ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովներու Թուրքիոյ ելոյթները – Թուրք վերնախաւին թաքնուած փիլիսոփայութիւնը

King Artavazd II of Hayk the Great (55/38-31 BC)

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովներու Թուրքիոյ ելոյթները – Թուրք վերնախաւին թաքնուած փիլիսոփայութիւնը

29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2025 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

«Հայրենիք» – Բացառիկ

 

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) կը հանդիսանայ միջազգային մակարդակով ամենատարածուն եւ սկզբունքային իմաստով ամենահզօր կազմակերպութիւնը՝ համախմբելով 193 անդամ երկիրներ, երկու դիտորդ երկիրներ (Վատիկան եւ Պաղեստին) եւ այլ ինքնավար տարածքներ, որոնք տակաւին պետութիւն դառնալու նուազագոյն պայմանները չունին:

Այս համախմբումը իր պատմութեամբ եւ իսկական կարողականութեամբ աշխարհի կարեւորագոյն հարթակն է, ուր երկիրներ կրնան իբրեւ պետութիւն ճանչցուիլ, միջազգային հարցեր կրնան քննուիլ եւ որոշումի կամ առաջարկի կարգավիճակով բանաձեւեր որդեգրուիլ կրնան: Ինքնին կազմակերպութիւնը մտայղացումն էր Միացեալ Նահանգներու զոյգ նախագահներու գաղափարներու բիւրեղացման:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն եկաւ հաստատելու, որ միջազգային քաղաքականութիւնը, յարաբերութիւնները եւ վէճերը կարգաւորելու եւ անոնց ոչ բռնի ուժով լուծում գտնելու հարթակի մը կարիքը կայ: Այդպիսով է, որ ծնաւ առաջին հերթին «Ազգերու Լիկա» անունով կազմակերպութիւնը, որ ունեցաւ ընդհանրապէս ոչ բեղուն գործունէութիւն, յատկապէս երբ չյաջողեցաւ կանխել համաշխարհային Բ. պատերազմի բռնկումը: Սակայն, այն ժամանակ, միջազգային ընտանիքը ինքնին այլ վիճակ կը պարզէր: Աւելի ուշ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթի եւ իր յաջորդ՝ Հերի Թրումընի ջանքերով կը հիմնուի ՄԱԿ-ը, որ իբրեւ գլխաւոր նպատակ կ՛որդեգրէ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պահպանումն ու տարածումը՝ առանց ազգային, սեռային, լեզուական կամ կրօնական որեւէ խտրականութեան: Իւրաքանչիւր պետութիւն անդամակցելու համար ՄԱԿ-ին, պէտք է ընդունի այս սկզբունքները: Սակայն, այդ դրական նպատակներուն կողքին ստեղծուեցան կազմակերպական կառոյցներ զանազան մակարդակի ազդեցութեամբ եւ օգտակարութեամբ:

Այսպիսով հիմնուեցան հիմնական երկու կառոյցներ. Ընդհանուր Ժողովը եւ Ապահովութեան Խորհուրդը: Ընդհանուր Ժողովը դարձաւ այն հարթակը, ուր բոլոր անդամ երկիրները կը համախմբուին ներկայացնելու, արծարծելու կամ քննելու միջազգային հարցեր եւ որդեգրելու առաջարկի ուժ ունեցող բանաձեւեր: Այսինքն, միջազգային ընտանիքը իրաւասու չէ որեւէ որոշումի ուժով բանաձեւ որդեգրելու: Միւս կողմէ, կազմուած Ապահովութեան խորհուրդը ունեցաւ որոշում կայացնելու իրաւունքը: Այս իմաստով կարեւոր է նշել, որ հինգ պետութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսիա եւ Չինաստան, ունեցան «Վեթօ»-ի, այսինքն որեւէ որոշում արգելակելու իրաւունք: Այս մէկը կը նշանակէ, որ Ապահովութեան խորհուրդը իր բոլոր անդամներով կրնայ քուէարկել որոշումի մը, որ ի վերջոյ կրնայ արգելակուիլ այդ նոյն խորհուրդին մնայուն այս հինգ անդամներէն որեւէ մէկուն մերժումով: Այս հինգ պետութիւնները միակն են, որ ունին մնայուն անդամակցութիւն Ապահովութեան խորհուրդին, իսկ մնացեալ պետութիւններուն կարգավիճակը կը ճշդուի ընտրութեամբ Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին:

Հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը որոշում կայացնելու իրաւասու չէ, սակայն միջազգային մակարդակով տեսակցութիւններ կայացնելու, միտքեր արտայայտելու, ապագայի իմաստով քաղաքական հաստատումներ կատարելու եւ ուղղուածութիւն ճշդելու լաւագոյն հարթակն է: Միաժամանակ, յատկապէս շրջանային եւ միջազգային գերտէրութիւններուն համար կը հանդիսանայ իրենց ուժը եւ կարողականութիւնը ապացուցելու նաեւ առիթ՝ հետագային քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմական ճնշում բանեցնելու զէնքի վերածելու առիթ: Այսպիսով, բոլոր անդամ պետութիւնները անխտիր, կը շարունակեն կարեւորել կազմակերպական այս կառոյցը: Անցնող 30 տարիներուն, երկբեւեռ միջազգային կառուցուածքի փլուզումէն ետք, իսկ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու միաբեւեռութեան հետզհետէ անկումով, գերտէրութիւնները դժգոհութիւն սկսան արտայայտել Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու ունեցած որոշումներու արգելակման իրաւունքին մասին:

Թուրքիան՝ շրջանային գերտէրութիւն ըլլալով, կը հանդիսանայ այն պետութիւններէն որոնք բազմիցս այս միտքը արտայայտեցին, այլ միտքերու կողքին: Հետեւաբար, ի՞նչ է Թուրքիոյ նպատակը, եւ այս ճառերով ի՞նչ թաքնուած փիլիսոփայութիւններ ու միտքեր կը տարածէ պաշտօնական Անգարան:

Այս մէկը հասկնալու համար հարկ է անդրադառնալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին Թուրքիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչներու ելոյթներուն: Թուրքիան՝ իբրեւ հիմնադիր պետութիւն, իր առաջին ելոյթը ունեցած է 1946-ին: Դիւանագէտ Հիւսէյն Ռաժիպ Պայտուր, իբրեւ Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան ղեկավար, այն ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը, որուն ընթացքին նշեց. «Որոշումներու արգելակման իրաւունքը պէտք չէ վերածուի այդ վէճերու լուծման հիմնական խոչընդոտներու»: Այս միտքը, միայն Թուրքիոյ միտքը չըլլալով, ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ այդ թուականներուն պաշտօնական Անգարա արդէն իսկ համարձակութիւնը ունէր նման հաստատումներ կատարելու գերտէրութիւն համարուող հինգ մնայուն անդամներուն նկատմամբ: Իսկ ներկայի՞ս:

Հասկնալու համար ներկան, պէտք է անդրադառնալ պատմութեան: Սակայն, Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութիւնը աւելի յստակօրէն ըմբռնելու եւ ներկայացնելու համար պէտք է առնուազն խօսիլ 2002-էն ետք Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան հասած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին: Էրտողան մինակ չէր երբ 2002-ին հասաւ իշխանութեան, այլ՝ իր կողքին ունէր Ապտիւլլահ Կիւլի եւ Ահմէտ Տաւութօղլուի նման դէմքեր, որոնք աւելի քան տասնամեակ մը Էրտողանի հետ մնացին: Ապտիւլլահ Կիւլ ծառայեց իբրեւ առժամեայ վարչապետ, փոխ-վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար եւ նախագահ, իսկ Ահմէտ Տաւութօղլու իր կարգին ծառայեց իբրեւ արտաքին գործոց նախարար եւ վարչապետ: Այս երրորդութիւնը տարիներ շարունակ արտայայտեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական փիլիսոփայութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ եւ դարձաւ պաշտօնական Անգարայի ներկայ մտածողութեան կերտման հիմնասիւնը:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին այս երրորդութիւնը հերթաբար ելոյթ ունեցած է: Այսպէս, նախագահ Էրտողան բեմ բարձրացած է 15 անգամ, Ապտիւլլահ Կիւլ՝ վեց, իսկ Ահմէտ Տաւութօղլու՝ երկու: Այս ելոյթներուն ընթացքին արտայայտուեցան այնպէս ինչպէս Թուրքիան կամ թուրքը կը դիտէ աշխարհը: Երբ ընթերցենք հաւաքաբար այս 23 ճառերը, այն եզրակացութեան կը յանգինք, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը իրականութեան մէջ անձի մը կողմէ չէ, որ կը կառավարուի այլ հաստատուած կառոյցի մը, որ արդէն իսկ շարունակութիւնն է Օսմանեան կայսրութեան արտաքին քաղաքականութեան: Այսինքն այդ շարունակականութիւնը եւ փորձառութիւնը պահուած է ու զարգացած: 2003-ին, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հաստատած կառավարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին, որուն ընթացքին խօսք կ՛առնէ փոխվարչապետ Ապտիւլլահ Կիւլ յայտարարելով, որ Թուրքիան թեկնածու է 2009-2010 տարուան համար Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամի պաշտօնին: Այսինքն, Թուրքիոյ իշխանութեան հասած այս խաւը առաջին օրէն իսկ որդեգրեց ինքզինք պարտադրելու քաղաքականութիւն:

Անդրադառնանք այս ելոյթներուն ընթացքին արտայայտուած հիմնական նիւթերուն.

Ա. ՄԱԿ-ի քաղաքակրթուած ազգերու դաշինքը

Առաջարկուած եւ որդեգրուած 2005 թուականին, այս նախաձեռնութիւնը մտայղացումն էր Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ վարչապետներուն ներկայացուցած միացեալ բանաձեւին, որուն նպատակն է փոխհասկացողութիւն եւ բարեկամութիւն ստեղծել քրիստոնեայ եւ իսլամ պետութիւններուն եւ հաւաքականութիւններուն միջեւ, նկատի ունենալով, որ պատմութեան ընթացքին այս երկու աշխարհները գրեթէ մնայուն կերպով թշնամանքի մէջ եղած են: Միաժամանակ, այս նախաձեռնութիւնը կը հետապնդէ նաեւ իսլամական ծայրայեղականութեան կամ ընդհանրապէս միջազգային մակարդակով ծայրայեղականութեան դէմ պայքար մղելու նպատակ: Նախաձեռնութիւնը, բազմիցս վերյիշեցուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին Թուրքիոյ ներկայացուցիչին կողմէ, դարձաւ այնպիսի քայլ մը, որ նպատակադրեց Թուրքիան վերածել Քրիստոնեայ եւ Իսլամ աշխարհներուն միջեւ կամուրջի մը: Օրին, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այս մէկը յայտարարելէ ետք՝ 2005-ի իր ելոյթին ընթացքին վերահաստատեց եւ հիմնաւորեց 2009-2010 տարուան համար Ապահովութեան խորհուրդի թուրքիոյ թեկնածութիւնը:

Բ. Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութիւն եւ բարեկարգում

2006-ին փոխ-վարչապետ Ապտիւլլահ Կիւլ վերահաստատելով Թուրքիոյ թեկնածութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին, նշեց, որ տրամաբանական չէ երբէք, որ Թուրքիոյ նման պետութիւն մը 1961-էն ի վեր անդամակցած չըլլայ Ապահովութեան խորհուրդին: 2007-ին Վարչապետ Էրտողան իր կարգին վերահաստատելով այս պահանջքը, նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը ինքնին կարիքը ունի բարեկարգումի նկատի ունենալով, որ խորհուրդը շատ աւելի վաւերականութիւն եւ ուժ կ՛ունենայ, եթէ յաւելեալ ազդեցիկ պետութիւններ անդամակցին անոր եւ կարելիութիւնը ունենան միջազգային ընտանիքը ներկայացնող որոշումներ կայացնելու:

2011-ին, վարչապետ Էրտողան անդրադարձաւ 2009-2010 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ անդամակցութեան եւ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Ահաբեկչութեան կանխարգիլման յանձնախումբի իբրեւ նախագահ գործունէութեան, հաստատելու, որ Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ դրաւ արդարացնելու իր ստանձնած պատասխանատուութիւնները: Այս իմաստով հարկ է նշել, որ այդ անդամակցութիւնը, բնականաբար զուգադիպութիւններէ հեռու, եղաւ այն հանգրուանին, որ Անգարա յայտարարեց «Զերօ հարցեր մեր հարեւաններուն հետ» արտաքին քաղաքական փիլիսոփայութիւնը: 2011-ի այս նոյն ժողովին, վարչապետ Էրտողան յայտարարեց Թուրքիոյ թեկնածութիւնը 2015-2016 տարուան Ապահովութեան Խորհուրդի ընտրութիւններուն:

2012 եւ 2013 տարիներուն, արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի եւ նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլի ելոյթները հետզհետէ սկսան որակել Ապահովութեան Խորհուրդը իբրեւ հակաժողովրդավար եւ ոչ ազդեցիկ կառոյց:

2014-ին, նախագահ Էրտողան առաջին անգամ ըլլալով շատ աւելի կոշտ կեցուածք որդեգրելով՝ յայտարարեց. «Աշխարհը այս հինգ պետութիւններէն աւելի մեծ է»: Այս հաստատումը յստակօրէն տեղադրեց Թուրքիան այնպիսի կարգավիճակի մէջ, որ հրապարակային կեպով հակադրուեցաւ ՄԱԿ-ի կառուցային իրականութեան դէմ: Միաժամանակ, 2014-ին կայացած Ապահովութեան խորհուրդի ընտրութիւններուն այս անգամ Թուրքիան պարտուած դուրս եկաւ, որովհետեւ բազմաթիւ պետութիւններ մտահոգ էին պաշտօնական Անգարայի գլխաւորած արտաքին քաղաքականութեամբ յատկապէս Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան եւ ծայրայեղական իսլամ խմբաւորումներու իր մատուցած օժանդակութիւններէն: Այս ընդդիմութիւնը գլխաւորուեցաւ յատկապէս Միջին Արեւելեան եւ Եւրոպական երկիրներու կողմէ: Կարելի է վերագրել նախագահ Էրտողանի հաստատումը այս պարտութեան, որ բնականաբար ընդվզում պատճառեց թուրք վերնախաւին համար եւ դիւանագիտական ձախողութիւն դարձաւ տակաւին նոյն տարին նախագահ ընտրուած Էրտողանի համար:

2015-ին, վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու պարզապէս կոչ ուղղեց բարեկարգելու Ապահովութեան Խորհուրդը եւ նախագահ Էրտողանի նման կոշտ յայտարարութիւն չկատարեց: 2016-ին, նախագահ Էրտողան կատարեց առաջարկ մը որուն հիման վրայ, Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն թիւը կը բարձրանայ 15-էն 20-ի, եւ կը լուծարուի մնայուն անդամներու կարգավիճակը ու բոլորը համահաւասար իրաւունքով մաս կը կազմեն այս խորհուրդին: Բնականաբար այս առաջարկը մինչեւ օրս որդեգրուած չէ: Այստեղ հարկ է նշել, որ 2016-էն ետք բոլոր ելոյթները կատարուած են նախագահ Էրտողանի կողմէ: 2017-ին, նախագահ Էրտողան կրկնեց այս առաջարկը, աւելցնելով, որ 2014-ին յայտարարուած «Աշխարհը այս հինգ պետութիւններէն աւելի մեծ է» միտքը դարձած է ՄԱԿ-էն ներս Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան պաշտօնական կարգախօսը:

2018-ին, նախագահ Էրտողան իր առաջարկը կրկնելով հանդերձ, որդեգրեց արտայայտութեան տարբեր կերպ: Վկայակոչելով Սալահըտտին Ռումիի խօսքերէն, ըսաւ. «Բռնակալը այն անձն է, որ մարդկութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւնները կատարած չէ»: Այսպիսով, նախագահ Էրտողան հարուածեց Ապահովութեան խորհուրդի գործունէութիւնը՝ զայն նկատելով արգելակուած կառոյց, որ որեւէ որոշում կայացնելու կարողութիւնը չունի, մինչ աշխարհի մէջ զանազան երկիրներ ահաւոր վիճակ կը պարզեն: Թրքական մշակոյթի կապուած, ինչպէս նաեւ իսլամական հոգեբանական մտածողութեան վրայ ազդող Ռումիի խօսքերը օգտագործելով, նախագահ Էրտողան նաեւ նպատակադրեց Թուրքիոյ շուրջ համախմբել ճնշուած զգացող իսլամ հաւաքականութիւնները:

2019-2022, նախագահ Էրտողան նուազ արտայայտուելով Ապահովութեան Խորհուրդին մասին, պարզապէս յաջորդաբար հաստատեց, որ այս կառոյցը այլեւս գործնական չէ: 2023-ին, նախագահ Էրտողան ըսաւ. «Ապահովութեան խորհուրդը այլեւս միջազգային անվտանգութեան երաշխաւորը չէ եւ վերածուած է պատերազմի դաշտի մը, ուր հինգ մնայուն անդամ պետութիւնները քաղաքական պատերազմներ կը մղեն իրարու դէմ»: 2024-ին եւ 2025-ին, նախագահ Էրտողան նոյնպէս խօսեցաւ կառոյցի քայքայուած ըլլալուն մասին:

Այս բոլորը կը նշանակեն, որ 2000-ական թուականներուն եւ մինչեւ 2014 Թուրքիա մեծ հետաքրքրութիւն ունէր անդամակցելու եւ ծառայելու Ապահովութեան խորհուրդէն ներս: Սակայն, տարիներու փորձառութիւնը եւ ձախողութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային միաբեւեռ համակարգի փլուզման ազդանշանները տեսնելով, Թուրքիոյ համար ներկայիս գրաւիչ չէ այս խորհուրդը: Այստեղ նաեւ հարկ է նշել, որ պաշտօնական Անգարա այս ընթացքը որդեգրելով ինքզինք կը համարէ, որ շրջանային կամ միջազգային մակարդակով ինք բաւարար կարողականութիւնը ունի իր շահերը պաշտպանելու առանց նման անդամակցութիւններու ձգտելու:

Գ. Ճնշուած ազգերու «պաշտպանութիւն»՝ Պաղեստին, Սուրիա, եւ իսլամութիւն ընդհանրապէս

2003-էն սկսեալ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու գրեթէ բոլոր ելոյթները անդրադարձան Պաղեստինի եւ Սուրիոյ տագնապներուն մասին: Պաշտօնական Անգարա այս նիւթերը արծարծելով նպատակադրած է ինքզինք ներկայացնել իբրեւ համայն իսլամութեան եւ կրօնական վայրերու պաշտպան:

Պաղեստինի հարցին անդրադառնալով, Ապիւտլլահ Կիւլ, Ահմէտ Տաւութօղլու եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս դատապարտած են Իսրայէլի վարած քաղաքականութիւնը Պաղեստինեան հարցին հանդէպ: Սակայն, միաժամանակ, 2003-ին Թուրքիա-Իսրայէլ եւ Իսրայէլ-Թուրքիա արտածումները կը կազմէին 1.12 միլիառ տոլար եւ 490 միլիոն տոլար հերթաբար: 2010-ին առաջին պատկերը բարձրացած էր 2.08 միլիառ տոլարի, իսկ երկրորդը 1.52 միլիառ տոլարի: 2017-ին այս նոյն պատկերները հերթաբար բարձրացած էին 3.55 միլիառ տոլարի եւ 1.69 միլիառ տոլարի: Իսկ 2023-ին, Կազայի պատերազմի բռնկումէն առաջ, այս պատկերները հերթաբար կը կազմէին 5.02 միլիառ տոլար եւ 1.74 միլիառ տոլար: Ներկայիս առեւտուրը խիստ նուազած է եւ գրեթէ դադրած շատ մը բնագաւառներու մէջ: Մնացեալ յայտարարութիւնները եւ կոչերը կը մնան քաղաքական եւ դիւանագիտական կարիքներէ մեկնած արտայայտութիւններ: 2025-ին, նախագահ Էրտողան իր ելոյթին ընթացքին դարձեալ դատապարտեց Իսրայէլը՝ իր գործած ոճիրներուն համար եւ զայն որակեց իբրեւ շրջանային խաղաղութիւնը խաթարող պետութիւն: Ռազմական, տնտեսական, քաղաքական եւ գաղտնի սպասարկութիւններու գործակցութիւնը կը շարունակուի այնպէս, ինչպէս եղած է արդէն իսկ Իսրայէլի հիմնադրութենէն ի վեր, իսկ մնացեալը թատրոն է:

Սուրիոյ պարագային, հարցը շատ աւելի պարզ եւ յստակ է: Թուրքիա մտահոգ էր անցնող տասնամեակին ընթացքին իր սահմաններէն ներս հաստատուած շուրջ 3.5 միլիոն Սուրիացի գաղթականներու կարգավիճակէն: Սակայն, ներկայիս այդ հարցը ամբողջովին լուծուած է: Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները խորքին մէջ Թուրքիան կը ներկայացնեն: Այսինքն, երբ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը կը կազմեն, կը կազմակերպեն ու կը մարզեն Սուրիոյ նոր հաստատուելիք բանակը, երբ իշխանութեան վրայ եղող ներկայ անհատները Իտլիպի մէջ հաստատուած իրենց նախորդ իշխանութեան ընդմէջէն տնտեսական աշխատանքները կը վարէին Թրքական լիրան օգտագործելով, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարը տեւաբար կ՛այցելեն Հալէպ եւ Դամասկոս, կրնանք այս բոլորը նկատել իբրեւ յստակ փաստ, որ Սուրիան վերածուած է թրքական վիլայէթի:

Իսլամական աշխարհի ընդհանուր հարցերուն վերաբերեալ պաշտօնական Անգարայի յայտարարութիւնները՝ Չինաստանի մէջ ճնշումի ենթարկուած, Միանմարի եւ Պանկլատէշի մէջ փախստական դարձած, Սոմալիոյ մէջ ընկերային անապահով վիճակի մէջ գտնուող եւ ընդհանրապէս բոլոր իսլամներու վիճակին մասին խօսելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի բեմէն, Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն նպատակն է խօսքով, դիւանագիտութեամբ եւ տնտեսական օժանդակութեամբ վերականգնել օսմանեան խալիֆայութիւնը առանց ստիպուելու նոր սահմաններ գծել կամ ռազմական գործողութիւններ կատարել:

Դ. Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական հանրապետութեան հարց

Թուրքիոյ ներկայացուցիչները տեւաբար եւ կարեւորութեամբ անդրադարձած են Կիպրոսի խնդիրին, յատկապէս պաշտպանելով Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան գոյութիւնը: Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժումէն ետք, Սեպտեմբեր 1974-ին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Թուրան Կիւնէշ յայտարարեց. «Թուրքիոյ համար Կիպրոսի հարցը կը մնայ կարեւորագոյն թղթածրարներէն մէկը եւ կղզիին անվտանգութիւնը կը կազմէ մեր արտաքին քաղաքականութեան եւ մեր իսկ անվտանգութեան սիւներէն մէկը»: Կիւնէշ կը հաստատէ, որ երկու ժողովուրդները համախմբող պետութիւնը կը մնայ միակ ճառը դուրս գալու համար այս հակամարտութենէն, աւելցնելով, որ Յունաստանի հետ միացումը բացառուած է:

Այս քաղաքական մօտեցումը կը շարունակուի մինչեւ օրս: 2007-ին Նախագահ Էրտողան լայնօրէն անդրադարձաւ Կիպրոսի խնդիրին, հաստատելով, որ 2004-ին առաջարկուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի ծրագիրը, ստեղծելու Կիպրոսի Միացեալ Հանրապետութիւնը եւ հաստատելով ցեղային դաշնակցային դրութիւն լաւագոյն տարբերակն է լուծելու այս հակամարտութիւնը: Էրտողան կը շարունակէ ըսելով, որ թուրք Կիպրացիները ընդունած էին այս տարբերակը, սակայն յոյն կիպրացիները մերժած նոյն տարին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքներով: Այս մէկը յստակօրէն ճիշդ ըլլալու կողքին, տարիներ շարունակ դարձաւ դիւանագիտական զէնք պաշտօնական Անգարայի ձեռքը ստեղծելու այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ թուրք կիպրացիները խաղաղութիւնը պահանջող կողմն են:

2007-2020, Թուրքիոյ ներկայացուցիչները շարունակեցին ընթացիկ կերպով կոչ ուղղել «արդար» լուծում մը գտնելու այս հակամարտութեան: 2021-ին, նախագահ Էրտողան հաստատեց, որ Կիպրոսի զոյգ հանրապետութիւններու ղեկավարները համահաւասար են: Բնականաբար, այս հաստատումը նախապատրատութիւն էր: 2022-էն սկսեալ, նախագահ Էրտողան սկսաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին կոչ ուղղել՝ ճանչնալու Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը իր ունեցած տարածքին վրայ: Այս կը նշանակէ, որ պաշտօնական Անգարա հրաժարած է լուծում գտնելու տարբերակէն մէկ կողմէ, եւ բարձրացած է իր իսկ ուժին եւ կարողականութեան հանդէպ ինքնավստահութիւնը: Այսինքն, մօտիկ ապագային հաւանական չէ, որ այս հարցը լուծուի կամ թուրք գործօնը վերանայ Կիպրոսէն:

Ե. Արցախի հարց

Հետաքրքրական կերպով մինչեւ 2011 թուական ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովներուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչները անդրադարձ չէին կատարեր կամ շատ կարճ արտայայտութիւն կ՛ունենային Արցախի հիմնահարցին մասին: 2011- ին, վարչապետ Էրտողան յայտարարեց, որ Արցախի հարցը պէտք է լուծում մը ունենայ: 2011-2017, Թուրքիոյ ներկայացուցիչները դարձեալ ընդհանրապէս լուռ էին այս հարցով: 2017-2020, նախագահ Էրտողան վերահաստատեց 2011-ին իր յայտարարածը, թէ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ լուծում մը, որ կը պահպանէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:

2021-ին, այսինքն 2020-ի Արցախ-Ատրպէյճան պատերազմէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան յաջողած է վերականգնել իր հողային ամբողջականութիւնը մինչ տարիներ շարունակ Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ այս իմաստով բոլոր որոշումները գործադրուած չէին: 2022-ին, Էրտողան ըսաւ, որ պաշտօնական Անգարա պիտի աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացներուն:

2023-ին եւ 2024-ին, ան յայտնեց, որ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքէն մեկնած, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար եւ այս ուղղութեամբ Հայաստան պէտք է ջանք թափէ օգտուելու պատմական այս առիթէն առաջին հերթին բանալով Զանգեզուրի միջանցքը: 2025-ին, նախագահ Էրտողան շնորհաւորեց Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը, Միացեալ Նահանգներու նախագահին հովանաւորութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթին համար, յայտարարելով, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւս ընթացքի մէջ է:

Արցախի վերաբերալ այս մօտեցումը ցոյց կու տայ Անգարայի նախնական զգուշութիւնը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին կոշտ կարծիք արտայայտելու: Ներկայիս, Թուրքիա կը յայտարարէ այնինչ որ տեղի կ՛ունենայ Անգարայի, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: Ակնյայտ է, թէ Թուրքիա-Հայաստան յայարաբերութիւններու բնականոնացումը լուրջ ընթացքի մէջ է, եւ նախագահ Էրտողան նման յայտարարութիւն մը կատարեց:

Եզրակացութիւն

ՄԱԿ-ի յաջորդական Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները սերտելով, յատկապէս վերոյիշեալ նիւթերուն շուրջ, կրնանք որոշ եզրակացումներու յանգիլ.

Առաջին՝ Թուրքիա կը ձգտի ինքզինք ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան ձգտող, հակամարտութիւններ կարգաւորող եւ երկիրներ զիրար մօտեցնող շրջանային ազդու դերակատար:

Երկրորդ՝ Թուրքիա կը ձգտի ինքզինք պարտադրել իբրեւ Իսլամական աշխարհի գլխաւոր առաջնորդ, դիւանագիտական կերպով վերականգնելու Օսմանեան խալիֆայութիւնը:

Երրորդ՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ ոճի եւ համարձակութեան մակարդակը յստակօրէն կը զանազանուի: Ապտիւլլահ Կիւլ եւ Ահմէտ Տաւութօղլու շատ աւելի զուսպ են իրենց արտայայտութիւններուն մէջ եւ շատ աւելի դիւանագիտական նրբութիւնները յարգող են, քան Էրտողան: Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ ներկայիս այս երեքը իրարմէ հեռացած են, եւ Կիւլ ու Տաւութօղլու անցած են ընդդիմութեան կողմը:

Չորրորդ՝ Թուրքիա տարիներ ետք հասած է այնպիսի համոզումի, որ Անգարա միջազգային կազմակերպութիւններու կամ հարթակներու կարիքը չունի իր կամքը պարտադրելու եւ յաջողութիւններ արձանագրելու:

Հինգերորդ՝ Թուրքիա հետաքրքրութիւն չունի Ապահովութեան խորհուրդին մաս կազմելու այնպէս, ինչպէս էր 2000-ական թուականներուն եւ 2010-ական թուականներու կէսերուն: Սակայն այն տպաւորութիւնը կայ, առաջարկուած բարեկարգումներէն, որ Անգարա պիտի շարունակէ ձգտիլ շրջանայինէն անդին, միջազգային մակարդակի հասցնել իր ազդեցութիւնը, որպէսզի օր մը դառնայ միջազգային գերտէրութիւն:

Աղբիւրներ՝
Address to the 77th Session of the United Nations General Assembly President of the Republic Of Türkiye, H.E. Recep Tayyip Erdoğan (2022)

Address to the 78th Session of the United Nations General Assembly President of the Republic Of Türkiye, H.E. Recep Tayyip Erdoğan (2023)

Address to the 79th Session of the United Nations General Assembly President of the Republic Of Türkiye, H.E. Recep Tayyip Erdoğan (2024)

Address to the 80th Session of the United Nations General Assembly President of the Republic Of Türkiye, H.E. Recep Tayyip Erdoğan (2025)

Representatives of Türkiye have delivered statements at the following General Debates of the General Assembly. United Nations. https://ask.un.org/faq/93819

Turkey/Israel Bilateral Trade. OEC. https://oec.world/en/profile/bilateral-country/isr/partner/tur?selector538id=HS6&
selector541id=2023

hairenikweekly.com/?p=69114

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail