08 փետրուար 2016
Նազարէթ Պէրպէրեան
Հարիւրմէկ տարի առաջ, Փետրուար 1915-ի այս օրը, Օսմանեան Կայսրութեան Իթթիհատական կառավարութեան պարագլուխները գաղտնի ժողովի հրաւիրեցին իրենց կուսակցութեան կեդրոնական մարմինը՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանականիրենց ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու «պատմական» որոշումը կայացնելու համար։
Իթթիհատական կառավարութեան եռագլուխ ղեկավարութիւնը կազմող Մեհմետ Թալէաթ (վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար), Իսմայիլ Էնվեր (պատերազմի նախարար) եւ Ահմէտ Ճեմալ (ծովուժի նախարար եւ Սուրիոյ զինուորական կառավարիչ) փաշաները խուճապահար վիճակ ունէին։
Կովկասեան ճակատի վրայ Էնվեր փաշայի զօրքերը ծանր պարտութիւնկրած էին։ Թրքական պետութիւնը ի՛նք պատերազմ յայտարարած էր Ցարական Ռուսաստանի դէմ, 1914-ի աշնան թրքական զօրքը ձեռնարկած էր իր արշաւանքին, բայց Յունուար 1915-ին արդէն սկսած էր նահանջելու եւ ռուսականզօրքերուն ու հայ կամաւորական գունդերուն զիջելու Արեւմտեան Հայաստանի նահանգները։
Համիտեան շրջանի թրքական պետութեան անգլիամէտ ու ֆրանսամէտ քաղաքականութեան կռնակ դարձուցած եւ, 1912-1913-ի Պալքանեան Պատերազմիիր պարտութենէն վերականգնելու որոշումով, Կայսերական Գերմանիոյհետ զինակցած Իթթիհատական իշխանութիւնները կանգնած էին անփառունակ նոր պարտութեան մը սեմին։
Իթթիհատ վէ Թերաքքը (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի 8 Փետրուար 1915-ի այդ գաղտնի ժողովին (որունմանրամասնութիւնները բացայայտուեցան Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Իթթիհատական իշխանութեանց յանցանքները մերկացնող դատավարութեան ընթացքին), Էնվեր փաշա ահազանգ հնչեցուց թրքական պետութեան սպառնացող օրհասական վտանգին դէմ։
Արեւմուտքէն եւ հարաւէն Անգլիան ու Ֆրանսան, իսկ հիւսիսէն ու արեւելքէն Ռուսաստանը պաշարմանօղակը սկսած էին ծայր աստիճան սեղմել թրքական պետութեան շուրջ, որունուժասպառ անկումը անխուսափելի դարձած էր՝ արագացնելով ՕսմանեանԿայսրութեան ամբողջական անդամահատումը։
Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով՝ տարի մը առաջ արդէն, 1914ի Փետրուարին, ստեղծուած էր այսպէս կոչուած «Երեքի Գործադիր Կոմիտէ» մը՝ տոքթ. Նազըմի, Շաքիր Պեհաէտտինի եւ Միտհաթ Շիւքրիիմասնակցութեամբ: Հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին գործադրութիւնըմանրամասնօրէն նախապատրաստելու կոչուած էր այդ մարմինը, որ կառավարող եռապետութեան՝ Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի անմիջական հսկողութեան տակ, լծուած էր Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջ հայութեանտեղահանութիւնն ու ջարդը պետականօրէն ծրագրելու եւ կազմակերպելուաշխատանքին։
Կոմիտէն օժտուած էր ամենալայն լիազօրութիւններով։ Մանրամասն մշակած էր հայերու տեղահանութեան եւ ոչնչացման բոլորգործնական քայլերը՝ յստակացնելով տեղահանման ժամկէտները ըստ շրջաններու, տեղահանման ուղիները եւ վայրերը, ոչնչացման նպատակով անոնցկեդրոնացման վայրերը եւայլն։
Տոքթ. Նազըմ եղաւ 8 Փետրուար 1915-ի Իթթիհատի ղեկավարութեան այդգաղտնի ժողովին գլխաւոր զեկուցաբերը, որ հայ ժողովուրդի դէմ մշակուածցեղասպանութեան պետական ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու «հրամայական»ը շեշտեց հետեւեալ խօսքով.- «Հայ ժողովուրդը պէտք է ոչնչացնելհիմնովին, որպէսզի ոեւէ հայ չմնայ մեր երկրին մէջ եւ մոռցուի այդ անուննիսկ: Հիմա պատերազմ է եւ այսպիսի յարմար առիթ այլեւս չի գար:
Մեծ տէրութիւններու միջամտութիւնը եւ համաշխարհային մամուլի աղմկոտ բողոքները աննկատ կ’անցնին, իսկ եթէ նոյնիսկ անոնք իմանան իրականութիւնը, արդէն դրուած կ’ըլլան կատարուած փաստի առջեւ եւ, այդպիսով, հարցչի մնար: Այս անգամ մեր գործողութիւնները պէտք է կրեն հայերու ամբողջական ոչնչացման բնոյթ. անհրաժեշտ է ոչնչացնել բոլորը, մինչեւ վերջին մարդը… Ես կ’ուզեմ, որ այս հողին վրայ թուրքը եւ միայն թուրքը ապրի ու անբաժանելիօրէն տիրապետէ: Թող կորչին բոլոր ոչ-թուրք տարրերը, ինչ ազգութեան եւ կրօնի ալ պատկանին անոնք»:
Ցեղասպան այս տրամաբանութեամբ էր, որ Իթթիհատի ղեկավարութեանգաղտնի ժողովը որոշեց տխրահռչակ «Երեքի Կոմիտէ»-ի տրամադրութեանտակ դնել այսպէս կոչուած «Յատուկ Կազմակերպութիւնը», որ պիտիստանձնէր հայերու ցեղասպանութիւնը իրագործելու պարտականութիւնը:Անոր անմիջական ղեկավար նշանակուեցաւ Պեհաէտտին Շաքիրը: «Յատուկ Կազմակերպութիւնը» կազմուեցաւ բանտերէն յատուկ այդ նպատակով ազատ արձակուած քրէական յանցագործ ոճրագործներէ, չեթէներէեւ աւազակախումբերէ, որոնք ընդունակ էին ամենադաժան ոճիրներու իրագործման:
Եւ Պեհաէտտին Շաքիրի գլխաւորութեամբ՝ թրքական պետութեան «ՅատուկԿազմակերպութիւն»ը 8 Փետրուար 1915-ին կանաչ լոյս ստացաւ անցնելու…գործի։ Առաջին հերթին սկսան հայ պետական պաշտօնեաներու պաշտօնազրկումները, օսմանեան բանակի հայ սպաներուն ձերբակալութիւնները, զինաթափուած հայ զինուորներով «բանուորական վաշտեր»ու կազմութիւնը։
Պատահական չէր, որ Իթթիհատի ղեկավարութիւնը հայերու ցեղասպանութեան ծրագրին գործնական կիրարկումը սկսաւ առաջին հարուածը հասցնելով Օսմանեան Բանակ զօրակոչուած հայ զինուորներուն: Այդ քայլովթրքական պետութիւնը կը ձգտէր հայերը զրկել իրենց զինուորական ներուժէն: Թուրքիոյ ռազմական նախարար Էնվերի կողմէ նոյն օրը արձակուածհրամանով՝ բոլոր հայ զինուորները զինաթափուեցան եւ, բաժնուելով 50-էն100 հոգինոց խումբերու, իբր բանուոր տարուեցան ու սպաննուեցան:
Նպատակը հայութիւնը սկիզբէն իսկ զրկելն էր իր զինուորական ուժէն, որպէսզի ոչ ոք կարենար պաշտպանել հայերը, անոնց տունը, ունեցուածքը եւբնակավայրերը։
Հայոց բնակավայրերուն մէջ պէտք է մնային միայն ծերունիները, հիւանդները, կանայք, երեխաները եւ դեռահասները:
Այսօր արդէն Թանէր Աքչամի օրինակով թուրք այլախոհ մտաւորականներն ու ընդդիմախօս քաղաքական գործիչները կարեւորութեամբ կ՚ընդգծենու կը շեշտեն, որ Օսմանեան Կայսրութեան ստոյգ կործանման եւ անդամահատման վտանգին դէմ յանդիման՝ թուրք ազգայնամոլ պետական մտածողութիւնը ընտրեց «ներքին բիւրեղացում» առաջացնելու ուղին.- Այսինքն՝ թրքացեղ իր հասարակական շաղախը խանգարող հայերէն եւ ընդհանրապէսքրիստոնեաներէն ֆիզիքապէս «ձերբազատուելու» թրքական պետութեանցեղասպանական քաղաքականութիւնը…
Հայաստանն ու հայութիւնը, այդպէ՛ս, հռչակուեցան թրքական մարմնին մէջկազմաւորուած «օտար եւ կործանարար քաղցկեղ» մը, որ «արմատական վիրահատման» պէտք է ենթարկուէր։
Պալքանեան Պատերազմի օրերուն, երբ Իթթիհատի ղեկավարութիւնըկ’որոճար հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու ահաւոր այդծրագիրը, նման քայլի դիմելու «նպաստաւոր» պայմաններ չկային։ Ընդհակառակն՝ Հայկական Բարենորոգումներու իրագործման հետամուտ եւրոպական դիւանագիտութիւնը մօտէն կը հետեւէր թրքական իշխանութեանց քայլերուն եւ, հայ ժողովուրդի ազգային-մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքով, արդէն ձեռնամուխ եղած էր հայկական նահանգներուն ինքնավարութիւն տալու եւրոպական ծրագրին գործադրութեան։
Հետեւաբար, 8 Փետրուար 1915-ի Իթթիհատական ղեկավարութեան գաղտնի ժողովին, թրքական պետութեան վրայ իրենց մենիշխանութիւնը հաստատած Թալէաթներուն համար «հասունցած» կը թուէր «յարմար պահ»ը, որպէսզի գործադրութեան յանձնէին Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրը։
Ա՛յդ մեկնակէտով ալ Իթթիհատ տուաւ հրէշային իր որոշումը՝ հայ ժողովուրդին բնաջնջումը իրագործելու առաւելագոյն արագութեամբ եւ ամբողջական բրտութեամբ։
Թրքական պետութիւնը կը հիմնուէր պատեհապաշտ այն հաշուարկին վրայ,որուն համաձայն՝ Եւրոպա օրին պիտի չկարենար միջամտել, որովհետեւարդէն պատերազմի մէջ էր թուրքերուն դէմ։ Իսկ պատերազմի աւարտին, Թուրքիա յաղթած ըլլար թէ պարտուած, թրքական պետութիւնը փաստօրէնյաջողած պիտի ըլլար հայ ժողովուրդը բնաջնջելու իր ծրագրին գործադրութեան մէջ, նոյնիսկ «մարսած» պիտի ըլլար զտարիւն թուրք մեծամասնութեամբպետականութիւն առաջացուցած ըլլալու… «փառահեղ պատառ»ը։
Ահա այսպէ՛ս սկսաւ, 8 Փետրուար 1915-ին, թրքական պետութեան մշակածհայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ծրագրին գործադրութիւնը։
http://www.horizonweekly.ca