խեղճուկ անտառի գործող վարչապետ — Չամչնալ երիտասարդ կնոջմէ` բնաւ լաւ բան չէ։
Չյարգել ընկերակցութեան մէջ եղող երեխան` շատ վատ բան է։ Այն ալ` որպէս գործող վարչապետ։
Սակայն Նիկոլ Փաշինեանին պէտք է ներել իր անտեղեակութեան համար. ինքն ի՞նչ իմանար, որ ջղաձիգ մատ թափ տալով ու յայտնի բղաւոցով կը փորձէր իր «իմացածով» Հայաստանը բացատրել Արմինէին` մէկուն, որ դուստրն է Արցախի հերոս, Հայաստանի համար կռուի մէջ ինկած քաջարի դաշտային հրամանատար Մերուժան Մոսիյեանին։ Կողքի երեխան Արմինէի երեխա՞ն է՝ Մերուժի թո՞ռն է։
Չեմ գիտեր։ Բայց տարբերութիւն չ՛ըներ. այս երեխան, ցաւօք, շատ բան իմացաւ այս աշխարհէն` մէկ կանգառ ժամանակի մէջ։
..թոռան մասին տեղեակ չեմ, սակայն տեղեակ եմ զաւկին մասին. Մերուժանի զաւակը կնքեցին հօր անունով։ Ի յիշատակ հօր։ Կրտսեր Մերուժանը ծնաւ ամիսներ անց հօր մահէն։ Ահա այսպիսի զոհողութիւններ կատարած հազարաւոր ընտանիքներով պահեցին Արցախը, որ հիմա, Հայաստանի վարչապետը կ՛ուզէ ջնջել մարդոց յիշողութենէն։
Եղբայր, քու տեղդ ոչ մետրոն է, ոչ ալ փողոցները. կայ Արմինէ մը որուն կրնաս դէմ յանդիման գալ իւրաքանչիւր կէտի վրայ եւ իւրաքանչիւր պահու։ Խիղճդ պաշտպանելու համար` յարմար տեղը ձեր ուրախ ավտոբուսն է։

www.facebook.com/photo?fbid=10166324951667437&set=pcb.10166324951957437