Անդրադառնալով Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցին` Էրտողան. «Ուշադրութիւն Չենք Դարձներ Մարդասպանական Ցանցին Կողմէ Հնչող Զրպարտութեան»
03 ՅՈՒԼԻՍ 2026 – ԱՇԽԱՐՀ :
6֊8 մլն մարդու սրի քաշողների էրդողան ձագը պնդում է ,որ Թուրքիան ժողովուրդների բարի մանկապարտեզ է եղել
Թուրքիոյ դէմ զրպարտութեամբ Իսրայէլը կը փորձէ քողարկել Կազայի մէջ բարբարոսութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երեքշաբթի օր յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Ուշադրութիւն չենք դարձներ մեր երկրի հասցէին ուղղուող զրպարտութեան այն մարդասպանական ցանցին կողմէ, որուն ձեռքերուն վրայ Կազայի մէջ 75 հազար անմեղ մարդու` մեծամասնութեամբ կիներու եւ երեխաներու, արիւնն է», ըսած է Էրտողան:
Ան յիշեցուցած է, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս, իր պնդումով, ապաստան տրամադրած է նացիական բռնաճնշումներէն փրկուածներուն:
Իսրայէլի կառավարութիւնը 28 յունիսին միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի ներկայացուցած նախագիծին:

aztagdaily.com/archives/693737