Պատմութեան մէջ արձանագրուած շատ մը դէպքեր կան, որոնք պետք չէ մոռցուին երբեք – Ս.ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

Պատմութեան մէջ արձանագրուած շատ մը դէպքեր կան, որոնք պետք չէ մոռցուին երբեք։Անոնց յաճախակի յիշատակութիւնը կ’ունենայ իր հոգեբանական բարերար ազդեցութիւնը եւ թմրութեան եւ յուսալքութեան մէջ ինկող անհատներ կամ հաւաքականութիւններ ոտքի կը կանգնին կազդուրուած։

Այդ դէպքերէն մէկն է այն աւանդութիւնը,ըստ որում մեր նախահայրերը եղող Փռիւգացի Արմեններ կիսաստուածեան ծագում ունէին եւ օժտուած էին այնպիսի բարձր կարողութեամբ եւ ճարտարութեամբ ,որ նույնիսկ աստուածների հետ կը մրցէին։

Անոնց անուան նշանակութիւնն իսկ կը բաւէ մեր սիրտերը լեցնելու հպարտութեան զգացումներով։Չէ՞ որ փռիւգացի կը նշանակէ “ազատ մարդ”։

Կիսաստուածեան ծագում ունեցող այս “ազատ մարդ”֊իկն էին,որ Քրիստոսէ աւելի քան հազարամեակ մը առաջ Էրակիայեն գաղթելով հաստատուեցան Փոքր Ասիա եւ կամաց կամաց յառաջանալով սեպիբարեւելք`արշաւեցին Ուրարտու,երկար կռիւներէ ետք պարտութեան մատնեցին զայն, խառնուեցան տեղացի բնիկներուն հետ,ծնունդ տուին այժմու հայ ժողովուրդին։

Անոնց լեզուները, կրօնքը, սովորու֊ թիւններն ու աւանդութիւնները`անոնց արեան նման իրարու հետ խառնուեցան գեղեցիկ համադրութեան մը մէջ եւ կերտեցին մեր նախնագույն մշակույթը եւ զայն արտայայտող լեզուն ու հոգեկան աշխարհը։

Այս գեղեցիկ խառնուրդէն ծնունդ առին աննիւթական նոր տարրեր,մտքի եւ երեւակայութեան նոր սլացք եւ գույն,կամքի եւ վճռականութեան ուժ,ազատ ապրելու տենչ, քաղաքակրթական կեանքի մը ձգտումներ։

Ու այս նորաստեղծ ու անկշռելի արժէքները շատ աւելի ուժգնօրեն ու յստակօրեն յայտնաբերուեցան Տարօն֊Տուրուբերանցիին մէջ։Անոնց ներգործութիւնը մեր ազգային քաղաքական տոգորումներուն վրայ`հայ ժողովուրդի պատմութեան տուաւ բացառիկ ծանրութիւն եւ խորութիւն։

Այդ հեքիաթային գաւառին մէջն էր,որ շիկահեր,կապուտաչուի,ճերմակ եւ բարձրահասակ Արմեններն առաջին անգամ հանդիպեցան Հայաստանի նախաբնիկներուն եւ սկսան իրենց երկար կռիւներուն շարանը,որ վերջացաւ երկու ժողովուրդներուն ներդաշնակ ձուլումովը։

#Սասնոյ լեռնաշխարհն էր անոնց ամրոցը։ Մինչև նույնիսկ մեր ընդհանուր ջարդն ու տարագրութիւնը`Սասուն պահած էր Արմեններու հարազատ տիպարները,յանձին իր իշխաններուն,մարտիկներուն ու հաւատափոխ կարգ մը աշիրէթներուն։

Հայակազմութեան այս պատմական շարժումէն ետք կու գայ երկար դարեր վերջ քրիստոնէական շարժումը։

Գրիգոր Լուսաւորիչ իր խաչովն ու սուրովը կ’արշավէ Տարօն։Հօն կռուի կը բռնուի մոլռանդօրեն հաւատացոալ հեթանոս զանգուածի հետ։ Քրիստոնեութիւն ընդունող իշխաններն կը հաղթեն կռապաշտներուն,դեմետրի եւ Ֆիսանէի մեհեյաննեևը կը քանդեն եւ անոնց աւերակներուն վրայ կը բարձրացնեն Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքը,որ դարերու ընթացքին մնաց որպէս լուսաղբիւր եւ ուխտագնացութեան վայր`ամբողջ Հայութեան։

Անոր գմբէթներուն նայուածքին տակ հոսող Արածանիի ջուրերուն մէջն էր,որ հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ մկրտուեցաւ։

Հոն…այդ հեքիաթային գաւառին մէջն էր,որ ճարտարապետուեցաւ հայ Այբուբենը,որուն գիրերը նիզակներու խուրձի մը պէս մխուէցան ամէն կողմէ յարձակող թշնամիներուն սիրտը եւ դիւցազնօրէն պաշտպանեցին հայութիւնը դարերու ահաւոր փոթորիկներու մէջէն։

Հոն…այդ դիւցազնածին գաւառին մէջն էր Մամիկոնեան Տունը,որնիր հայրենասէր սպարապետներով եւ իշխաններով կուրծք տուաւ պարսկական կայսրութեան դէմ`ի պաշտպանութիւն քրիստոնէական հաւատքին,հայ լեզուին եւ պետականութեան գաղափարին։

Հոն էր…այդ յեքիաթային գաւառին մէջ,միջնադարեան անստղ երկնքին տակ,որ Սասունցի Դաւիթն ու իր ծռերը անխորտակելի ժայռերի պէս պատուար կանգնեցան իրենց կայծակնասփիւռ թուրերով ,իրենց աննուաճ հպարտեւթեամբ,իրենց անբեկանելի վճռականութեամբ եւ ազատութեան խորունկ պաշտամունքով`ընդդեմ արաբներուն եւ մեմլուքներուն եւ սպացույցտ տուին իրենց կիսաստուածեան ծագման։

Ու անոնք,որ ըստ աւանդութեան աստուածներուն հետ կը մրցէին,ըմբոստացան երկնքի դէմ,մերժեցին հոն բարձրանալ եւ կառչեցան Հայաստանի հողին,որովհետև այդ հողը դադրած է հող ըլլալէ։Ան կազմուած է մարտիրոսներու ու սուրբերի նշխարներէ։Անոնց ոտքերուն տակ նիւթականութիւն գոյութիւն չունի`աննիւթական աշպարհ մըն է ան դիւցազնական արարքներու,սրբազան ցանկութեանց եւ լուսաբաղձ տոգորումներու։

Հայրենասիրութիւնը ինքնին անոնց համար անհունութիւն մըն էր։

Տարօն֊Տուրուբերանցին ամենէն աւելի շնչած է ու ապրած գաղափարապաշտ այս մթնոլորտին մէջ եւ այն աստիճան տարուած այդ հոգեկան առաքինութիւններու գրաւչութիւնէն։

Անոր հոգին կրնայ մրցիլ ծիածանագեղ երկնքին,անոր մթին ամպերուն,անոր կայծակնարձակ մրրիկներուն,անոր լուսաթարթ աստղերուն հետ։

Այս խոնարհ ու թանկագին ժողովուրդը,ըլլալով ենթակայ բազմաթիւ արշաւանքներու ,ստիպուեցավ յաճախ ինքնապաշտպանութեան համար որդեգրել կրաւորական դիմադրութեան քաղաքականութիւնը։

Ս.ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

Յունուար 1956թ

Լոս֊Անճելըս, գալիֆ.

May be an image of ‎text that says '‎SUPID ዘማህህይይን tr2 SuPLShlbr 小 ጣጊያ הביותך 五所 内 SONG AND DANCE TARONCINER FOLK ENSEMBLE ENSEMBLE‎'‎

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail