրայ.-

ա.- Հայրենի պետութիւնը, նախ եւ առաջ հարկ է, որ Արեւելահայերէնի համահաւասար քաղաքացիութիւն շնորհէ Արեւմտահայերէն լեզուին եւ, Հայաստանի տարածքին գործող ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳի ծրագիրին մէջ ընդգրկէ համալսարանական մակարդակի ուսուցում Արեւմտահայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի:

բ.- Այս ժամանակահատուածին, յանուն համազգային միասնականութեան, հանգրուանային ծրագրաւորումներով վերականգնել դասական ուղղագրութեան միաց-
եալ կիրարկումը Հայաստանի հանրապետութեան եւ անոր ենթակայ այլ տարածաշրջաններէն ներս:

գ.- Արտերկրի շուրջ եօթը միլիոն հայութեան դպրոցական տարիքի բոլոր աշակերտներուն (տարագիր թէ տարաբնակ սփիւռքահայ) մօտ զարգացնել հայախօսութեան կարողութիւնն ու գիտելիքները:

Այս մտածումներով կ՚ողջունենք 2016 թուականը, մաղթելով աշխարհը ղեկավարող քաղաքական ուժերուն ԶԳԱՍՏ, ԻՄԱՍՏՈՒՆ եւ ԻՐԱՒԱԽՈՀ գործընթաց, յանուն համամարդկային ներդաշնակ գոյակեցութեան:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (54) Յունուար 2016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail