Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ալաուի ապրող մէկ միլիոն ծպտեալ հայ կայ. Օզտեմիր

18 օգոստոս 2015

ՕզտեմիրԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքմէն-ալաուիական «Պեքթաշի» հիմնադրամի նախագահ Օզտեմիր Օզտեմիր, «Քանալհապեր» լրատուական կայքին հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ ցոյցերուն մասնակցող եւ իրենք զիրենք ալաուի ներկայացնողները բոլո՛րն ալ ծպտեալ հայեր են:

Շաբաթ, oգոստոս 15ին հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ Օզտեմիր կը յայտնէ նաեւ, որ նշեալ մէկ միլիոն ալաուի ծպտեալ հայերը կը համագործակցին կիւլենականներուն հետ՝ ի վնաս թրքական պետութեան:

Օզտեմիր կը պնդէ նաեւ, որ վերջերս Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն միացող եւ իրենք զիրենք ալաուի կոչող անձերը եւս ծպտեալ հայեր են:

Asbarez.com

http://akunq.net/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail