Ինքնիշխան Գոյավիճակ Քեսապի Մէջ Եւ Թրքական Սպառնացող Վտանգը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
17 ՅՈՒԼԻՍ 2026 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:
Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Քեսապի մէջ զինուորական դրութեան հաստատումէն եւ Ազգային միութեան կազմաւորումէն ետք, ամբողջ ժողովուրդը միասնական ոգիով համախմբուեցաւ գաւառի նոր կազմաւորուած իշխանութեան շուրջ:
Զինուորական իշխանութիւնը անմիջապէս ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան զօրագունդ մը կազմեց, բաղկացած` ներքին եւ թռուցիկ երկու խումբերէ:
Ներքին խումբը կազմուեցաւ գիւղերու երիտասարդներէն: Անոնք պարտականութիւն ունէին հսկելու գիւղերու ապահովութեան: Ներքին խումբի զինեալ տղաքը դիրքեր հաստատեցին գիւղերուն շուրջ եւ բարձունքներուն վրայ:
Քեսապի ինքնապաշտպանութեան Թռուցիկ խումբը
Թռուցիկ խումբը փոքրաթիւ էր, քանի մը տասնեակ հոգի, որոնք կամաւորներ եղած էին եւ լաւ կռուողներ էին: Անոնք յատուկ շրջաններու մէջ պարտականութիւն չունէին, այլ պիտի հասնէին հոն, ուր կարիքը կը զգացուէր:
Ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Տայի, Միսաքօ, Վահրամ Յովսէփեան, Ծերոն Կարպուշեան եւ Նշան Յովսէփեան (Հայր Սուրբ): Անոնք պարտականութիւն ստանձնեցին գիշեր ցերեկ շրջելու բոլոր դիրքերը եւ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընելու:
Ներքին անդորրութիւնը եւ կարգ ու կանոնը պահելու համար կազմուեցաւ յատուկ ոստիկանութիւն` Յակոբ Փանոսեանի (Օնպաշի) ոստիկանապետութեամբ:
Նշանակուեցան երկու անդապահներ` Համըզէ եւ Հաճի Կիւրեղեաններ, որոնք պարտականութիւն ստանձնեցին շրջելու արտերն ու պարտէզները, որպէսզի գողութիւններ չկատարուէին:
Զինուորական իշխանութեան անմիջական տրամադրութեան տակ գաղտնի սպասարկութիւն մը կազմուեցաւ, առաջքը առնելու համար արտաքին ամէն անակնկալներու:
Ազգային միութիւնը կարգ ու կանոն հաստատելու համար օրէնքներ սահմանեց եւ դատաստանական խորհուրդ մը կազմեց: Օրինազանցները խստիւ պիտի պատժուէին:
* * *
Քեսապի զինուորական իշխանութեան հրամանատար Մովսէս Շահպազեան (նստած` աջէն երկրորդը) իր զինակիցներուն հետ
Զինուորական իշխանութեան եւ Ազգային միութեան համար առաջնահերթ մտահոգութիւն էր զէնք, զինամթերք եւ պարէն ապահովել:
Զինուորական իշխանութիւնը պատուիրակութիւն ուղարկեց Ատանա եւ զէնք ու զինամթերք խնդրեց:
Տեղակալ Վահան Փորթուգալեան (Մկրտիչ Փորթուգալեանի զաւակը) Հայկական լեգէոնին հրամանատարն էր եւ միաժամանակ լեգէոնին սպայակոյտի քարտուղարութիւնը կը վարէր: Հայկական լեգէոնի կամաւորներէն զինուորական ոստիկանութիւն կազմուած էր եւ Կիլիկիոյ ապահովութեան հսկողութեան պարտականութիւնը ստանձնած էր:
Ատանա հասած պատուիրակութիւնը պարզեց Քեսապի վիճակը եւ օժանդակութիւն խնդրեց: Ատանայի ազգային իշխանութիւնը նաւակ մը լեցուն զէնք եւ զինամթերք ուղարկեց Քեսապ: Այնուհետեւ մեծաքանակ ցորեն ուղարկուեցաւ Քեսապ:
* * *
Քեսապի մէջ կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած էր: Տուները վերանորոգուած էին: Արտերը ցանուած եւ ցորենի հասկերը կանաչցած էին: Այգիները, պարտէզները մաքրուած եւ փորուած էին: Դպրոցները վերաբացուած էին: Ամէն կողմ կարգ ու կանոն կը տիրէր: Գողութեան դէպքեր չէին պատահեր: Լքուած մէկ երկու տուն բանտի վերածուեցաւ, բայց այդ բանտը անդուռ էր:
Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին մնայուն քահանայ չունէր: Տէր Պօղոս քահանան տարագութեան վախճանած էր: Հալէպէն այցելու քահանաներ կու գային: Յետոյ եկաւ Տէր Գրիգոր քահանան, որ քանի մը տարի մնաց: Գալատուրանի Տէր Պետրոս քահանային ջանքերով գիւղին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին տարագրութենէն վերադարձէն ետք բարեկարգուեցաւ:
Բողոքական համայնքի հովիւ վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան տարագրութեան վախճանած էր եւ համայնքը մնայուն հովիւ չունէր: Յետոյ եկաւ պատուելի Յակոբ Շնորհօքեան: Իսկ Քեսապ հաստատուած ամերիկացի բողոքական միսիոնար Էտկար օժանդակութիւն կը բաժնէր ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր ամուսնացող զոյգի երեք օսմանեան ոսկի ու մէկ վերմակ կը նուիրէր:
Լատին համայնքի հովիւ փատրէ Սապաթինօ տարագրութենէն վերադարձին որբանոց բացաւ: Իսկ կաթոլիկ համայնքը մնայուն հովիւ չունէր. յետոյ Զմմառէն ուղարկուեցաւ հայր Յովհաննէս վարդապետ:
Ժոզէֆ Հեքիմեան
Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը վերակազմուեցաւ եւ վերապրողներուն միացան նոր երիտասարդներ` Ժոզէֆ Հեքիմեան (գիւղատնտես), Աւետիս Կարպուշեան (երկրաչափ), Ժան Քիլաղպեան, Փոլ Պօղոսեան, Ժոզէֆ Ինճեճիկեան, Փօլ Չիւրիքեան, Խաչիկ Սարգիսեան, Կարապետ Մանճիկեան եւ Աւետիս Գաթապեան:
Ուսումնասիրացի նոր վարչութիւն ընտրուեցաւ, որուն անդամները Ազգային միութեան կազմին մէջ մտան, մասնակցելով ինքնապաշտպանութեան, կրթական եւ հասարակական աշխատանքներուն:
Ուսումնասիրացը կանոնաւոր կապ հաստատեց Ամերիկայի մասնաճիւղերուն հետ: Կազմուեցաւ հանգանակիչ յանձնախումբ մը: Ամերիկայէն դրամական օժանդակութիւններ հասան Քեսապ: Դրամական նպաստները յատկացուեցան դպրոցներուն, կարիքաւորներուն եւ զէնքի ու զինամթերքի գնումներուն: Սերմնացու գնուեցաւ եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին:
Քեսապ
Ուսումնասիրացին ջանքերով Քեսապ աւանին մէջ Ազգային Միացեալ երկու վարժարաններ բացուեցան, տղոց եւ աղջկանց անջատ բաժիններով: Զոյգ վարժարաններուն տնօրէն նշանակուեցաւ Ժոզէֆ Հեքիմեան: Գիւղերուն մէջ ալ նախակրթարաններ բացուեցան:
Գաղթականութենէն տասնեակներով որբեր վերադարձած էին: Որբերէն ոմանք քեսապցի էին, ոմանք ալ այլ շրջաններէ հաւաքուած էին: Անոնք անօթեւան եւ անօգնական էին եւ ոմանք ալ կիսամեռ վիճակի հասած էին: Ազգային միութիւնը որբանոց բացաւ անոնց համար: Որբանոցին հայրիկ նշանակուեցաւ Տային: Տայի հոսկէ հոնկէ սկսաւ սննդեղէն եւ հագուստ ապահովել որբերուն: Ան, տոպրակ մը ուսին, գիւղէ գիւղ կը շրջէր եւ ուտելիք ու հագուստեղէն կը հաւաքէր եւ անսահման սիրով ու նուիրումով կը խնամէր որբերը: Հետագային Տայի որբերը հայ ընտանիքներու մէջ տեղաւորեց եւ զանոնք ամուսնացուց քեսապցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ:
* * *
Քեմալական շարժումը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը զօրանար ու կը տարածուէր: 1919-ի աշնան անգլիական զօրքերը ամբողջութեամբ հեռացած էին Կիլիկիայէն եւ ֆրանսական զօրքեր փոխարինած էին զանոնք: Կիլիկիոյ գլխաւոր կառավարիչը ֆրանսացի գնդապետ Էտուարտ Պրեմոնն էր: Յետոյ զօրավար Ժիւլիէն Տիւֆիէօ Ատանա հասնելով, իբրեւ զինուորական եւ քաղաքական հրամանատար ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց: Իսկ զօրավար Քերէթ Այնթապի մէջ հաստատուելով Կիլիկիոյ արեւելեան շրջաններու հրամանատարութիւնը ստանձնեց:
Քեմալականներ Կիլիկիոյ մէջ մեծ քանակութեամբ գնդացիրներ ձեռք ձգեցին եւ զէնքի ու զինամթերքի թաքստոցներ հաստատեցին: Ֆրանսական զինուորական իշխանութիւններու բարեացակամ վերաբերմունքէն քաջալերուելով, տեղացի թուրքերը աւելի ինքնավստահ սկսան կազմակերպուիլ եւ զինուիլ: Միաժամանակ բանտերէն արձակուեցան հայկական ջարդերու կազմակերպիչներ:
Քեմալական չեթէներ եւ զօրքեր 1920 յունուար 21-ին յարձակման անցան Մարաշի վրայ, կրակի տուին հայկական թաղամասերը եւ հայերու ինքնապաշտպանութեան դիմադրութիւնները խորտակելով` փետրուար 11-ին գրաւեցին քաղաքը. մարաշցիներէն շատեր սուրի քաշուեցան, իսկ մնացեալները ձիւնին ու սառնամանիքին փախուստի դիմեցին: Հաճըն պաշարուեցաւ եւ դիմադրութիւնը սկսաւ: Ապրիլ 1-ին սկսաւ Այնթապի հայերու դիմադրութիւնը: Սիսի հայութիւնը, քաղաքէն ֆրանսական ուժերու հեռացման գիշերն իսկ, յունիս 1-ին, հայ կամաւորներու պաշտպանութեան տակ Ատանա փոխադրուեցաւ: Հարունիէի, Պահչէի, Էյպէզի, Հասան Պէյլիի, Լափաճի, Ֆնտըճագի եւ Տէօրթ Եոլի հայերը դիմադրութիւն ցոյց տուին, բայց պարտուեցան: Տեղահան եղած հայերէն շատեր Ատանա ապաստան գտան: Տարսոն քանի մը ամիս կանոնաւոր պաշարումի ենթարկուեցաւ, բայց մնաց անընկճելի: Մերսին քանի մը անգամ բուռն յարձակումներու ենթարկուեցաւ, բայց դիմադրութեան շնորհիւ փրկուեցաւ:
Այսպիսով, մինչեւ 1920-ի ամառը Կիլիկիոյ հայաբնակ շրջանները մեծ մասամբ հայաթափ եղած կամ պաշարուած էին թրքական զօրքերուն կողմէ: Հաճըն կը շարունակէր կենաց մահու կռիւները: Զէյթուն պաշարուած եւ արտաքին աշխարհէն կտրուած էր: իսկ Այնթապի մէջ կռիւները սաստկացած էին:
* * *
Թուրքեր վճռած էին նուաճել նաեւ Քեսապը, որուն կարգը հասած կը նկատէին:
Թուրքեր Քեսապը նուաճելու համար հազարաւոր զինեալներ` չեթէներ, կանոնաւոր ուժեր ու պաշիպոզուքներ հաւաքեցին: Այդ ուժերը Քեշիշէն եւ Կեաւուրգրանէն հարաւ գօտիին մէջ կեդրոնացուեցան: Յարձակումը պիտի սկսէր Վարի Պաղճաղազի կողմէն:
aztagdaily.com/archives/695339
