«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար Ուաշինկթըն Պէտք Է Հրաժարի Մեր Վրայ Ճնշում Բանեցնելէ» Ըսաւ Ռիապքով

Ryabkov_aztag
09 փետրուար 2016

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց. «Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւման համար Ուաշինկթըն պէտք է հրաժարի քաղաքական ցուցմունքներ տալէ եւ Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելէ»:

Ան ըսաւ, որ անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հասնի իշխանութեան, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման միակ ուղին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ շահերուն վնաս հասցնելու փորձերէն հրաժարումն է:

Ռիապքով ըսաւ, որ ինք «ամերիկեան հոգեբանութեան պատճառով» Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւններէն ետք արմատական բարելաւում մը չի նախատեսեր` նշելով, որ ամերիկեան նոր վարչակարգը պիտի կարենայ Ռուսիոյ հետ հասարակաց ենթահող գտնել փորձել, «նոյնիսկ եթէ չհրաժարի «ամերիկեան իւրայատկութեան» առնչուող իր գաղափարախօսութենէն»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail