Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ 100-Ամեակ – ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ
Օ6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2026 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
Զ.- Լատին առաքելութեան աւարտ եւ հայրենադարձութիւն
Ինչպէս նախորդ մասին մէջ յիշեցինք, լատին համայնքի ներթափանցումը եւ հիմնադրութիւնը Քեսապի մէջ միշտ հաշտ աչքով չէր դիտուած միւս համայնքներուն կողմէ, յատկապէս տեղի ունեցած են որոշ բախումներ եւ անհանդուրժող քայլեր հայ կաթողիկէ համայնքին հետ, ազգայնական տրամադրութիւններու եւ գաղափարներու պատճառով: 1940-ականներու սկիզբները կաթողիկէները կ՛ուզեն բաժնել դպրոցները, որոնք մինչ այդ յանձնուած էին լատին հայրերուն, եւ կ՛ուզեն անպայման Հայոց պատմութեան դասապահ ներառել դպրոցական ծրագիրին մէջ: Օրուան կաթողիկէ հովիւ սուէտիացի հայր Թովմաս Ճանսըզեան` Մխիթարեան ուխտէն (1942-1944), աւելի ծանօթ` Քաջազնունի անունով, քանի մը ամսուան համար դպրոց մը կը բանայ Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ կից, մինչեւ կրկին հաշտութիւն կը գոյանայ երկու համայնքներու միջեւ, եւ Հայոց պատմութիւնը կը դառնայ դասանիւթ:
1944-ին Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ կը նշանակուի հայր Պետրոս Ադամեան:
1946-ին, քահանայապետական հրամանագիրով, լատին համայնքը կը լուծուի եւ անոնց բոլոր կալուածներն ու հաստատութիւնները կ՛անցնին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին: Լատին հայրերը վերջնականապէս կը լքեն Քեսապը 30 յուլիս 1946-ին: Երկու համայնքներու միացումին պատճառով հայր Պետրոսին իբրեւ օգնական` Քեսապ կը ղրկուին Լեւոն վրդ. Սարեանն ու Անդրէաս վրդ. Պետողլեանը: Այդ թուականէն հայ կաթողիկէները կը փոխադրուին Ս. Միքայէլ եկեղեցի, եւ տեղւոյն ժողովրդապետը յանձն կ՛առնէ նաեւ մանչերու վարժարանին տնօրէնի պաշտօնը, միեւնոյն ատեն Անարատ Յղութիւն միաբանութեան մայրապետները կը հոգան աղջկանց վարժարանը մինչեւ 1948:
1946-ին հայրենադարձութեան լուրը մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունուի Քեսապի մէջ: Նախապէս թալան, տեղահանութիւն, կոտորածներ տեսած ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալը Քեսապի եւ տնտեսական ծանր վիճակը պատճառներ էին, որ այդ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ներգաղթելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերէր: Այդ օրերուն Խորհրդային Հայաստանի քարոզչամեքենան օրն ի բուն ոսկի գոյներով կը նկարագրէր հայրենիքը եւ զայն կը ներկայացնէր իբրեւ Եդեմի պարտէզի մէկ մասնիկ: Երջանկայիշատակ կարտինալ Աղաճանեան միակն էր, որ կանխատեսած էր եւ համարձակօրէն արտայայտուած` այդ մասին ըսելով. «Հիմա ժամանակը չէ Հայաստան երթալու»: Հոն հասած հայորդիներու կեանքի պայմանները փաստեցին հայազգի ծիրանաւորին խօսքին վաւերականութիւնը:
Ինչպէս բոլոր քաղաքներու, նաեւ Քեսապի մէջ նաեւ կազմուեցաւ Ներգաղթի կոմիտէ, որ հոգաց ներգաղթող քեսապցիներու փոխադրութիւնը դէպի Լիբանանի Քարանթինայի նաւահանգիստը: 25 յուլիս 1947-ին քեսապցիները փոխադրող «Փոպոտան» նաւը կը հեռանար Միջերկրական ծովէն:
Հայրենադարձութեան պատճառով կը պարպուին ամբողջ գիւղեր, ինչպէս` Պաշօրտ եւ Ջաթալլէք: Այլ գիւղերու բնակչութիւնը մեծապէս կը նուազի: Ամէն տեղ ամայութիւն է: Այդ օրերուն Քեսապի մէջ հայ երեք յարանուանութիւններու հսկողութեան տակ կը ստեղծուի ներգաղթողներու կալուածները գնող եւ վաճառող երկու յանձնախումբ: Վաճառող մարմինը կը գոհանար խորհրդանշական գումարով մը, իսկ պահանջուած գումարը գոյացնելու համար գնող մարմինին օժանդակեցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ եկեղեցական մարմինները, որոնց մէջ` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը:
Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերուն հայրենիք ներգաղթողներու թիւը կ՛ըլլայ 2407 հոգի, որոնցմէ` 1435 հայ առաքելական, 395 հայ աւետարանական եւ 577 հայ կաթողիկէ:
Է.- 1947-էն մինչեւ ներկայ օրեր
Հայրենադարձութենէն ետք բնականաբար աշակերտներու թիւն ալ կը նուազի բոլոր դպրոցներուն մէջ: 1948-ին կաթողիկէ համայնքի եւ մայրապետներուն դպրոցները կը միանան մինչեւ 1950: Այդ թուականէն քոյրերը կը լքեն դպրոցը, որ կ՛անցնի ամբողջապէս Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, եւ տեղւոյն ժողովրդապետը կ՛ըլլար միեւնոյն ատեն դպրոցի տնօրէն: 1947-ին Քեսապի կաթողիկէ հովիւ հայր Պետրոս Ադամեան կը կազմակերպէ քեսապցիներու այցելութիւնը Լիբանան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, իրենց շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտական զգացումները յայտնելու երջանկայիշատակ Աղաճանեան հոգեւոր տիրոջ, անոր ազդու միջամտութեան համար, Քեսապը եւ շրջակայ գիւղերը ազատելու թրքական իշխանութենէն եւ կցելով Սուրիական Հանրապետութեան: Քեսապէն այցելու խումբին կը միանան նաեւ Լիբանան հաստատուած քեսապցիները:
1954-1957 Քեսապի ժողովրդապետ կը նշանակուի Անդրէաս վրդ. Պետողլեան, որ նախապէս եղած էր Քեսապ` իբրեւ օգնական հայր Պետրոս Ադամեանին, լատին եւ հայ կաթողիկէ երկու համայնքներու միացումէն ետք:
Ստեփան վրդ. Թելալեան պաշտօնավարած է Քեսապ` իբրեւ ժողովրդապետ երկու շրջաններու վրայ, նախ 1957-1963, իսկ երկրորդ աւելի երկար շրջանը եղած է 1974-1985: Երկրորդ շրջանին է, որ 1981-ին հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան եկեղեցին, որ անգործածելի մնացած էր լատինաց մեկնումէն եւ կաթողիկէներու Ս. Միքայէլ եկեղեցի փոխադրուելէն ետք, կը վերածուի եկեղեցական հանդիսասրահի: Հոն տեղի կ՛ունենան կաթողիկէ վարժարանի տարեվերջի հանդէսներ, Հայ կաթողիկէ միութեան ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` մշակութային եւ համայնքային այլ նախաձեռնութիւններ:
1963-1969 իբրեւ ժողովրդապետ` Քեսապի մէջ կը պաշտօնավարէ Քեսապի զաւակ Կոմիտաս վրդ. Պէօճեքեան: 1967-ին կը փակուի կաթողիկէ վարժարանը, ինչպէս` Սուրիոյ կաթողիկէ բոլոր վարժարանները, այդ տարիներու քաղաքական որոշ պատճառներու բերմամբ, կրկին վերաբացուելու համար 1974-ին նոր արտօնագիրով եւ Հայ կաթողիկէ բարեյուսոյ վարժարան նոր անունով:
1969-1974 Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ կը նշանակուի Յակոբ վրդ. Ղարիպեան: Այդ ժամանակահատուածին է, որ աւանդութիւն կը դառնայ ուխտագնացութիւն կատարել դէպի Գարատուրանի Գալանտէրեան թաղի «Կիղիցիկ» կոչուած ուխտատեղին, Վարդավառի տօնին առթիւ եւ այդպէսով վերակենդանացնել այդ հին աւանդութիւնը, որ 1939-էն առաջ կը կազմակերպուէր դէպի Պարլումի ուխտավայրը:
1985-1992 Քեսապի ժողովրդապետ կը նշանակուի Անտոն վրդ. Ադամեանը, որ զարկ կու տայ յատկապէս մշակութային եւ գրական նախաձեռնութիւններու եւ կը նախաձեռնէ հայոց լեզուի դասընթացքներու, որոնք մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն ոչ միայն համայնքին, այլ Քեսապի բոլոր երիտասարդներուն մօտ: Հայր Անտոն նաեւ կ՛իրականացնէ շարք մը շինարարական եւ նորոգութիւններու գործեր:
Քեսապի ՀԿՄ պատանեկանը 1996-ին
Յակոբ վրդ. Ղարիպեան երկրորդ անգամ կը պաշտօնավարէ Քեսապի մէջ, 1992-1999: Այս շրջանին համայնքի միութիւններու գործունէութիւնները կ՛աշխուժանան, ինչպէս` ՀԿՄ պատանեկանը, Եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը եւ Եկեղեցական օժանդակ յանձնախումբը: Հայր Յակոբ կը կազմէ միջհամայնքային միացեալ երգչախումբ, որուն ելոյթներուն հասոյթը կը յատկացուին Քեսապի գերեզմանատան բարեզարդման աշխատանքներուն:
1995-ին, նախաձեռնութեամբ Քեսապի զաւակ Մեսրոպ վրդ. Ճուրեանի, Քեսապի մեծ բարերար Աղաճանեան ծիրանաւորին ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, բացումը կը կատարուի ձեռամբ` Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքին, Աղաճանեանի նուիրուած վիմափոր յիշատակարանին` առ ի երախտագիտութիւն ծիրանաւորին մեծ դերին` Քեսապը անջատելով Թուրքիայէն եւ կրկին կցելով Սուրիոյ հայրենիքին:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մեծ նուիրատուութեամբ 1997-ին ամբողջովին կը վերանորոգուի Բարեյուսոյ վարժարանը: 1994-2000 վարժարանին առաջին ոչ եկեղեցական տնօրէնը կ՛ըլլայ. Յակոբ Պետրճիկեան:
1999-ին ոչ մնայուն կերպով, իսկ 2000-էն մինչեւ 2013 Քեսապի հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը կը վարէ Գարեգին վրդ. Քէօշկերեան, որ միեւնոյն ատեն կը վարէ վարժարանին տնօրէնութեան պաշտօնը: 2008-ին Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին մեծ վերանորոգութիւններ` նուիրատուութեամբ գլխաւորաբար ամերիկաբնակ Ներսէսեան ընտանիքին եւ Քեսապի հաւատացեալ ժողովուրդին:
2013-2025 Քեսապի կաթողիկէ հայոց ժողովրդապետն է Նարեկ վրդ. Լուիսեան: Մշակութասէր եւ աշխուժ վարդապետը հասած օրէն կը ձեռնարկէ Քեսապի ազգագրական իրերու հաւաքի` հիմնելու ազգագրական թանգարան մը վանքին մէջ: Չորս ամիսներու հաւաքէ ետք «Կիլիկիա» թանգարանին բացումը կը կատարուի 17 նոյեմբեր 2013-ին:
Դժբախտաբար 2014-ի Քեսապի ծանօթ դէպքերու ընթացքին թանգարանը ամբողջութեամբ կը կողոպտուի: Արդարեւ, 21 մարտին Քեսապի համայն ժողովուրդը տեղահան կ՛ըլլայ եւ ապաստան կը գտնէ Լաթաքիա: Իր հաւատացեալներուն հետ տեղահանութեան ճամբան կը բռնէ նաեւ հայր Նարեկ ու կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին մինչեւ անոր Քեսապ վերադարձը` նոյն տարուան յունիս 15-ին: Վերադարձին, ինչպէս ամէն տեղահանութենէ ետք, տեղի կ՛ունենան վերակառուցման եւ նորոգութեան գործերը:
2015-ին Քեսապ կ՛այցելէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ կը խոստանայ անմիջապէս հոգալ ծախսերը եկեղեցւոյ երկու նոր զանգերու: Մեծ շուքով կը տեղադրուին այդ զանգերը 30 օգոստոս 2016-ին:
2018-ի օգոստոս 3-ին օրհնութիւնը եւ բացումը կը կատարուի Ս. Կոյս Մարիամի արձանին` ձեռամբ Ասատուրեան գերապայծառին եւ ներկայութեամբ Քեսապի քոյր համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ` շրջանի իսլամ հոգեւորականներու եւ պետական ներկայացուցիչներու: Աստուածածնայ արձանը իրականացած էր նուիրատուութեամբ Սառա Թեմիրեանի:
Յաջորդ օրը բացումը կը կատարուի հայ կաթողիկէ վերանորոգուած հանդիսասրահին, որուն նորոգութեան ծախսերը հոգացած էր «Oeuvres D՛Orient» ֆրանսական եկեղեցական կազմակերպութիւնը: Կիրակի, 4 օգոստոսին, յընթացս ս. պատարագին, զոր կը մատուցէ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, կիսասարկաւագի աստիճան կը ստանայ, համայնքի զաւակներէն Արա Քէշիշեան, որ երկար տարիներ ծառայած էր եւ տակաւին կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ սուրբ խորանին:
2021 թուականի ամրան բացումը կը կատարուի «Հայր Մեսրոպ Ճուրեան» գրադարանին, իսկ 2022-ին օրհնութիւնն ու բացումը` Աղաճանեան ծիրանաւորի կիսանդրիին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, դարձեալ առ յերախտագիտութիւն մեծ հայուն ազատարար միջամտութեան ի նպաստ Քեսապի եւ առ ի մասնակցութիւն անոր սրբադասման դատի աշխատանքներուն: Սոյն կիսանդրին գործն է լիբանանահայ քանդակագործ Վարդան Աւեսեանի:
Սեպտեմբեր 2024-ին Քեսապի Հայ կաթողիկէ բարեյուսոյ վարժարանը կը փակէ իր դռները ցնոր տնօրինում:
Փետրուար 2025-ին, հայր Նարեկ ընտրուելէ ետք Զմմառու վանքին վարչութեան անդամ, կը մեկնի Քեսապէն նոյն տարուան ապրիլին:
17 ապրիլ 2025-էն մինչեւ օրս Քեսապի հայ կաթողիկէներուն հովիւն է Վերին Ճեզիրէի թեմէն Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեան: Ան Քեսապ հասած օրէն վերակազմեց ՀԿՄ-ի երիտասարդական միութիւնը, Եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնն ու Ժողովրդապետական օժանդակ յանձնախումբին հետ միասնաբար յառաջ կը տանի եկեղեցւոյ գործերը: Հին աւանդութիւնը շարունակելով` կը կատարուի Վարդավառի առիթով ուխտագնացութիւնը դէպի Գալատուրանի «Կիղիցիկ» մատուռը, նոյնպէս մեծ շուքով կը կատարուի, աւանդութիւն դարձած եւ համայն քեսապահայութեան մասնակցութեամբ, Մայիսեան ջերմեռանդութեան փակումը մայիս ամսուան վերջին օրը: 25 դեկտեմբեր 2025-ին 100-ամեակի յանձնախումբը նշեց Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ կառուցման դարադարձը, այդ առիթին համար կազմակերպուած յատուկ ճաշկերոյթով մը: Նշենք, որ 2026 յուլիս 29-էն մինչեւ օգոստոս 3, Այնճարի մէջ կայացած Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց հաւաքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Քեսապի հայ կաթողիկէ երիտասարդները, առաջնորդութեամբ իրենց հոգեւոր վարիչ հայր Գառնիկին:
Ը.- Վերջաբան
Սուրիոյ պատերազմը, ինչպէս նաեւ Քեսապի 2014 մարտ 21-ի տեղահանութիւնը բաւականին նսեմացուցին Քեսապ հայաւանին բնակչութեան թիւը, բայց եւ այնպէս, Քեսապը կը մնայ միեւնոյն պատմական, հայկական բնակավայրը, ուր կը պահուին աւանդութիւնները եւ հարուստ մշակոյթ` ժառանգուած կիլիկեան ժամանակաշրջանէն: Հետեւաբար, քաջ գիտակցելով այդ իրողութեան, հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը ջանք չեն խնայեր պահելու այդ հարուստ ժառանգութիւնը` նեցուկ կանգնելով տակաւին իր հողին ամուր կառչած քեսապցիին եւ պահպանելու Քեսապի հայկական դիմագիծը: 2024-ին տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք, Քեսապը օր ըստ օրէ կը գտնէ իր հին փայլքը` հանդիսանալով Սուրիոյ զբօսաշրջական լաւագոյն վայրերէն մին, ուր կը դիմեն Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն բազմահազար զբօսաշրջիկներ` վայելելու Քեսապի տեսարժան բնութիւնը, բացառիկ կլիման եւ շնչելու անոր անմահական օդը:
(Շար. 3 եւ վերջ)
Օգտագործուած աղբիւրներ`
* Ճուրեան Մեսրոպ վրդ., «Աւետիք» պաշտօնաթերթ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, թիւ 1-4, 5-8, 9-12, Պէյրութ, 1995, նաեւ` թիւ 1-4, 5-8, 9-12, Պէյրութ, 1996:
* Նազլեան Յովհաննէս արք., «Աւետիք» պաշտօնաթերթ, թիւ 1-4, Պէյրութ, 1999:
* Պէօճեքեան Կոմիտաս վրդ., «Ուրուագիծ` Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի պատմութեան», Զմմառ, 1982:
* Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995:
* Թեմիրեան Ալպեր, «Քեսապ», Պէյրութ, 1956:
***
www.aztagdaily.com/archives/701494