Ռուսիոյ Մէջ Առաջարկած են Ջեղեալ Համարել 1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Պայմանագիրը

russia-turkey1

08 փետրուար 2016

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական դումայի` Կոմունիստական կուսակցութենէն պատգամաւորներ Վալերի Ռաշգինն ու Սերգէյ Օպուխովը նամակ յղած են Ռուսիոյ նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին:

Վկայակոչելով «Իզվեսթիա» թերթը՝ Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, որ նամակով անոնք կ՝առաջարկեն չեղեալ համարել Մոսկուայի 1921 Մարտ 16-ի ռուս-թրքական բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին պայմանագիրը:

Իրենց նամակին մէջ իրենց քայլը պատգամաւորները հիմնաւորած են Թուրքիոյ յարձակողական պահուածքով:

Ռուսական ԶԼՄ-ներուն տրամադրութեան տակ յայտնուած նամակին մէջ հիմնաւորումներու շարքին նշուած է նաեւ, որ «Վրաստանը եւ Հայաստանը չեն ճանչնար պայմանագրի պայմանները` զայն համարելով ոչ արդարացի»
:
Կը նշուի, որ այս նախաձեռնութիւնը կը սատարէ նաեւ «Արդար Ռուսիա» կուսակցութիւնը:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանը չ՝ընդունիր Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագիրները, որոնցմով պոլշեւիկեան Ռուսիան Թուրքիոյ յանձնեց Կարսի նահանգը, Սուրմալուն` Արարատ լեռով հանդերձ:

Կը յիշեցնեն նաեւ, որ 2005-ին Վրաստանը չեղեալ համարած է Կարսի պայմանագիրը: Իսկ մինչ այդ նման փորձեր ըրած է նաեւ խորհրդային իշխանութիւնը, սակայն Ստալինի մահէն ետք փորձերը դադրեցուած են:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail