Սիրանուշ Սահակեան. «Գերիները Կը Պահուին Բացարձակ Մեկուսացումի Պայմաններուն Մէջ»
Օ6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2026 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները «բացարձակապէս մեկուսացումի պայմաններու մէջ կը պահուին», երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ահազանգեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերը ներկայացնող փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան:
«Ֆիզիքական շփում արտաքին աշխարհին հետ գոյութիւն չունի. անոնք չեն տեսներ իրենց հարազատները, չեն տեսներ հիւպատոսական աշխատակիցները, չեն տեսներ անկախ բժիշկներ, փաստաբաններ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներ, այսինքն` կը պահուին արտաքին աշխարհէն բացարձակ մեկուսացումի պայմաններուն մէջ: Արտաքին աշխարհին հետ միակ շփումները հեռախօսային խօսակցութիւններն են: Զանգերը կը վերահսկուին, կրնան նաեւ հարկադիր ընդհատման ենթարկուիլ, ատոր վառ օրինակը տեսանք Ռուբէն Վարդանեանի պարագային», նշեց գերիների շահերը ներկայացնող փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանը:
Սահակեան նշեց նաեւ, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայերէն դժգոհութիւններ կան, որ բժշկական օգնութիւն չի կազմակերպուիր:
«Հիմնականին մէջ կրնայ ըլլալ, որ ծայրայեղ վիճակի մէջ որոշ ախտանիշեր մեղմացնելու դեղորայք տրամադրուի, սակայն, գոյութիւն ունեցող հիւանդութիւնը կամ անոր վատթարացումը կանխող միջոցներ չեն ձեռնարկուիր: Մեր տեղեկութեամբ` բժշկական օգնութիւն եւ բժշկական սպասարկում պատշաճ կերպով չի կազմակերպուիր հայերուն համար: Անկախ որեւէ գնահատական անոնց իրական առողջական վիճակին վերաբերեալ չունինք», յայտնեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերը ներկայացնող փաստաբանը:
Պաքուի մէջ արդէն երեք տարիէ ի վեր պահուող Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանները ստացած են ազրպէյճանական դատարանի վճիռը, որով Արցախի նախկին պետական նախարարը մեղաւոր ճանչցուած է տասնեակ մը ծանր յանցագործութիւններու համար եւ դատապարտուած է 20 տարուան բանտարկութեան:
«Այս դատավճիռի ուսումնասիրութիւնը մեզի ցոյց տուաւ, որ տեղի ունեցած են բազմաթիւ, աննախադէպ մարդու իրաւունքների խախտումներ, ամբողջ դատավարութիւնը եղած է կեղծիք, անոր արդիւնքը օրինական չէ, եւ ի հարկէ, մենք մեր իրաւական փաստարկները ներկայացուցած ենք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին», լրագրողներուն հետ հանդիպումին ըսաւ Սիրանուշ Սահակեան:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերը ներկայացնող Սիրանուշ Սահակեան օրերս ստացած է 3300 էջնոց դատավճիռը, ուսումնասիրած է զայն եւ այն եզրայանգումին եկած, որ անհատական մեղադրանքը չէ հիմնաւորուած որեւէ փաստով կամ ապացոյցով:
Իրաւապաշտպանը ընդգծեց, որ դատավճիռին մէջ չէ նշուած որեւէ յստակ հրաման, որ Վարդանեան տուած է սպաննելու, խոշտանգելու, տեղահանելու կամ խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակելու վերաբերեալ: 58-ամեայ Վարդանեան ընդամէնը չորս ամիս պաշտօն վարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ երբեւէ ռազմական ոլորտ չէ համակարգած:
«Չէ հաստատուած անոր մասնակցութիւնը իրեն վերագրուած յանցանքներուն մէջ», ընդգծեց Սահակեան: