Երկու Հայ Պաշտօնեաներ Կը Վատնեն Հարկատուներու Գումարները Լոս Անճելըս Կատարած Անօգուտ Ճամբորդութեան Վրայ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2026 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Հայաստանի մէջ տիրող աղիտալի իրավիճակը բարելաւելու եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ամրապնդելու փոխարէն` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զբաղած է հայկական սփիւռքը վանելով:
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան իր երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները` գլխաւոր խորհրդական եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լիլիթ Մակունցը եւ աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը ուղարկեց Լոս Անճելըս` իբր թէ «հակազդելու ապատեղեկատուութեան», զոր կը տարածեն Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայերը: «Ապատեղեկատուութեան» հակազդելու փոխարէն` իրականութեան մէջ անոնք էին, որ կը տարածէին «ապատեղեկատուութիւն» Հայաստանի ներկայ վիճակին մասին: Անոնք ոչ միայն վատնեցին իրենց ժամանակը, այլ նաեւ, որ աւելի կարեւոր է, վատնեցին հայ հարկատուներու գումարները:
Ահա` այն սխալներէն քանի մը հատը, զորս այս երկուքը արձանագրեցին իրենց այցելութեան ընթացքին.
1.- Փետրուար 18-ին անոնք ելոյթ ունեցան Կլենտէյլի մէջ` Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան մէջ, փոքրաթիւ հայերու առջեւ: Նկատի ունենալով, որ անոնց ժամանման մասին որեւէ յայտարարութիւն չէր կատարուած, համայնքէն գրեթէ ոչ ոք տեղեակ էր, որ անոնք քաղաքին մէջ են: Հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ նոյնպէս որեւէ ծանուցում չկար անոնց ներկայութեան մասին: Եթէ անոնք գաղտնի պահած են իրենց այցելութիւնը` վախնալով բողոքներէ կամ քննադատութենէ, ապա բնաւ պէտք չէր գային: Անոնց կասկածամտութեան ցուցանիշ էր այն, որ անոնք այս հանդիպումին հրաւիրած էին միայն քանի մը կողմնակիցներ եւ մուտքին կանգնեցուցած էին երկու անձեր` վստահ ըլլալու, որ անբաղձալի հիւրեր մուտք չգործեն:
2.- Եթէ անոնց նպատակը հակահայաստանեան «ապատեղեկատուական արշաւին» հակազդելն էր, ապա`
Ա) Ինչո՞ւ անոնք իրենց հանդիպումը չէին կազմակերպած շատ աւելի մեծ դահլիճի մէջ, որպէսզի իրենց պատգամը լսելի դառնար հազարաւոր տեղացի հայերու, եւ ոչ միայն` հարիւր հոգիի: Ապշեցուցիչ է, բայց ինծի ըսին, որ հանդիպումին չէր մասնակցեր նոյնիսկ Հայաստանի տեղւոյն գլխաւոր հիւպատոսը:
Բ) Ինչո՞ւ անոնք չէին հրաւիրած լրատուամիջոցները իրենց տեղեկատուական հանդիպումին:
Գ) Ինչո՞ւ անոնք չէին կազմակերպած մամլոյ ասուլիս հայկական լրատուամիջոցներուն հետ` իրենց պատգամը համայնքին հասցնելու համար: Եթէ անոնք չեն կրնար դէմ յանդիման կանգնիլ հայկական լրատուամիջոցներուն, ապա ինչպէ՞ս կրնան դիմակայել Հայաստանի իսկական հակառակորդները:
Դ) 2025 թուականի ապրիլ 1-ին Հայաստանը վարձած էր ամերիկեան «Մըրքըրի փապլիք էֆերզ» լոպիական ընկերութիւնը` ամսական 50 հազար տոլար վճարելով: Այդ օրերու դեսպան Մակունցի ստորագրած պայմանագիրին մէջ նշուած էր, որ «Մըրքըրի»-ն պէտք էր Հայաստանին տրամադրէր «ռազմավարական հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու յարաբերութիւններու ծառայութիւններ»: Ինչո՞ւ Հայաստան ամսական 50 հազար տոլարի չափ մեծ գումար պիտի վճարէ մասնագիտական ընկերութեան մը եւ չօգտուի անոր ծառայութիւններէն: «Մըրքըրի»-ն դիւրութեամբ կրնար կազմակերպել մամլոյ ասուլիս թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ հայկական լրատուամիջոցներուն համար, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ` պետական պաշտօնեաներու եւ հայկական ու ամերիկեան կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Ե) Այլ սխալ մը, զոր Մակունցն ու Յարութիւնեանը արձանագրեցին, այն էր, որ իրենց ամերիկեան այցելութեան ծրագիրէն դուրս ձգեցին Զարեհ Սինանեանը` այսպէս կոչուած Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը, որ պէտք էր պատասխանատու ըլլար Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն: Եթէ Սինանեան ողնայար ունենար, ան նոյն օրը պէտք էր հրաժարական տար: Սակայն իրական յանցանքը Փաշինեանինն է, որ երկիրը կառավարելու փորձառութիւն չունի: Հակառակ պարագային, ան չէր նշանակեր Զարեհ Սինանեանի նման անփորձ անձ մը: Դժբախտաբար անձեռնհաս վարչապետը կը նշանակէ նոյնքան անձեռնհաս պաշտօնեաներ: Բացի ատկէ` Փաշինեան Մակունցը նշանակեց Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպան, հակառակ անոր որ վերջինս նման կարեւոր մայրաքաղաքի մէջ դեսպան ըլլալու անհրաժեշտ փորձառութիւնը չունէր: Ան չորս տարի իբրեւ դեսպան ծառայեց Ուաշինկթընի մէջ` հազուադէպօրէն հանդիպելով պետական պաշտօնեաներու հետ: Զայն աշխատանքէն արձակելու փոխարէն` Փաշինեան պարգեւատրեց Մակունցը` նշանակելով վարչապետի գլխաւոր խորհրդական: Ասիկա այն պարագան է, երբ կոյրը կ՛առաջնորդէ կոյրը: Անոր միակ յիշարժան ձեռքբերումը Փաշինեանին որոշ չափով անգլերէն սորվեցնելն էր:
Զ) Ցաւօք, ո՛չ Մակունցը, ո՛չ ալ ոեւէ այլ հայ պաշտօնեայ արտայայտութիւն մը ունեցաւ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելէ ետք Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի կողմէ «Էքս»-ի վրայ կատարուած գրառումէն «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը ջնջելու երեւոյթին: Նախորդ շաբաթ, երբ «Ֆոքս Թի. Վի.»-ն խնդրեց Մակունցին մեկնաբանել Վանսի այդ վիրաւորական քայլը, ան «մերժեց մեկնաբանել»: Աւելի՛ն. ան Թուրքիան ներկայացուց իբրեւ երկիր մը, որուն հետ` «Մենք ունեցած ենք շատ դժուարին պատմութիւն…»:
Նախորդ շաբաթ տեղեկացայ աւելի տարօրինակ իրավիճակի մը մասին. վարչապետի զուգընկերուհին` Աննա Յակոբեանը, Քաթարէն Լոս Անճելըսի վրայով մեկնեցաւ Ֆորթ Ուորթ` Թեքսաս, եւ այցելեց պուտտայական վանականներու Huong Dao Vipassana Bhavana կեդրոնը: Դիմատետրի վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ ան արցունքն աչքերուն խօսած է` բաղդատելով պուտտայական վանականներու 2500 մղոննոց «Խաղաղութեան քայլարշաւը» Միացեալ Նահանգներու մէջ` Փաշինեանի 2018 թուականի Գիւմրիէն Երեւան կատարած քայլարշաւին հետ: Ան նաեւ հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կը քալէ «Խաղաղութեան շուն Ալոքայի» հետ, որ ընկերակցած է վանականներուն, ինչպէս որ, ըստ իրեն, Չալօ անունով հայկական շունը ընկերակցած էր Փաշինեանին անոր նշանաւոր քայլարշաւին ընթացքին:
Նախորդ շաբաթ Աննա Յակոբեան Դիմատետրի վրայ նաեւ հրապարակեց տարօրինակ մեկնաբանութիւն մը. «Վարչապետ Փաշինեանի եւ իմ քաղաքացիական ամուսնութիւնն աւարտուել է»: Որոշ մարդիկ այս գրառումը մեկնաբանեցին իբրեւ բաժանման յայտարարութիւն, իսկ ուրիշներ կարծեցին, թէ զոյգը վերջապէս որեւէ արարողութեամբ ամուսնացած է` տասնամեակներ միասին ապրելէ եւ չորս զաւակներ ունենալէ ետք: Մէկ տարի առաջ Փաշինեան Դիմատետրի վրայ յայտարարած էր, որ ինքը եւ Աննան ո՛չ եկեղեցական, ո՛չ ալ քաղաքացիական ամուսնութիւն կնքած են: Երջանկութիւն կը մաղթեմ նորապսակներուն:
