Ապրիլ 24 – Բաւ է սուգը. ժամանակն է պայքարի – Ապրիլ 24 – Բաւ է սուգը. ժամանակն է պայքարի
Ապրիլ 24
Բաւ է սուգը. ժամանակն է պայքարի։
Ամէնօրեայ պայքարի՝ այն պահէն սկսեալ, երբ առաւօտեան աչքերդ կը բանաս, երբ արեւածագը կը լուսաւորէ աշխարհը եւ կը տաքցնէ հոգիդ։
Ամէն շունչ, որ կը քաշես կուրծքիդ մէջ, պէտք է քեզի ուժ տայ պայքարելու, օրդ այնպէս կերտելու, որ նախնիներդ՝ որոնց զոհողութիւններով գոյութիւն ունիս, հպարտանան քեզմով։
Պայքար՝ ամէն հայերէն բառի համար, որ կը խօսիս։ Պահէ՛, զարգացո՛ւր եւ փոխանցէ՛ հայոց լեզուն՝ մեր ինքնութեան կորիզը, մեր գոյութեան ամէնէն ամուր հիմքը։
Պայքար՝ ամէն վայրկեանի համար, որ կ՛անցնես ընտանիքիդ հետ։ Այդ պահերն են, որոնք կը կերտեն յիշողութիւններ, կը սնուցան սէրն ու կը պահպանեն մեր հայկական ոգին սերունդէ սերունդ։
Պայքար՝ այն պատմութիւններուն ու արժէքներուն համար, որոնք պիտի փոխանցես զաւակներուդ, որպէսզի անոնք եւս դառնան տիպար հայեր եւ արժանաւոր մարդիկ՝ այս օտարութեան մէջ, ուր մեր ապագան յաճախ վտանգուած կը թուի։
Պայքար՝ բոլոր օտարաշունչ ազդեցութիւններուն դէմ, որոնք կը փորձեն աղաւաղել մեր ինքնութիւնը, մեզ հեռացնել մեր արմատներէն եւ մեզ վերածել անտարբեր ու ինքնամոռաց անհատներու։
Պայքար՝ բաժանում սերմանող բոլոր երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը մասնատեն մեր ժողովուրդը՝ լինի դա համայնք, դպրոց կամ կազմակերպութիւն, եւ կը ստորադասեն համազգային շահը անձնական շահերուն։
Պայքար՝ հին ու վնասակար մտածելակերպերուն դէմ, քաղաքական թէ անձնական այն վարքերուն դէմ, որոնք տկարացուցին մեր ազգը եւ տակաւին կը սպառնան անոր ապագային։
Ահա այս բոլորը պայքարներ են, որոնք պէտք է մղենք՝ յարգելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը։ Անոնք մեզի կտակեցին պատմութիւն, հայրենիք եւ ինքնութիւն։
Մենք պարտաւոր ենք այդ ժառանգութիւնը պահել, զարգացնել եւ փոխանցել՝ առանց տատամսելու, պայքարի ուժով, մէկդի դնելով միայն սուգն ու ողբը։
