Ղարաբաղ-Ֆրանսա Բարեկամութեան Հիմնական Ձեռքբերումներէն Է Բազմակողմանի Համագործակցութեան Հաստատումը

ARTSAKH-FRANCE
10 փետրուար 2016

ԼՂՀ խորհրդարանին մէջ Փետրուար 9-ին տեղի ունեցած է Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակի հերթական նիստը, որուն մասնակցած է Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ Մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:

ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` ԼՂՀ ԱԺ նախագահ, Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Աշոտ Ղուլեանը, կարեւոր համարելով նման ձեւաչափով հանդիպումները, նշած է, որ Ղարաբաղ-Ֆրանսա կապերուն մէջ նախորդ տարի նկատուած է ակնյայտ աշխոյժացում. նախ ստեղծուած է բարեկամութեան շրջանակը եւ կազմակերպուած են ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ: Աշոտ Ղուլեանը երկկողմ յարաբերութիւններու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ ընդգծած է յատկապէս Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան դերը:

Ամփոփելով այս տարիներուն Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան արդիւնքները՝ Յովհաննէս Գէորգեան նշած է, որ հիմնական ձեռքբերումներէն կը համարուի ուղղակի կապերու եւ բազմակողմանի համագործակցութեան հաստատումը, որուն նպատակն է Արցախը տեսանելի դարձնել միջազգային յարաբերութիւններու մէջ:

Պատասխանելով շրջանակի անդամներու հարցերուն` Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ Մշտական ներկայացուցիչը կարեւոր համարած է զարգացման հեռանկարային ծրագիրներու իրականացումը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ինչպէս մասնագէտներու վերապատրաստման, այնպէս ալ շարք մը տնտեսական ու հասարակական խնդիրներու լուծման:

Մտքերու փոխանակութեան իբրեւ արդիւնք ուրուագծուած է ընթացիկ տարին Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակի գործողութիւններուն  ծրագիրը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail