Իրանի Վրայ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Յարձակումն Ու Իրանեան Հակադարձութիւնը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան

HİLAL VE YlLDIZ ERMENİ SEMBOLLERİDİR . The Crescent and Star are Armenian symbols

Իրանի Վրայ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Յարձակումն Ու Իրանեան Հակադարձութիւնը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան

04 ՄԱՐՏ 2026 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումը երէկ 3-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Իրան իր կարգին շարունակեց յարձակումին հակադարձել` թիրախաւորելով շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններն ու Իսրայէլը:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի մեկնաբանելով «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հաղորդած այն լուրը, թէ ինք Օմանէն միջնորդներու ճամբով ներկայացուցած է Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները շարունակելու նախաձեռնութիւն մը, ընդգծեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի չբանակցինք»:

Լարիժանի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր «Նախ Ամերիկան» նշանաբանը վերածեց «Նախ Իսրայէլը»-ի եւ ամերիկացի զինուորները իսրայէլեան տիրապետութեան մոլուցքին զոհ դարձուց:

«Մեր ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան դիրքի վրայ է, եւ յարձակումը սկսողը մեր զինեալ ուժերը չէին», աւելցուց ան:

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Տան Քէյն յայտարարեց, թէ «ամերիկեան ուժերու դէպի Միջին Արեւելք հոսքը կը շարունակուի»` աւելցնելով. «Ասիկա պատերազմ մըն է, որ ժամանակ պիտի առնէ եւ նախորդներուն նման չէ»:

«Ասիկա մէկ օրէն միւսը աւարտող գործողութիւն չէ, եւ յաւելեալ կորուստներ կը նախատեսենք», նշեց ան:

Թրամփ եւս «Տը Աթլանթիք»-ին յայտնած էր. «Իրանի նոր ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ երկխօսութիւն կատարել: Ես համաձայն գտնուեցայ, եւ անոնց հետ պիտի խօսիմ»:

Լարիժանի աւելի ուշ ալ յայտարարեց. «Իրանը, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն, ինքզինք երկարատեւ պատերազմի պատրաստած է»:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ նշեց. «Այս գործողութիւնը Իրաքի պատերազմին կամ անվերջ պատերազմի պէս չէ»` աւելցնելով. «Այս պատերազմը պիտի աւարտի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պայմաններուն համաձայն»:

«Պատմութեան մէջ ամէնէն կործանիչ օդային արշաւը կը շղթայազերծենք եւ ռազմավարական հրթիռներ օգտագործեցինք», ըսաւ ան:

Հեկսեթ յայտարարեց. «Որեւէ ընտրանք չենք բացառեր, եւ պիտի կռուինք մինչեւ յաղթանակի արձանագրումը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ահաբեկման վերաբերեալ ՄԱԿ-ին յղած իր նամակին մէջ ընդգծեց. «Այս յարձակումը ծանր հետեւանքներ ունի, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը զայն գործողին ուսերուն է»:

«Իրանի մէջ բարձրագոյն պաշտօնատարի թիրախաւորումը պետութիւններու յարաբերութիւններու արժեչափերու բացայայտ խախտում է», աւելցուց Արաղչի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտարարեց, թէ իր վարչակազմը ճշդած է Իրանի ղեկավարման հաւանական թեկնածուները` աւելցնելով, որ առաջին հարուածը շատ յաջող էր, եւ անոնց (Իրանի ղեկավար անձնաւորութիւններու, «Ա.») մեծամասնութեան սպանութեան յանգած է:

«Իրանը մեր մտածած անձերէն ոչ ոք պիտի ղեկավարէ, որովհետեւ բոլորն ալ սպաննուեցան», ըսաւ ան` նշելով. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը սպաննեցի, նախքան որ ան զիս սպաննէ: Անոնք երկու անգամ փորձեցին զիս սպաննել, սակայն ես առաջինը իրեն հասայ», ըսաւ ան:

«Իրանցիները հետս կապ հաստատեցին ռմբակոծումէն վերապրած անձնաւորութեան մը ճամբով, որ այլեւս գերագոյն հոգեւոր պետին ենթակայ չէ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու շարքերուն մէջ 3 զոհեր կան, իսկ իրանցիները նոյնիսկ կարող չեն իրենց զոհերուն թիւը իմանալ»:

Թրամփ նախքան այդ «Նիւ Եորք Թայզմ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակը մտադիր է անհրաժեշտութեան պարագային 4-էն 5 շաբաթներու վրայ շարունակել Իրանի դէմ իր յարձակումը:

«Փենթակոն բաւարար ուժեր, հրթիռներ ու ռումբեր կը պահէ անհրաժեշտութեան պարագային Իրանի դէմ յարձակումը շարունակելու համար», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ նաեւ յայտարարեց. «Իրանի ղեկավարման համար չափազանց լաւ երեք ընտրանքներ ունիմ, եւ զանոնք պիտի չբացայայտեմ: Ձգեցէ՛ք, որ նախ առաքելութիւնը ամբողջացնենք»:

«Կը յուսամ, որ իրանեան ուժերու ընտրանին, ներառեալ Յեղափոխական պահակագունդի անդամները իրենց զէնքերը իրանցի ժողովուրդին յանձնեն», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Թրամփ աւելի ուշ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Տակաւին անոնց ուժեղ հարուածներ տալու չսկսանք: Մեծ ալիքը տակաւին տեղի չունեցաւ, սակայն շուտով կու գայ»: Ան «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթին ալ յայտնեց, որ պիտի չտատամսի ամերիկեան ցամաքային ուժեր իրանեան հողեր ուղարկելու, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր կիրակի գիշեր «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ տեսագրուած ուղերձ մը յղելով յայտնեց, թէ իր երկիրը հաւանութիւն տուած է իրանեան հրթիռներու դէմ պաշտպանողական «որոշակի ու սահմանափակ» նպատակով յարձակումներ շղթայազերծելու համար բրիտանական ռազմակայանները օգտագործելու ամերիկեան խնդրանքին: Երկուշաբթի օր ժամը 00:03-ին իրանեան «Շահետ» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց Աքթրոթիրի մէջ բրիտանական օդուժի ռազմակայանին մէջ մեքենայ մը` պատճառելով նիւթական թեթեւ վնասներ:

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երկուշաբթի առաւօտեան յայտարարեց. «Մեր երկիրը որեւէ զինուորական գործողութեան չի մասնակցիր, ո՛չ ալ մտադիր է մասնակցելու»:

«Կը շարունակենք յանձնառու մնալ մարդասիրական դերին, որ այս ամբողջ փուլին վարած ենք` միշտ մաս կազմելով լուծումին եւ ոչ թէ` խնդիրին, եւ պիտի շարունակենք նոյն պատասխանատուութեամբ գործել», ըսաւ Խրիսթոտուլիտես:

Իրանեան յարձակումէն ետք ոչ կենսական անձնակազմը հեռացաւ բրիտանական ռազմակայանէն:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլի յայտարարեց, թէ երկու հրթիռներ արձակուած են Կիպրոսի ուղղութեամբ, ուր բրիտանական ուժերու հազարաւոր զինուորներ տեղակայուած են:

«Իրանեան հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր ինկան Պահրէյնի մէջ մեր զինուորներէն հարիւրաւոր մեթրեր հեռաւորութեան վրայ», աւելցուց ան:

Կիպրական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Տուեալները ցոյց կու տան, թէ Կիպրոսի մէջ բրիտանական ռազմակայանը թիրախաւորած անօդաչու թռչող սարքերը Լիբանանէն Հըզպալլան արձակած է»:

Յունաստան երէկ յայտարարեց, թէ երկու յածանաւ եւ «Էֆ-16» տիպի օդանաւեր կ՛ուղարկէ Կիպրոս:

Իսրայէլեան աղբիւրներ կիրակի օր իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած էին, թէ Իրանէն Կիպրոսի մէջ բրիտանական ռազմակայանին ուղղութեամբ արձակուած հրթիռները ծովը ինկած են:

Աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեցին. «Փենթակոնի եւ Թրամփի վարչակազմի անդամներուն մօտ հետզհետէ աճող մտահոգութիւն գոյութիւն ունի, թէ Իրանի հետ հակամարտութիւնը վերահսկողութենէ դուրս կու գայ»:

Աղբիւրները նաեւ օրաթերթին նշեցին. «Իրան ամբողջ ուժով կը հակադարձէ, եւ յարձակումներու հսկայական թիւն ու թիրախաւորուած վայրերու բազմազանութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառեն»:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց. «Ամերիկեան հալածիչ մը ջախջախուեցաւ Քուէյթի մէջ Ալի Սալեմ ռազմակայանին մօտ»: Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Ամերիկեան շարք մը պատերազմական օդանաւեր ջախջախուեցան, եւ անոնց բոլորին անձնակազմը փրկուեցաւ»:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ 1 մարտին Քուէյթի վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան երեք «Էֆ-15 Սթրայք Իկըլ» տիպի օդանաւեր վար առնուած են` բարեկամ կողմէ մը կրակոցի ենթարկուելնուն պատճառով:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յեղափոխական պահակագունդը կը յայտարարէ, թէ յարձակումի 10-րդ ալիքի ծիրին մէջ թիրախաւորած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակն ու իսրայէլեան օդուժի հրամանատարին կեդրոնատեղին:

Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու, Իրանի վրայ կատարուած յարձակումներուն պատճառով իրանեան բանակէն 5 եւ Յեղափոխական պահակագունդէն 3 զինուորներ սպաննուած են:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սպաննուած ամերիկացի զինուորականներու թիւը բարձրացած է 4-ի:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ աւելի քան 2500 իրանեան զինուորական սարքեր եւ 600 ենթակառոյցներ քանդած է:

Սահեր. «Իսրայէլ Աշխատանք Կը Տանի
Իրանի Մէջ Վարչակարգը Փոխելու»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան վերաբերող երկարատեւ նպատակներու իրագործման կը ձգտի:

Սահեր դիւանագէտներուն իր ներկայացուցած զեկուցումին մէջ նշեց. «Այս պատերազմին նպատակը երկար ժամկէտի վրայ Իսրայէլի համար գոյութենական սպառնալիքները վերջնականապէս վերացնելն է: Բայց եւ այնպէս, այդ նպատակի իրագործումը անկարելի է, այնքան ատեն որ Իրանի մէջ ներկայ վարչակարգը կը գոյատեւէ»:

«Թեհրան տակաւին յանձնառու է Իսրայէլը քանդելու գաղափարին եւ ան իր ռազմավարութիւնը նուազագոյն փոփոխութեան չենթարկեց», ըսաւ ան` վկայակոչելով «հիւլէական զէնք ձեռք բերելու աշխատանքը, ճարտարարուեստական մակարդակով հեռահաս թեւաւոր հրթիռներու արտադրութիւնը եւ մեր սահմանի երկայնքին ահաբեկչական խմբաւորումներ օգտագործելը»:

Նախարարը աւելցուց, որ Իրան փորձած է իր հիւլէական ծրագիրն ու հրթիռներու արտադրութիւնը թաքցնել գետնի խորքը` օդային յարձակումներէն «անձեռնմխելիութեան գօտի» ստեղծելու համար:

«Այդ բոլորը մեզի մղեց աներկբայելի եզրակացութեան` պէտք է գործի լծուինք, եւ ատոր ժամանակը եկաւ», ըսաւ Սահեր:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Իրանի մէջ իր գործողութիւններուն մէջ Իսրայէլի ներկայ կեդրոնացումը իրանեան վարչակարգին ձեռքերը կապելն ու անոր տապալման հասնիլն է` աւելցնելով, որ Իսրայէլ «իր ձեւով կը գործէ»` իրանցիները յորդորելով փողոցներ դուրս գալու:

Պարրօ. «Ֆրանսան Պատրաստ Է
Ծոցի Երկիրներու Եւ Յորդանանի
Պաշտպանութեան Մասնակցելու»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նուել Պարրօ յայտնեց. «Իրանի դէմ իսրայէլեան եւ ամերիկեան միակողմանի յարձակումները պէտք էր քննարկել ՄԱԿ-ի նման ճիշդ այս նպատակին համար ստեղծուած միջազգային մարմիններու առջեւ»:

«Բոլորը կրնային իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնիլ, որովհետեւ ուժի կիրարկման անհրաժեշտ օրինականութիւն կարելի է ապահովել միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ճամբով», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

«Ֆրանսան իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր բարեկամ պետութիւններուն, որոնք դիտաւորեալ կերպով Յեղափոխական պահակագունդի հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորուեցան եւ ներքաշուեցան պատերազմի մը մէջ, որ իրենք չընտրեցին` Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Քաթարին, Իրաքին, Պահրէյնին, Քուէյթին, Օմանին եւ Յորդանանին: Ֆրանսան ամբողջովին պատրաստ է անոնց պաշտպանութեան մասնակցելու», յայտարարեց Պարրօ:

Փեսքով. «Ռուսիան Թեհրանի Վրայ
Բացայայտ Յարձակումի Հարցով
Իրանի Հետ Մնայուն Կապի Մէջ Է»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Ռուսիան Թեհրանի վրայ բացայայտ յարձակումի հարցով Իրանի հետ մնայուն կապի մէջ է»:

«Ռուսիան նաեւ կապի մէջ է հակամարտութենէն վնասուած մնացեալ պետութիւններուն, ներառեալ Ծոցի պետութիւններուն հետ», նշեց Փեսքով:

Եի. «Չինաստան Պատրաստ Է Պատերազմի
Դադրեցման Մէջ Շինիչ Դեր Ստանձնելու»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց. «Իր գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան մէջ կ՛աջակցինք Իրանին»:

«Փեքին Ամերիկան եւ Իսրայէլը կը յորդորէ անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները», նշեց ան:

Չինական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Փեքին պատրաստ է խաղաղութեան հաստատման ու պատերազմի դադրեցման մէջ շինիչ դեր ստանձնելու»:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր չին պաշտօնակիցին ներկայացուցած է ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումին վերջին զարգացումները:

Նախարարութիւնը նշեց. «Արաղչի վստահեցուց, որ Թեհրան Ծոցի պետութիւններուն նկատմամբ որեւէ թշնամանք չունի, եւ վճռակամ է անոնց հետ լաւ յարաբերութիւնները շարունակելու»:

Բրիտանիոյ Վարչապետ. «Իրանի Դէմ
Գործողութիւններուն Պիտի Չմասնակցինք»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտնեց. «Մենք Իրանի դէմ առաջին յարձակումին մասնակից չէինք»: Ան այս ծիրին մէջ նաեւ նշեց. «Ուաշինկթըն մեզէ արտօնութիւն խնդրեց մեր ռազմակայանները օգտագործել, եւ հաւանութիւն տուի դաշնակիցները եւ բրիտանացիները պաշտպանելու համար»:

«Մեր օդանաւերը յաջողեցան դէմ դնել իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու», նշեց ան:

«Յստակ է, թէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի մահը Իրանի յարձակումները պիտի չդադրեցնէ, այլ զանոնք պիտի աւելցնէ», ըսաւ Սթարմըր:

Բրիտանիոյ վարչապետը նաեւ յայտարարեց. «Պարտաւորութիւնս է բրիտանացիներու կեանքերը պաշտպանել, եւ այդ պատճառով ալ բրիտանական «Թայֆուն» եւ «Էֆ-35» օդանաւերը շրջանին մէջ թռիչքներ կը կատարեն»:

«Իրանի դէմ գործողութիւններուն պիտի չմասնակցինք, եւ մեր դերը պաշտպանութեամբ կը սահմանափակուի», նշեց Սթարմըր:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ռաս Թաննուրայի մէջ սէուտական ԱՐԱՄՔՕ քարիւղի զտարանը անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի ենթարկուելէ ետք առ ի նախազգուշացում փակուեցաւ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ «Կոլֆ Քիսթոն Փեթրոլիում» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի Շէյխան դաշտին մէջ քարիւղի արտադրութիւնը:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց. «Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւերու շարժումները մեծապէս դադրեցան»:

Քաթար յայտարարեց, թէ Ռաս Լաֆան եւ Մուսայհիտ քաղաքներուն մէջ բնական հեղուկ կազի արտադրութեան կառոյցներուն դէմ զինուորական յարձակումի պատճառով բնական հեղուկ կազի արտադրութիւնը դադրեցուցած է:

Իրանի դէմ պատերազմի հետեւանքով Եւրոպայի մէջ կազի գինը բարձրացաւ 50 առ հարիւրով` շրջանցելով 46 եւրոն:

Լոնտոնի սակարանը հաղորդեց, թէ երէկ բրիտանական քարիւղի գինը աւելի քան 28 առ հարիւրով բարձրացած է:

Միւս կողմէ, սէուտական կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Թագաւորութիւնը կրնայ զինուորական գետնի վրայ հակադարձել, եթէ Իրան համակարգուած յարձակում գործէ անոր քարիւղի ենթակառոյցին դէմ»:

Նախքան այդ, Ռաս Թաննուրա քարիւղի զտարանի կարգ մը կառոյցներու մէջ աշխատանքը դադրեցաւ, երբ շրջանը երկու անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ:

aztagdaily.com/archives/679458

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail