:
08 Փետրուար 2016
Ուաշինկթըն մտադրած է սրածայր ունելիներով կարմիր ածուխներ վերցնել Սուրիոյ մէջ: Լրատուական գործակալութիւններ կը խօսին Րիատի կողմէ կատարուող ընդհանուր պատրաստութիւններու մասին Սուրիոյ մէջ ցամաքային միջամտութիւն մը կատարելու համար:
CNN Օրինակ կը խօսի 150 հազար զինուորներու մասին, որոնք մտադիր են Թուրքիոյ սահմանէն Սուրիա մուտք գործել եւ կռուիլ ISIS-ին դէմ: Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ կռուելու մասին եղած յայտարարութիւնները խորքին մէջ ձեւական են, որովհետեւ Րիատի նպատակն է վերջին ամիսներուն նահանջ ապրող ընդդիմադիր խմբաւորումներուն օգնութեան հասնիլ: Թագաւորութեան ընդհանուր խորագիրը համաիսլամական ուժերու մէկտեղումն է եւ այս առումով պէտք է վերյիշել սէուտցիներուն կողմէ տեղի ունեցած ժողովները, ուր մասնաւորապէս կը խօսուէր իսլամական միացեալ ուժեր ստեղծելու մասին:
Րիատի զինակիցները, ինչպէս օրինակ Եգիպտոս, Յորդանան եւ Քուէյթ, հակառակ անոր, որ քաջալերուած չեն նման գործով մը, ուղարկած են փոքրաթիւ ուժեր, մինչ Ինտոնէզիա, Մալէզիա եւ Պրունայ յայտնած են միացեալ ուժերով մասնակցիլ որեւէ զինուորական նախաձեռնութեան: Բնական է՝ այդ երկիրներուն մասնակցութիւնը իր գինը ունի: Ասկէ անդին, երէկ ուժական յայտատարութիւններ հնչեցին Թեհրանի եւ Դամասկոսի կողմէ, որոնց հիմքը ցանկացած ցամաքային ներխուժման դէմ ուժեղ հակահարուած տալն էր:
Մէկէ աւելի պատասխանատուներ (Օրինակ Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ուալիտ Մուալլէմ) կը խոստանան շատ կտրուկ եւ ցաւցնող հակահարուած տալ եւ փայտեայ սնտուկներով իրենց երկիրները վերադարձնել ցանկացած միջմատող ուժի զինուորները: Իրանցիք եւս կը խօսին կազմուելիք ուժերու «դասական որակ»ին մասին, որոնց դէմը առնելը իրենց համար հեշտ գործ մը պիտի ըլլայ:
Մոսկուայի ճակատին վրայ եղող յայտարարութիւնները աւելի զուսպ են եւ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց ղեկավար Կոնստանթին Քոզաչովի կարծիքով զինուորական որեւէ միջմատութիւն աւելիով պիտի բարդացնէ իրավիճակը եւ պիտի հեռացնէ քաղաքական ձեւաչափով խնդրին լուծումներ բերելու բոլոր փորձերը:
Անգարա եւս շատ խանդավառ չէ նման քայլով մը, սակայն կը փորձէ հեռու մնալ իր նոր «ռազմավարական» դաշնակիցը ՝ Րիատը նեղացնելու «փորձութիւն»էն միջամտութեան մը պարագային պիտի ուզէ յատնուիլ երկրորդ կամ երրորդ բլանի վրայ: Ինչ ալ ըլլան պայմանները, երեւելի է, որ Ուաշինկթընի համար շրջանին մէջ արիւնահոսութիւններու հանգրուանը դեռ չէ փակուած ու շատ հաւանական է, որ այս ընթացքով Միացեալ Նահանգներ Եէմէնէն ետք նոր դժոխքի մը մէջ պիտի նետէ Րիատը:
Կը մնայ հարցադրումը, թէ Սիւննի աշխարհի առաջատար երկիր համարուող թագաւորութիւնը որքա՞ն ժամանակ կրնայ իբրեւ զոհ ներկայանալ Օպամայի իշխանութեան անհեռատեսեւ կործանիչ քաղաքականութիւններուն մէջ:
http://arevelk.am