Միջին-Արեւելքի Շրջանային Կռիւները Կը Դառնան Լայնածիր Պատերազմ

ISIS-ngar-lousavor
10 փետրուար 2016

Յակոբ Պալեան կը գրէ.

Ի՞նչ կը բանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (Մ.Ա.Կ.), ի՞նչ կը բանին «Մեծ Տէրութիւն»ները: Առաջինը թաղային ոտնագնդակի երկրորդական խումբի իրաւարարի դե՞ր կը խաղայ յիշուած «Տէրութիւններ»ու կատակ չեղող մրցակցութիւններու դաշտին վրայ: Խաղին տեսակները բազմազան են, առիթ կու տան քաղաքական գործիչներուն եւ մեկնաբաններուն, նոր եւ ցնցող լուր փնտռող լրատուամիջոցներուն, որոնք հետաքրքրուած են տպուած թուղթի սպառումով կամ «օտիմաթ»ով, (audimat), առաջի մասին չեն մտածեր եւ վերջի համար կանխատեսութիւն չեն ըներ: Յարափոփոխ հանրային կարծիքը լսածով եւ տեսածով կը դիրքորոշուի, քաղաքական լրատուութիւնը ընդունելով որպէս առօրեան համեմող զբօս:

Ո՞վ ինչ կը հետապնդէ, ո՞ւր հասնելու համար: Ո՞վ (կամ որոնք) է անդադրում պատերազմներու պարին պարկոթը:

Լրատուամիջոցները կը յորդին խնդիրներուն լուծում գտնելու ձգտող հանդիպումներով, բանակցութիւններով, խորհրդաժողովներով, որոնք իրականութիւնները կը թաքցնեն, երբ գիտեն ըսուածի ետին գտնուող չըսուածը:

Ուսումնասիրութիւն մը կա՞յ, վիճակագրութիւն մը, ըսելու, թէ ամէն օր, պատերազմներու հետեւանքով քանի անձեր կը մեռնին: Թիւերու վրայ հիմնուելով թերեւս կը հասկնանք, թէ համաշխարհային պատերազմը սկսած է՞:

Սոկրատէն ի վեր գիտենք, որ «հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները»: Եթէ հարց տանք, թէ ի՞նչ կ’ուզեն՝ Ամերիկան, Եւրոպան, Ռուսիան, Թուրքիան, արաբական երկիրները, Իրանը, Չինաստանը, կը հասկնանք կացութիւնը, կ’եզրակացնենք որ անհաշտելի շահեր կան, եւ փապուղիին ելքը չի տեսնուիր:

Միջին-Արեւելքի խառնակութիւնը թոհուբոհ է անոնց համար որոնք մեծերու մտերմութեան մէջ չեն, մաս չեն կազմեր որոշողներու ակումբին: Ոչ ոք հարց տուաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը, որ Թուրքիա այցելեց Յունուար 24-ին ի՞նչ ըրաւ, ի՞նչ խօսեցաւ, ի՞նչ էր այցելութեան նպատակը: Տագնապի այս օրերուն, այդ ոչ քաղաքավարական եւ ոչ ալ բարեսիրական կրնար ըլլալ: Ան կարեւոր խօսակցութիւններ ունեցած է Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Յայտարարուածէն կը հասկցուի, թէ ինչ բանի մասին չեն խօսած : Չեն խօսած Իսլամական Պետութեան դէմ առնուելիք քայլերու մասին, երբ Ամերիկա եւ Թուրքիա դաշնակից են անոր դէմ կռուելու համար, չեն խօսած Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցով ընթացող բանակցութիւններու մասին: Իսկ Սուրիան եւ սուրիական տագնապի լուծումը Իսլամական Պետութեան դէմ մղուող պատերազմի պարագային անշրջանցելի են: Գաղտնիք չէ. առանց Ռուսիոյ եւ Իրանի գործակցութեան, արդինքի կարելի չէ հասնիլ:

Թուրքիան ձեռնարկած է, իր ոճով, քրտական հարցի լուծման. ջարդով: Քիւրտերը, Իսլամական Պետութեան դէմ մղուող պատերազմին մէջ, ինչպէս կ’ըսուի, «գետնի վրայ են» եւ յաջողութիւններ արձանագրած են, կ’օժանդակեն Ամերիկայի եւ անոր դաշնակիցներուն: Ինչպէս կ’ընդունին, որ թշնամի հռչակուած Իսլամական Պետութեան դէմ կռուող ուժին դէմ իրենց դաշնակից Թուրքիան բնաջնջման զինուորական գործողութիւններու դիմէ:

Հեռատեսիլի պատկերներէն անդին նայող շարքային քաղաքացին այս հարցումը կրնա՞յ չուղղել: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ «չառարկողը կ’ընդունի» (qui ne dit rien consent): Զիջելով ինչ հեռանկար եւ ակնկալութիւն ունի Ամերիկան: Սուրիան եւ քիւրտերը չեզոքացնելու Թուրքիոյ ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը ընդունելով, որուն փակցուած է քրտական ահաբեկչութեան դէմ մաքրագործման պիտակը, Թուրքիոյ գոհացում տալու միտքով միայն չի բացատրուիր:

Թուրքիան կը վարէ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն: Իր նախագահներէն Սուլէյման Տեմիրէլ յայտարարած էր. «Թուրքիան կը տարածուի Ատրիականէն մինչեւ Չինաստան»: Նայեցէ՛ք քարտէսին: Այդ ճամբուն վրայ գտնուող Ռուսիան գիտէ: Յիշեցնենք Հէնրի Քիսինճըրի խօսքը, որ նաւթը շատ կարեւոր է արաբներուն ձգելու համար, նաեւ՝ թէ նաւթը հակակշռողը կը հակակշռէ աշխարհը: Միջին-Արեւելքի տագնապը ժողովրդավարութեան կամ հակառակին պատերազմը չէ, այլ նաւթի: Ըստ Քիսինճըրեան վերլուծման, Սուրիան եւ Իրաքը արուեստական կերպով կազմաւորուած պետութիւններ էին, որպէսզի հակակշռուէին մին Ֆրանսայի կողմէ, միւսը՝ Մեծն Բրիտանիոյ, որ երկու երկիրներու անդամահատումը եւ բաժանումը ճամբայ կը հարթեն Համաշխարհային նոր կարգի հաստատման, նոյնիսկ եթէ խառնակ վիճակը երկար պիտի տեւէ եւ մարդիկ պիտի մեռնին, հաւաքականութիւնՆեր արմատախիլ պիտի ըլլան:

Այս խորքի վրայ եթէ դիտենք Ամերիկայի փոխ-նախագահին Թուրքիա այցը, կարծիքները կը յստականան, մանաւանդ երբ կ’ըսէ, որ եթէ Ժընեւի բանակցութիւնները ձախողին, Ամերիկան պատրաստ է զինուորական միջամտութեան, Իսլամական Պետութիւնը դուրս դնելու համար իր գրաւած շրջաններէն, աւելին, ճնշում պիտի չբանեցնէ, եթէ Թուրքիան բանակ պահէ Իրաքի նաւթահորերու շրջաններուն մէջ, որոնք Իսլամական Պետութեան գրաւման տակ կը գտնուին, այսինքն ընդունելի է Թուրքիոյ ներխուժումը Իրաք, որ այդ երկու պետութիւններու միջեւ խնդիր է, նոյնիսկ խօսած է զինուորական օժանդակութեան մասին՝ Մուսուլի նաւթային շրջանները գրաւելու համար:

Թուրքիոյ օսմանեան հզօրութիւնը վերականգնելու Էրտողանի միտումին համար բաց դուռ է այս աջակցութիւնը: Այդ շրջանները կայսրութեան մէջ էին: Ճօ Պայտըն ոչինչ ըսած է, Իսլամական Պետութեան արտադրած սուրիական եւ իրաքեան գրաւեալ շրջաններէն արտադրուող նաւթի միջազգային շուկայ հասնելուն մասին, անցնելով Թուրքիայէն: Էրտողանի զաւակն է արտածողը: Այդ եկամուտով Իսլամական Պետութիւնը կը պատերազմի, կը շարունակէ ահաբեկչութիւնը եւ զէնք կը գնէ: Ուրկէ՞ կը գնուին այդ զէնքերը: Եթէ Ամերիկան կը ճակատի Իսլամական Պետութեան դէմ, ինչպէս թոյլ կու տայ այդ առուծախը:

Գաղտնիք չէ: Իսլամական Պետութեան կ’աջակցին Թուրքիոյ նախագահը եւ գաղտնի սպասարկութիւնը: «Ճումհուրիյէթ» թերթը բացայայտած էր զէնք փոխադրող բեռնատարի պարագան, որուն համար կը դատուի թերթի տնօրէնը, պետութեան դէմ դաւաճանութիւն գործած ըլլալու մեղադրանքով: Էրտողան եւ իր գաղտնի սպասարկութեան պետը Հական Ֆիտան կը զօրակցին եւ կը զինեն Իսլամական Պետութիւնը, ինչ որ յիշեալ Հական Ֆիտանը ընդունած է «Անատոլու» մամլոյ գործակալութեան ըսելով, որ Իսլամական Պետութիւնը իրողութիւն մըն է եւ մենք չենք կրնար ջնջել ժողովրդականութիւն վայելող եւ լաւ կազմակերպուած Իսլամական Պետութիւնը»: Ապա. «Այս իմաստով ալ, կոչ կ’ուղղեմ արեւմտեան պաշտօնակիցներուս փոխել իրենց պատկերացումը իսլամական հոսանքներու մասին, մէկդի դնել իրենց շնական մտայնութիւնը եւ դէմ դնել Փութինի ծրագիրերուն, որ կը ձգտի ճզմել սուրիացի իսլամական յեղափոխականները»: Այս կոչը լսուա՞ծ է:
Azerbaycan, İŞİD'e
Ֆրանսական հեռատեսիլէն անցեալին եւ այսօր, նախագահական թեկնածու մը ըսաւ, որ Թուրքիան կ’աջակցի Իսլամական Պետութեան, հակառակ ասոր երեք միլիառ եւրօ կը ստանայ, եւ 2017-էն սկսեալ թուրքերը առանց մուտքի արտօնութեան Եւրոպա պիտի կարենան գալ: Ողջմիտ մարդը բան չի հասկնար: Էրտողան կայսերական երազներ ունի: Ամերիկեան հովանիին տակ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա համագործակցութիւն մը կրնայ ստեղծուիլ, սուրիական եւ իրաքեան նաւթը հակակշռելու համար, եւ քիչ մըն ալ անդին՝ իրանեան: Ռուսիոյ համար անըննդունելի խաղ մը, որ կը միտի իր չէզոքացման, եւ իր մէջ կը կրէ նախատարրերը բռնկումի մը, որ շրջանային պիտի չըլլայ:

Ֆրանսական Le Point շաբաթաթեթը, տարի մը առաջ, Փետրուար 7, 2015-ին, կը խօսէր Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետին, Հական Ֆիտանի մասին, որ ան «իր ձեռքին մէջ ունի Թուրքիոյ սուրիական քաղաքականութիւնը, դառնալով դարբնողը շատ վիճելի ամենէն աւելի արմատական ճիհատիստներուն, որոնց շարքին Իսլամական Պետութեան, որոնք կը կռուին Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի դէմ, որ Անգարայի աչքին սեւ գազանն է»: …Հական Ֆիտանի համար, «2012-ին, պրն. Էրտողան, երբ դեռ վարչապետ էր, հրապարակային դրուատիք ըրած էր….. ան իմ գաղտնիքներուս պահակն է, պետութեան գաղտնիքներուն պահակը»:

Թուրքիան, իր կայսերական փառասիրութիւններուն համար, միջոցներու միջեւ խտրութիւն չի դներ: Գաղտնիք չէ: Աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածները միամիտ չեն, ինչո՞ւ թոյլ կու տան: Կ’ընթանա՞նք դէպի համաշխարհային նոր բռնկում մը, «համաշխարհային նոր կարգ» ստեղծելու համար:
Նոր կարգ՝ ոտքի մնացողներուն համար, եթէ ըլլան:

Ի՞նչ կը բանի Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը: Հրշէջի դերը կը բաւէ՞:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail