Արծուիկ Մինասեան. «Ընտրութիւններուն Ոտնահարուեցան Քաղաքացիներուն Թէ՛ Անհատական Եւ Թէ՛ Հաւաքական Քաղաքական Իրաւունքները»
03 ՅՈՒԼԻՍ 2026 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
1 յուլիսին վեցերորդ օրն ըլլալով Սահմանադրական դատարանը շարունակեց քննել եօթը քաղաքական ուժերու դիմումները, որոնցմով կը պահանջուի անվաւեր նկատել 7 յունիսի քուէարկութեան արդիւնքները: Այս առիթով կողմերը հանդէս եկան եզրափակիչ ելոյթներով:
ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ամփոփեց ընդդիմութեան առանցքային պնդումներն ու ներկայացուց պաշտօնական վիճակագրական տուեալներ` նախընտրական շրջանին վարչական ու պետական կարողականութեան անխնայ օգտագործման վերաբերեալ:
Ան ընդգծեց, որ տեղի ունեցած գործընթացը ոչ թէ դասական ընտրութիւն էր, այլ պետական վարչակարգը ինքնիրեն վերագրած իշխող ուժին եւ միւս քաղաքական միաւորներուն միջեւ անհաւասար պայքար, որուն ընթացքին ոտնահարուեցան քաղաքացիներուն թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական քաղաքական իրաւունքները:
«Մեր բոլոր փաստարկները, մեր բոլոր ապացոյցներն ու պնդումները` այդպէս ալ մենք չտեսանք ողջմիտ հակափաստարկներով… առարկայական հակադարձում, աւելի՛ն. նոյնիսկ առանձին պարագաներու կը հաստատուէին մեր այդ պնդումները», նշեց Արծուիկ Մինասեան:
