Պաշտպանութեան Բանակի Յառաջապահ Զօրամասերը Պատասխան Գործողութիւններու Կը Դիմեն Միայն Խիստ Անհրաժեշտութեան Պարագային

Karabagh_Min-of-defense
08 Փետրուար 2016

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին տուեալներով` 31 յունուարէն 6 փետրուար Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ  հակառակորդին կողմէ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, 60 եւ 82 միլլիմեթրնոց ականանետերէ, ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետերէ, ինչպէս նաեւ  ԹՐ-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանքէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 5600 կրակոց:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը խստօրէն պահպանած են զինադադարի դրութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային», նշուած է պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail