Իրանի Վրայ Յարձակումի 4-րդ Օր. Թրամփ. «Բաւարար Զէնք-Զինամթերքի Պահեստ Ունինք Եւ Պատրաստ Ենք Ջախջախիչ Յաղթանակ Արձանագրելու»

Իրանի Վրայ Յարձակումի 4-րդ Օր. Թրամփ. «Բաւարար Զէնք-Զինամթերքի Պահեստ Ունինք Եւ Պատրաստ Ենք Ջախջախիչ Յաղթանակ Արձանագրելու»

04 ՄԱՐՏ 2026 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Ամերիկեան զինամթերքի պահեստները աւելի մեծ են, քան երբեւէ»:

«Բաւարար զէնք ու զինամթերքի պահեստ ունինք, եւ պատրաստ ենք ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրելու», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Մեզմէ հեռու պետութիւններու մէջ բարձրորակ զէնքերու յաւելեալ մեծ քանակներ կը պահեստաւորենք», ըսաւ ան:

Թրամփ նաեւ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմ շղթայազերծելու համար Բրիտանիոյ կարիքը չունին»:

«(Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր) Սթարմըր գործակցութիւն չցուցաբերեց, եւ ներկայիս Եւրոպայի մէջ այլ պետութիւններու հետ շատ հզօր յարաբերութիւններ ունինք», ընդգծեց ան:

Թրամփ աւելի ուշ «Փոլիթիքօ»-ին յայտնեց. «Իրանի կենսական զէնքերու պահեստը սկսաւ սպառիլ, եւ ես իշխող վարչակարգի կարգ մը անդամներուն հետ աշխատելու նկատմամբ դրական տրամադրուած եմ»:

Կիպրական կառավարական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ իրանեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք թիրախաւորած էին Կիպրոսի մէջ բրիտանական ռազմակայանը, Լիբանանէն արձակուած են` հաւանաբար Հըզպալլայի կողմէ:

Յիշեցնենք, թէ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր կիրակի գիշեր «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ տեսագրուած ուղերձ մը յղելով յայտնած էր, թէ իր երկիրը հաւանութիւն տուած է իրանեան հրթիռներու դէմ պաշտպանողական «որոշակի ու սահմանափակ» նպատակով յարձակումներ շղթայազերծելու համար բրիտանական ռազմակայանները օգտագործելու ամերիկեան խնդրանքին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր Իրանի դէմ կանխարգելիչ յարձակում շղթայազերծած են, իմանալէ ետք, թէ իրենց դաշնակիցը` Իսրայէլը մտադիր է յարձակում շղթայազերծել, ինչ որ ամերիկեան ուժերուն դէմ վրիժառական հակադարձութեան պիտի յանգեցնէր:

«Գիտէինք, թէ իսրայէլեան գործողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Գիտէինք, թէ ատոր պիտի յաջորդէ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակում մը, եւ գիտէինք, թէ եթէ այդ յարձակումները շղթայազերծելէ առաջ անոնց հարուածելու չձեռնարկենք, մարդկային աւելի մեծ կորուստներ կ՛ունենանք», ըսաւ ան:

«Եթէ անոնց հակադարձելու համար այդ յարձակումին սպասէինք, մարդկային աւելի մեծ կորուստներ կ՛ունենայինք: Ուստի, նախագահին որոշումը շատ իմաստուն էր», յայտնեց Ռուպիօ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանէն անմիջական վտա՞նգ կը դիմագրաւէին, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ առանցքային է, նկատի ունենալով, որ սահմանադրութեան համաձայն պատերազմ յայտարարելու իրաւունքը կը պատկանի Քոնկրեսին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Իրապէս անմիջական վտանգ կար, եւ անմիջական վտանգը մեր տեղեկութեամբ այն էր, որ եթէ Իրան յարձակումի ենթարկուի, եւ կը կարծէինք, թէ ատիկա տեղի պիտի ունենայ, անոնք անմիջապէս մեր վրայ յարձակում պիտի գործեն»:

Ան նշեց, որ եթէ Իրանը առաջին քայլը կատարելով ամերիկեան ուժերը հարուածած ըլլար, «հիմա բոլորս ալ մեր տեղեակ ըլլալով քայլ չառնելու մասին հարցումներու պիտի պատասխանէինք»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնը «անվերջ պատերազմ» պիտի չըլլայ, սակայն կրնայ որոշ ժամանակ տեւել:

«Հարցը կրնայ որոշ ժամանակի կարօտիլ, սակայն տարիներ պիտի չտեւէ», աւելցուց ան:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան ուժերը քանդած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող հրամանատարական ու ղեկավարման կառոյցներ:

Հրամանատարութիւնը նաեւ նշեց, որ Իրանի մէջ գործողութեան ընթացքին ամերիկեան ուժերը քանդած են հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւնները, հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքերու արձակման դիրքերն ու զինուորական օդակայանները:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ 20 անօդաչու թռչող սարքերով եւ 3 հրթիռներով քանդած է Պահրէյնի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի ղեկավարութեան ու սպայակոյտի գլխաւոր շէնքը` աւելցնելով, որ ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով անոր վառելանիւթի պահեստանոցներուն մէջ հրդեհ յառաջացած է:

Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ յայտարարեց, թէ յարձակումի ենթարկած է Տուպայի մէջ համախմբուած 160 ամերիկացի զինուորներ, եւ պատերազմի առաջին երկու օրուան ընթացքին ամերիկացի սպաննուած եւ վիրաւորուած զինուորներուն թիւը հասած է 650-ի:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ իր զոհերուն թիւը բարձրացած է 6-ի:

Իրանեան Կարմիր մահիկը յայտարարեց, թէ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 787-ի:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իրանի պաշտպանութեան նոր նախարարը ահաբեկուած է: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մօտիկ լրատուամիջոցները հաստատեցին, որ երկու օր առաջ նշանակուած նախարարը սպաննուած է:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանի Մասնագէտներու խորհուրդը յարձակումի ենթարկուած է, երբ Քոմի մէջ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ ընտրելու համար ժողով կը գումարէր:

Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց. «Մասնագէտներու խորհուրդի բոլոր 88 անդամները յարձակումի պահուն Քոմի մէջ շէնքին մէջ չէին, այլ շատ աւելի նուազ թիւ մը ներկայ էր:

Ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան, յարձակումի ենթարկուած շէնքը հին ու մասնակի է, եւ ժողովներու գումարման համար չ՛օգտագործուիր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները յորդորեց միջինարեւելեան 12 երկիրներէ, ներառեալ Լիբանանէն ու Եգիպտոսէն հեռանալու:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իւրանիոմի հարստացման Նաթանզ կայանը վնասներ կրած է, սակայն նշեց, որ այդ պատճառով շողարձակումի որեւէ ազդեցութիւն չի նախատեսեր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Եւրոպական զինուորական որեւէ շարժում պիտի նկատենք հակադարձութեան արժանի պատերազմական արարք»:

Ուիթքոֆ. «Թրամփ Արդար Գործարք Առաջարկեց,
Սակայն Թեհրան Ամբողջովին Մերժեց Առաջարկը»

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Ժընեւի մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն, յայտնեց. «Իրանցի բանագնացները բանակցութիւնները սկսան յայտնելով, որ իւրանիոմ հարստացնելու իրաւունքը ունին, ուստի ամերիկեան պատուիրակութիւնը անոնց պատասխանեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ալ իրաւունքը ունի ձեզ կանգնեցնելու»:

«Թրամփ ջանաց յաջողցնել բանակցութիւնները` առաջարկելով «արդար գործարք» մը, որ ներառեց արտասահմանէն Իրանին հիւլէական վառելանիւթի ապահովում, սակայն Թեհրան կտրուկ կերպով մերժեց առաջարկը», յայտնեց Ուիթքոֆ` աւելցնելով. «Ամերիկեան կողմը այդ պահուն հաստատօրէն իմացաւ, թէ իրանեան կողմը միայն հիւլէական զէնքով զինուելու նպատակով իւրանիոմի հարստացման կառչելէն որեւէ այլ նպատակ չունի»:

Ամերիկացի պատուիրակը նշեց, որ բանակցութիւններու երեք փուլերը սկսած են իւրանիոմի հարստացման վերաբերեալ իրանեան «անբանակցելի» պահանջներով:

«Իրանցի բանագնացները պարծեցան 460 քիլոկրամ 60 առ հարիւրով հարստացուած իւրանիոմ ունենալով, անոնք գիտեն, թէ այդ քանակը բաւարար է 11 հիւլէական ռումբ արտադրելու համար: Այդ պարծենալը բանակցութիւններուն աւարտին սկիզբը եղաւ», նշեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադառնալով Ուիթքոֆի յայտարարութիւններուն յայտնեց. «Այն պնդումը, թէ Ժընեւի մէջ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին առաջարկներ ստացանք եւ զանոնք մերժեցինք, պարզապէս պատերազմի շղթայազերծման արդարացում է»:

Ռիատ. «Իրանեան Բացայայտ Վարմունքը
Շրջանը Պիտի Մղէ Դէպի Յաւելեալ Մագլցում»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ռիատ կը մերժէ եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ «Ռիատի մէջ ամերիկեան դեսպանատան վրայ իրանեան անարգ յարձակումը»` նկատելով, որ «իրանեան երկչոտ ու անարդարանալի յարձակումը կը հակասէ բոլոր կանոններուն ու սկզբունքներուն»:

«Իրանեան բացայայտ վարքագիծի կրկնութիւը շրջանը պիտի մղէ դէպի յաւելեալ մագլցում», շեշտեց նախարարութիւնը:

«Թեհրան գործեց հակառակ իմանալուն, թէ թագաւորութիւնը պիտի չարտօնէ իր օդային տարածքը Իրանի թիրախաւորման համար օգտագործել», նշեց Ռիատ:

Փաքիստանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար յայտնած է. «Իրանին ըսինք, որ մեր եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ հասարակաց պաշտպանութեան համաձայնութիւնը նկատի ունենայ»:

Տոհա. «Այսպիսի Յարձակումները
Անպատասխան Պիտի Չմնան»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իրան նախապէս Քաթարը տեղեակ չպահեց հրթիռային յարձակումներէն»:

«Միայն զինուորական կառոյցները չեն թիրախաւորուած, այլ նաեւ պետութեան բոլոր հողերը», նշեց նախարարութիւնը:

Քաթար նաեւ յայտարարեց. «Այսպիսի յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան»:

«Երէկ վար առնուած իրանեան օդանաւերը քաթարեան օդային տարածք մուտք գործեցին եւ զգուշացուեցան», ըսաւ նախարարութիւնը:

«Քաթար ապացուցեց, թէ կարելի չէ անոր սպառնալ, եւ տակաւին կը պահպանենք մեր ամբողջական պատրաստուածութիւնը», շեշտեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Հակաօդային հրթիռներու մեր պահեստը չցամքեցաւ, եւ ունեցածնիս բաւարար է շարունակուող վտանգին դէմ դնելու»:

Քուէյթ. «Իրաւունք Ունինք Մեր Անվտանգութիւնը
Պահպանելու Համար Բոլոր Քայլերը Որդեգրելու»

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կը մերժէ եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ իրանեան բացայայտ յարձակումը, որուն թիրախը Քուէյթի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունն էր, եւ զայն նկատեց 1949 թուականի Ժընեւի եւ 1961 թուականի դիւանագիտական յարաբերութիւններու Վիեննայի համաձայնագիրներու խախտում:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց, որ Քուէյթը իրաւունք ունի իր անվտանգութիւնը, հողերու, քաղաքացիներու եւ իր հողերուն վրայ բնակողներուն անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրելու:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Մոհամետ Պետիաուի իր կարգին յայտնեց. «Ծոցի երկիրներուն վրայ Իրանի յարձակումներուն շարունակումը անոր չարամիտ նպատակներուն բացայայտ ապացոյցն է»:

«Իրան պէտք է դադրեցնէ իր բարբարոսական յարձակումները», նշեց ան:

Թեհրան. «Պատերազմը Դադրեցնելու Ուղին
Մեր Երկրին Վրայ Յարձակումի Դադրեցումն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատերազմը դադրեցնելու ուղին մեր երկրին վրայ յարձակումի դադրեցումն է»` աւելցնելով. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է այդ առնչութեամբ իր պատասխանատուութիւնները վերցնէ»:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է նախայարձակ կողմերուն պարտադրէ իրենց յարձակումը դադրեցնել, ինչ որ շրջանին մէջ կայունութիւնը կը վերականգնէ», յայտնեց նախարարութիւնը:

«Մինչեւ վերջին պահ աշխատանք տարինք պատերազմի մէջ չմտնելու, սակայն հակառակորդ կողմը մեր վրայ յարձակում գործելու որոշում տուաւ», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Չինաստան. «Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ
Մեր Անվտանգութեան Երաշխաւորման Համար
Անհրաժեշտ Քայլերը Պիտի Որդեգրենք»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ուժանիւթի ոլորտին մէջ մեր անվտանգութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ քայլերը պիտի որդեգրենք»:

Նախքան այդ, աղբիւրներ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին. «Չինացի պաշտօնատարներ Իրանի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի խուսափի որդեգրելէ որեւէ քայլ, որ քաթարեան կազի արտածումները կը խափանէ»:

Լաւրով. «Իրանի Վրայ Կատարուող Յարձակումներուն
Հետեւանքները Կը Զգացուին Ամբողջ Շրջանին Մէջ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պրունէյի մէջ յայտարարած է, թէ Ռուսիան տակաւին որեւէ ապացոյց չէ տեսած, թէ Իրան հիւլէական զէնք կը մշակէ, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը շարունակեն իրենց յարձակումները:

«Մենք տակաւին որեւէ ապացոյց չենք տեսներ, որ Իրանը հիւլէական զէնք կը մշակէ, ինչ որ պատերազմի հիմնական, եթէ ոչ միակ արդարացումն էր», յայտարարեց Լաւրով:

«Կան թէ՛ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, թէ՛ ամերիկեան արհեստավարժ հետախոյզներու հաստատումներ, թէ Իրանը հիւլէական զէնք չէ արտադրած եւ չէ փորձած արտադրել», ըսաւ ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Իրանի վրայ կատարուող յարձակումներուն հետեւանքները կը զգացուին ամբողջ շրջանին մէջ, եւ արաբական երկիրները տնտեսական վնասներ ու կորուստներ կը կրեն:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Քաթարի կողմէ բնական կազի արտադրութեան դադրեցումէն ետք, Հնդկաստան սկսած է ճարտարարուեստի յատկացուած կազի պաշարները խնայողութեան ենթարկել, իսկ «Կիլ» ընկերութիւնն ու հնդկական քարիւղի ընկերութիւնը երէկուընէ նուազեցուցած են տեղական գնորդներու կազի մատակարարումը:

Կազ ներածող հնդկական մեծագոյն ընկերութիւնը` «Փեթրոնեթ»-ը այլ ընկերութիւններու կողքին հաղորդած է Քաթարէն բնական կազի մատակարարումներու նուազման մասին:

Հարաւային Քորէայի ուժանիւթի նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Քաթարի բնական կազ արտադրելէ դադրելէն ետք, նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի կազի այլընտրանքային մատակարարումներ ապահովելու:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու քարիւղի ապագայ պայմանագիրներու գինը բարձրացած է 73,23 տոլարի:

ԱՖՓ հաղորդեց, որ երէկ Եւրոպայի մէջ կազի գիները յաւելեալ 30 առ հարիւրով բարձրացած են: Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ անոր գինը բարձրացած էր 50 առ հարիւրով` շրջանցելով 46 եւրոն:

ԱՖՓ նաեւ հաղորդեց, որ «Պրենթ» քարիւղի տակառի գինը յունիս 2024-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով շրջանցած է 85 տոլարը:

Միջազգային դրամական ֆոնտը յայտնեց. «Կը հետեւինք բոլոր զարգացումներուն: Շրջանային ու միջազգային տնտեսութեան վրայ հետեւանքները գնահատելու համար տակաւին կանուխ է»:

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ սէուտական քարիւղի ԱՐԱՄՔՕ ընկերութիւնը քարիւղի, ներառեալ արեւելք-արեւմուտք խողովակաշարի ճամբով արտածման այլընտրանքային ուղիներ կը սերտէ:

«Ռոյթըրզ» աւելի ուշ ալ հաղորդեց, որ ԱՐԱՄՔՕ իր յաճախորդներուն յայտնած է, որ քարիւղի բեռը պէտք է ստանձնեն Կարմիր ծովուն վրայ գտնուող Եունպուհ նաւահանգիստէն:

Իրաքցի երկու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին. «Իրաք պիտի ստիպուի քանի մը օրէն քարիւղի իր օրական արտադրութիւնը աւելի քան 3 միլիոն տակառով նուազեցնել, եթէ քարիւղատար նաւերը չկարենան նաւարկել»:

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ ռուսական հացահատիկներու Իրան արտածումը շաբաթ օր Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարձակումէն ետք դադրած է, սակայն Թեհրանը, որ Ռուսիոյ հացահատիկի երրորդ մեծագոյն գնորդն է, արդէն գնած եւ ստացած է այս եղանակին ռուսական ցորենի սպասուող գնումներուն մինչեւ 95 առ հարիւրը:

Թրամփ. «Կը ՄաղթենքՈր Պատերազմը
Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Աւարտի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Կը մաղթենք, որ պատերազմը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտի, եւ ամերիկեան ու իսրայէլեան բանակները կարենան այդ մէկը կատարել»` աւելցնելով. «Իրանի մէջ ամէն ինչ քանդուեցաւ»:

«Նախկին շահին զաւակը կրնայ ընտրանք մը ըլլալ, սակայն երկրին ներսէն անձ մը երկրի ղեկավարման համար աւելի յարմար պիտի ըլլայ», ըսաւ Թրամփ:

«Յոռեգոյն բեմագրութիւնը այն է, որ Իրանը հարուածես, եւ նախկինին չափ վատ մէկը հասնի իշխանութեան», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Սպանիոյ հետ առեւտրական յարաբերութիւնները պիտի խզենք, եւ ես Բրիտանիայէն եւս դժգոհ եմ», նշեց Թրամփ:

aztagdaily.com/archives/679651

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail