ՀԻԼԱԼ ՀԻԼԱԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՄԻՇԼԻ

KANTSASAR ԳԱՆՅԱՍԱՐ ԱԶԴԱԿ
01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

Գամիշլիի մեր թղթակից Յակոբ Սրկ. Պարսումեան կը փոխանցէ, թէ Սուրիոյ Հանապետութեան Նախագահի ցուցմունքով, այսօր առաւօտեան Գամիշլի ժամանեց «Պաաս» Կուսակցութեան օգնական քարտուղար Հիլալ Հիլալը: Ան Հասիչէի Նահանգապետին եւ պետական աւագանիին ընկերակցութեամբ հանիպում մը ունեցաւ Գամիշլիի քրիստոնեայ համայնքապետներուն հետ, սուրիանիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Փառէն Ծ. Ծրդ. Ծարդանեան:

Հիլալ Հիլալ առաջին հերթին Սուրիոյ նախագահին ցաւակցութիւնը փոխանցեց Գամիշլիի ժողովուրդին եւ նահատակներու պարագաներուն՝ Գամիշլիի վերջին ահաբեկչական դէպքերուն առիթով եւ զոհուածները որակեց Սուրիոյ Նահատակներ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս քաղաքական ներկայ պայմաններուն, ի մասնաւորի վերջին Գամիշլիի դէպքերուն առնչուող հարցեր:

Համայնքապետները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիական հայրենիքին եւ պետութեան, շեշտելով որ ջատագովն են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Անոնք խնդրեցին, որ պետութիւնը իր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահէ Սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, որոնք պատերազմին եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն ծաւալումով տակաւ առ տակաւ սկսած են գաղթել երկրէն ու երաշխաւորէ անոնց անվտանգութիւնը:

http://www.kantsasar.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail