Իրանական Ընկերութիւններ Պիտի Համագործակցին Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հետ

Ohanian_Iran-aztag

05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

Իրանական ընկերութիւնները պիտի համագործակցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: Այս առնչութեամբ քննարկում տեղի ունեցած է անցեալ շաբաթ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Իրանի պաշտպանութեան ու զինուած ուժերու աջակցութեան նախարարութեան «Էթքա» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Մոհամետ Մեհտի Քարպալայի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ:

Քննարկուած են սննդարդիւնաբերութեան, հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան, կառուցապատման եւ այլ մարզերու մէջ մասնագիտացած իրանական ընկերութեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները:

Մինչեւ 7 փետրուար նախատեսուած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին իրանական պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի արդիւնաբերական շարք մը ձեռնարկութիւններու ղեկավարութեան հետ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail