10 փետրուար 2016
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Նախորդ շաբթուան յօդուածով տեղեկացուցած էի, որ Թալէաթ փաշան` Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը, 1921 թուականին բրիտանացի հետախոյզ Օպրի Հերպըրթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, որ «յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներուն մասին»:
Այժմ պիտի ուզէի ներկայացնել համառօտ հատուածներ Թալէաթի ծաւալուն զեկոյցէն, որ 1921-ի Նոյեմբերին հրապարակուած է «Նիւ Եորք Թայմս»-ի կողմէն հրատարակուող «Քարընթ հիսթըրի» (Current History) ամսագրին մէջ` «Թալէաթ փաշայի յետմահու յուշերը» վերնագիրով, եւ հետեւեալ ենթավերնագիրով. «Նախկին Մեծ վէզիրի անձնական զեկոյցը` գրուած անոր սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ, թէ ինչու եւ ինչպէս Թուրքիան մտաւ պատերազմի մէջ. գաղտնի դաշինք, որ նախորդեց հակամարտութեան. Հայկական կոտորածներուն պատճառները` ներկայացուած զանոնք պատուիրած մարդուն կողմէ»:
«Քարընթ հիսթըրի»-ի խմբագիրները ներածական ծանօթութեան մէջ կը բացատրեն, թէ ինչպէս ձեռք բերած են այս բացայայտող զեկոյցին օրինակը. «… Թալէաթի մահէն ետք, այս ձեռագիրը անցաւ Գերմանիա մնացած անոր կնոջ. ան դեռ չէր հրապարակած ամբողջական զեկոյցը, սակայն անոր ամուսինը գնդակահարողին ազատ արձակուելէն ետք, ան արտօնեց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրապարակուող ազատական թրքական «Վաքիթ» թերթի Փարիզի թղթակիցին՝ հրատարակել անոր առաւել հետաքրքրական հատուածները: «Քարընթ հիսթըրի»-ի համար անոնք թրքերէնէ թարգմանեց բնիկ պոլսեցի Մ. Զեքերիան: Անոնք մօտ յիսուն էջ էին բնօրինակ ձեռագրէն, որուն առաջին նախադասութիւնը` «Ես չեմ ըսեր ամբողջ ճշմարտութիւնը, սակայն այն ամէնը, ինչ կ՝ըսեմ` ճշմարիտ է», մեծ ցնցում առաջացուց Թուրքիոյ մէջ»:
Թալէաթը, իր յուշերուն մէջ, ինչպէս Օպրի Հերպըրթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, կը փորձէ արդարացնել ինքզինք` Հայոց Ցեղասպանութեան համար մեղադրելով բոլորը` հայերը, ռուսերը, նոյնիսկ թուրքերը: Ան չի ժխտեր «հայերու, իսկ որոշ բնակավայրերու մէջ նաեւ յոյներու եւ Սուրիոյ մէջ որոշ արաբներու տեղահանութիւնները», սակայն կը պնդէ, որ անոնց մասին հաղորդումները «խիստ չափազանցուած էին»: Ապա Թալէաթ կ՝աւելցնէ. «Ասիկա ըսելով, ես ամենեւին միտք չունիմ ժխտելու փաստերը: Միայն կ՝ուզեմ վերացնել չափազանցութիւնները եւ փաստերը շարադրել այնպէս, ինչպէս անոնք տեղի ունեցած են»:
Նախկին Մեծ վէզիրը կը խոստովանի. «Ես կ՝ընդունիմ, որ մենք բազմաթիւ հայեր տեղահանած ենք մեր արեւելեան նահանգներէն, բայց այս հարցով մենք երբեք չենք գործած նախապէս մշակուած ծրագիրով: Այս գործողութիւններուն պատասխանատւութիւնը կ՝իյնայ առաջին հերթին տեղահանուած ժողովուրդին վրայ: Մեր արեւելեան շրջանները ձեռք բերելու նպատակով, Ռուսաստանը զինեց այս շրջաններու հայ բնակչութիւնը եւ նշուած տարածքին մէջ կազմակերպեց հայկական զօրաւոր հրոսակային ուժեր»:
Փորձելով վերականգնել իր արատաւորուած անունը` Թալէաթը կ՝ընդունի թրքական բռնութիւնները ընդդէմ հայերու. «Ես կ՝ընդունիմ, որ տեղահանութիւնը ամէնուր օրինական կարգով չէ իրականացած: Որոշ տեղեր կատարուած են անօրինական արարքներ…. Շարք մը պաշտօնեաներ չարաշահած են իրենց լիազօրութիւնները, եւ շատ տեղեր մարդիկ իրենց ձեռք վերցուցած են կանխարգելիչ քայլերը եւ հալածած անմեղ մարդոց: Կը խոստովանիմ»:
Շարունակելով իր դէմքը փրկելու հռետորութիւնը` Թալէաթ կը զիջի. «Կը խոստովանիմ նաեւ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն էր կանխել այս բռնութիւններն ու վայրագութիւնները, կամ առնուազն բռնել եւ խստօրէն պատժել մեղաւորները: Շատ տեղեր, ուր տեղահանուած մարդոց գոյքը եւ ունեցուածքը թալանուած էր, իսկ հայերը` հալածուած, մենք ձերբակալեցինք մեղաւորները եւ պատժեցինք ըստ օրէնքի: Կը խոստովանիմ, սակայն, որ պէտք է աւելի խստօրէն վարուէինք, իրականացնէինք ընդհանուր հետաքննութիւն` բոլոր սադրիչներն ու թալանչիները բացայայտելու եւ խստօրէն պատժելու համար: Բայց չէինք կրնար այդպէս ընել: Հակառակ անոր, որ շատ մեղաւորներ պատժեցինք, սակայն անոնց մեծ մասը մնաց անպատիժ»:
Թալէաթ կը շարունակէ արդարացումներ գտնել հայկական կոտորածներուն համար հետապնդման չենթարկուած ոճրագործներու համար, որոնք «անհեռատես եւ մոլեռանդ էին, սակայն անկեղծ էին իրենց համոզմունքներուն մէջ: Հասարակութիւնը կը խրախուսէր անոնց, եւ անոնք իրենց ետին ունէին աջակիցներու ստուար բանակ մը: Անոնք մեծաթիւ էին եւ հզօր: Անոնց բացայայտ եւ անյապաղ պատիժը կրնար դժգոհութեան մեծ ալիք առաջացնել մարդոց մէջ, որոնք հաւանութիւն կու տային իրենց գործողութիւններուն: Այս բոլոր սադրիչները ձերբակալելու եւ պատժելու փորձը կրնար անիշխանութեան պատճառ դառնալ Անատոլիոյ մէջ այն ժամանակ, երբ մենք միասնութեան խիստ կարիք ունէինք»:
Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ Թալէաթի պնդումները, թէ իբր հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թիկունքէն հարուածած են Թուրքիան, լիովին կեղծ են: Թուրքիոյ ռազմական նախարար, օսմանեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Էնվէր փաշան, Գոնիայի եպիսկոպոսին յղած նամակին մէջ, բարձր գնահատած է թրքահայ զինուորներուն քաջութիւնը ռուսական բանակին դէմ պայքարին ժամանակ՝ 1914-1915 ձմրան:
Պէտք չէ զարմանալ, որ Թալէաթի այն պնդումը, թէ իր կառավարութիւնը դաժան գործողութիւններ պիտի ձեռնարկէր հայերուն դէմ նոյնիսկ «խաղաղութեան ժամանակ», կը վերահաստատէ թրքական վաղեմի ցեղասպանական գործելակերպը, ինչպէս նախապէս կիրառուած է համիտեան եւ Ատանայի հայկական ջարդերուն ժամանակ, երբ պատերազմներ չկային:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com