«Երկիր մետիա».- Էքուատորի մայրաքաղաք Կիտոյի մէջ քրտամէտ ցուցարարները բողոքի ցոյցով դիմաւորած են Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանը, որ Էքուատորի մէջ կ՚աւարտէր Հարաւային Ամերիկա կատարած իր եօթնօրեայ այցելութիւնը:
Ցուցարարները վանկարկած են «Փառք Քիւրտիտանին» եւ «Մարդասպան Էրտողան»՝ մեղադրելով Թուրքիոյ ղեկավարը Ճիզրէի եւ Սուրի հարիւրաւոր քիւրտերու մահուան մէջ, ինչպէս նաեւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման աջակցութեան համար:
«Էքուատորի մէջ մարդիկ կը գիտակցին, որ իրենց երկիրը մարդասպան մը ժամանած է»,-ցուցարարներէն մէկուն այս խօսքը մեջբերած է լատինամերիկեան telesur հեռուստաընկերութիւնը:
Աղբիւրը հաղորդած է նաեւ, որ Էրտողանի թիկնապահները բռնութիւն գործադրած են ցուցարարներուն նկատմամբ, որոնց մէջ եղած է էքուատորցի ծերակուտական Տիեկօ Վինտիմիլլան, որուն կոտրած քիթով լուսանկարը հրապարակուած է Twitter-ի մէջ։
http://www.kantsasar.com