Ա.Մ.Ն. Կը Հաստատէ Արցախի Ցեղային Զտումը, Տեղւոյն Ժառանգութեան Ոչնչացումն Ու Պաքուի Մէջ Պատանդներու Գոյութիւնը

Cilician Armenia. Royal. Levon I, 1198-1219. Tram (Silver, 22.90 mm, 2.99 g

Ա.Մ.Ն. Կը Հաստատէ Արցախի Ցեղային Զտումը, Տեղւոյն Ժառանգութեան Ոչնչացումն Ու Պաքուի Մէջ Պատանդներու Գոյութիւնը

01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2025 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ա.Մ.Ն. հրապարակած է Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու մասին 2024-ի զեկոյցը, որուն մէջ ընդգրկուած դիտարկումներու լոյսին տակ, Հայ Դատի Յանձնախումբը կրկին կոչ ըրած է ամերիկեան վարչակազմին՝ անյապաղ միջոցներ դիմելու Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումները դադրեցնելու համար եւ կիրարկելու 907-րդ բանաձեւը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ սահմանելու ապահովելու հայ ռազմագերիներու անվերապահ ազատ արձակումը։

Զեկոյցը կը նշէ․ «Կամայական կամ ապօրինի սպանութիւններու, խոշտանգումներու կամ անմարդկային վերաբերմունքի, կամայական ձերբակալութիւններու եւ բանտարկութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու նկատմամբ հետապնդումներու մասին ստոյգ տեղեկութիւններ», ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իրական քայլեր չէ ձեռնարկած՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու մարդու իրաւունքները խախտած պաշտօնեաները։

Զեկոյցին մէջ կը յիշատակուի Մ.Ա.Կ.-ի խոշտանգումներու դէմ 2024 թուականի Յունիսի 5-ի զեկոյցը, որուն մէջ կը նշուի  ազերի զինուած ուժերու կողմէ հայկական ծագում ունեցող ռազմագերիներու նկատմամբ միջազգային մարդասիրական ու մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումները։ Ասոր կողքին, Մ.Ա.Կ.-ի փորձագէտները Սեպտեմբերի 27, 2024-ին մտահոգութիւն յայտնած էին 2020-ին, Զանգելանի մէջ գերի ինկած 23 հայ զինուորներու եւ  քաղաքացիի մը անհետացման առնչութեամբ։

Զեկոյցը կը վկայէ նաեւ Freedom House-ի Նոյեմբերի 11, 2024-ի ուսումնասիրութիւնը, որուն համաձայն՝ Ատրպէյճան իրականացուցած է համակարգուած ռազմավարութիւն՝ 2020-2023-ին ամբողջովին հայաթափելու Լեռնային Ղարաբաղը՝ հայ բնակչութիւնը ենթարկելով յարձակումներու, ահաբեկման, հիմնական իրաւունքներու եւ կենսապահովման պայմաններու զրկման ու հարկադիր տեղահանութեան։ 133 էջերէ բաղկացած այս զեկոյցը կ՛եզրակացնէ, որ Ատրպէյճան Արցախը ենթարկած է ցեղային զտման՝ տեղահանումը գործածելով որպէս միջոց: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ մամուլի հրապարակումներու համաձայն՝ Հոկտեմբերի 24, 2024-ի դրութեամբ Արցախին մէջ մնացած են ընդամէնը 15 հայ բնակիչ, իսկ Caucasus Heritage Watch արձանագրած է, թէ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ Ղազանչեցոց գերեզմանատունը ոչնչացած են:

Զեկոյցի հրապարակումը տեղի ունեցած է ընդամէնը քանի մը օր ետք՝ Ա.Մ.Ն.-ի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործարքէն։

Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնեց․ «Ինքնին Թրամփի վարչակազմի մարդու իրաւունքներու զեկոյցը ոչ մէկ կասկած կը թողէ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել ու խոշտանգել հայ գերիները, ոչնչացնել հայկական ժառանգութիւնը եւ համակարգուած կերպով վերացնել Արցախի հայկական հետքը: 907-րդ բանաձեւի կիրարկումէն հրաժարիլը պարգեւատրութիւն է այս յանցագործութիւններուն համար։ Մենք կը կոչ կուղղենք վարչակազմին նկատի չունենալ այդ որոշումը, արգիլել զէնքի վաճառքը եւ պատժամիջոցներ կիրառել այդ ոճրագործութիւններու կազմակերպիչներուն դէմ: Համաձայնագիրը, որ անտեսած է Ատրպէյճանի կողմէ 2023-ին իրականացուած ցեղասպանական էթնիք զտումը Արցախին մէջ, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, հայ գերիներու խոշտանգումն ու արգելափակումը եւ տեղահանուած հայերու վերադառնալու իրաւունքը, չի կրնար հիմք հանդիսանալ երկարատեւ ու ամբողջական խաղաղութեան համար։ Ան պարզապէս կանաչ լոյս է Պաքուին՝ նոր յարձակումներու համար, վստահ ըլլալով, որ Ուաշինկթոնը հետեւանքներ չի սահմաներ»։

Նշենք, թէ  Օգոստոսի 8-ին, Հայ Դատի յանձնախումբը Քոնկրէսին մէջ տարածած է յուշագիր մը՝ ներկայացնելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիմնական թերութիւնները։ Յանձնախումբը համայնքային աշխատանքներ ալ կը կատարէ՝ Ա.Մ.Ն,-ի իշխանութիւններուն վրայ հասարակական ճնշում բանեցնելով։

https://hairenikweekly.com/?p=65727

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail