Փարիզի Քաղաքապետարանի Շէնքին Վրայ Կը Ցուցադրուին Պաքուի Մէջ Պահուող 19 Հայ Գերիներուն Դիմանկարները
Նախաձեռնութեամբ Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF), օգոստոս 31-էն մինչեւ սեպտեմբեր 4 Փարիզի սրտին մէջ կը ցուցադրուին Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող 19 հայ քաղաքական բանտարկեալներուն դիմանկարները` լուսարձակի տակ առնելու համար արցախահայութեան դէմ Պաքուի բռնութիւնները, բռնի տեղահանութիւնն ու Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ձերբակալութիւնները:
Քաղաքապետարանի շէնքի վրայ ցուցադրելով հայ գերիներուն դիմանկարները` Ֆրանսայի մայրաքաղաքը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ արցախահայութեան աջակցելու իր սկզբունքին:
Նշենք, որ 2020-ին Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդը կոչ ըրած էր Ֆրանսայի կառավարութեան` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, իսկ 2023-ին, երբ Արցախը շրջափակուած էր, Փարիզ մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնեց, իսկ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելեց` հասնելով մինչեւ Հակարիի կամուրջ` աջակցելու շրջափակուած արցախահայերուն: Նոյն թուականի նոյեմբերին Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդը Արցախի ժողովուրդին շնորհեց Փարիզի պատուոյ քաղաքացիի կարգավիճակ:
Նաեւ, 2026-ի փետրուար 3-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ` պահանջելով հայ գերիներուն ազատ արձակումը, իսկ յուլիսին Քորսիքայի խորհրդարանը հանդէս եկաւ «Աջակցութիւն Արցախին եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակում» յայտարարութեամբ:
«Այսօր Փարիզի մէջ ցուցադրուող 19 դիմանկարները միայն բանտարկեալներու դէմքեր չեն. անոնք Արցախի պատմութեան, անոր քաղաքական կեանքի եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքներու կենդանի վկայութիւններն են», նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
«Քանի դեռ հայ գերիներն ազատ չեն, անոնց դէմքերը պիտի շարունակեն յիշեցնել աշխարհին, որ արդարութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ մոռացութեամբ, իսկ մարդու ազատութիւնը` քաղաքական պայմանաւորուածութիւններով», աւելցուց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին համանախագահ Արա Թորանեան:
Տասնինը դէմք, տասնինը ճակատագիր եւ մէկ ընդհանուր պահանջ` ազատութի՛ւն: