Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Ահաբեկչական Կառավարութիւն» Կոչելով` Շէյխ Հըժրի. «Սուրիայէն Անջատուելու Որոշումը Բանակցելի Չէ»

THE ARMENIAN ALPHABET IS AT LEAST 17 THOUSAND YEARS – KIM WELTMAN

Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Ահաբեկչական Կառավարութիւն» Կոչելով` Շէյխ Հըժրի. «Սուրիայէն Անջատուելու Որոշումը Բանակցելի Չէ»

26 ՄԱՅԻՍ 2026 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

No photo description available.

Շէյխ Հըժրի. «Սուրիայէն Անջատուելու Որոշումը Բանակցելի Չէ

Սուէյտայի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավար շէյխ Հիքմեթ Հըժրի յայտնեց, որ Ժապալ Պաշանի ինքնակառավարման մարմինի կազմութիւնը Սուրիոյ մէջ Դամասկոսի կառավարութենէն ամբողջովին անջատ է եւ անկէ ետդարձ չկայ:

Շէյխ Հըժրի շեշտեց, որ տիւրզիներու պահանջները բանակցելի չեն, եւ «ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման ուղղութեամբ երթը այլեւս հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ` հեռու մնալով տիրապետութենէն խմբաւորումներու, որոնց հետ համակեցութիւնը, ինչպէս իրողութիւնները փաստեցին, անկարելի է»:

«Այս լերան վրայ չկայ որեւէ ղեկավարութիւն կամ իշխանութիւն, բացի անոր ժողովուրդին կողմէ ընտրուածէն», աւելցուց ան:

Հըժրի շնորհակալութիւն յայտնեց «տիւրզիներու դատին» աջակցող պետութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնելով Իսրայէլին, անոր կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

Ան մերժեց տիւրզիներուն նկատմամբ որեւէ լիազօրութիւն չունեցող արտաքին կողմերու միջամտութիւնը` ընդգծելով, որ տիւրզիները իրենց իրաւունքները պիտի խլեն, եւ անոնք աւելի լաւ գիտեն իրենց հարցերն ու շրջանը ինչպէս կառավարել:

«Իրողական կացութեան ուժերը պիտի չկարենան իրենց հոգատարութիւնը բռնի ուժով եւ ապակողմնորոշումով պարտադրել», ըսաւ ան` այդ ջանքերը որակելով «բացայայտ փորձեր»:

Սուէյտայի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը Սուրիոյ կառավարութիւնը որակեց «ահաբեկչական կառավարութիւն»` պահանջելով զայն միջազգային օրէնքին հիմամբ դատել` անոր կատարած խախտումներուն եւ ոճիրներուն համար:

Ան ըսաւ, որ գլխաւոր նպատակը նախայարձակներուն պարտադրելն է, որպէսզի գործադրեն յուլիս 2025-ի զինադադարին մէջ որոշուած միջազգային լուծումը` առեւանգեալները վերադարձնել, բռնի անհետ կորսուածները բացայայտել եւ տիւրզիական գիւղերն ու գիւղաքաղաքները ազատագրել:

Տիւրզի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց դաշնակիցներուն եւ միջազգային զօրակիցներուն, որոնք տիւրզիական ինքնակառավարման մարմինն ու Ժապալ Պաշանի վրայ անոր ամբողջական գերիշխանութիւնը «իբրեւ կայուն իրողութիւն» ամրապնդելու ջանքեր կը թափեն:

Շէյխ Հըժրի ընդգծեց, որ լերան պաշտպանութիւնը եւ անոր հաստատութիւններու կառուցումը միասնական խնդիր է, որ կը միաւորէ բոլոր տիւրզիները` միաւորելով ջանքերը եւ հետեւելով հանրային շահերուն ծառայող համապարփակ վարչական ուղեցոյցերուն:

aztagdaily.com/archives/689152

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail