Սարդարապատը վերջակէտ դրաւ Մեծ եղեռնի արհաւիրքին ու ապահովեց հայութեան լինելիութիւնը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹՅՈՒՆ, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ

Սարդարապատը վերջակէտ դրաւ Մեծ եղեռնի արհաւիրքին ու ապահովեց հայութեան լինելիութիւնը, թէեւ չկարողացավ բոլորովին դադարեցնել Հայերու ցեղասպանութեան ընթացքը, որը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Մեծ հայրենականի հաղթանակը հաստատեց հայութեան լինելիութեան կամքը: Նորագոյն զինուած ազատագրական պայքարը վերահաստատեց այդ: Արցախեան ազատամարտը նոր շունչ հաղորդեց իրենց:

Ապագան կերտուելու է մերձաւոր արեւելեան իրադարձութիւններու հորձանուտի մէջ, որտեղ որոշուելու է տարածաշրջանի շատ ազգերու ու պետութիւններու ապագան, այդպէս նաեւ հայութեան, անկախ այն հանգամանքներէն, թե հայութիւնը որքանո՞վ ի վիճակի է պատրաստ ըլլալ:

Սեւակեան այս պատգամը սերունդներուն կարեւոր է, որովհետեւ Սեւակեան հիմքերը քաղաքակրթական ուղղութեան, հիշողութեան ու պատկանելիութեան ակունքներու մէջ են եւ մարդկային հասարակութեան բնականոն զարգացումներու, որոնք անհնար է խաբանել, ինչն ապահովելու է հայութեան լինելու, զարգանալու եւ ապագայ ունենալու իրաւունքը:

Յաղթանակը մերն է լինելու:

Տիգրան Փաշաբեզյան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ

22-28.05.2015 թ.

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail