Արաղչի. «Կացութեան Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծման Յանձնառու Մնացինք, Սակայն Ուաշինկթըն Յարձակումի Եւ Սպառնալիքի Ուղին Ընտրեց»

The world according to Herodotus. Edited by Charles Muller, published in the Smith’s atlas. Armenia has a central position among the countries that existed at that time

Արաղչի. «Կացութեան Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծման Յանձնառու Մնացինք, Սակայն Ուաշինկթըն Յարձակումի Եւ Սպառնալիքի Ուղին Ընտրեց»

17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2026 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատեց Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան բացակայութեան համար:

Ան ըսաւ, որ նեղուցին մէջ տիրող կացութիւնը հետեւանք է «ամերիկեան թշնամական քաղաքականութիւններուն» եւ «Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներուն»:

Արաղչի յայտնեց, թէ իր երկիրը անցնող երկու տարիներուն ընթացքին յանձնառու եղած է իրավիճակը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելուն, եւ Ուաշինկթընը մեղադրեց «յարձակումի, սպառնալիքներու, սպանութիւններու եւ տնտեսական շրջափակման ուղին» ընտրելու յանցանքով:

Ան ըսաւ, որ Թեհրան կառչած կը մնայ Միջազգային օրէնքին, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ հակամարտութիւնները խաղաղ միջոցներով ու դիւանագիտութեան ճամբով լուծելուն:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի մերձակայ երկիրներուն հետ բարեկամութեան հիմամբ շինիչ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ իր ու այդ պետութիւններուն միջեւ խորքային տարակարծութիւններ չի տեսներ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներուն յաղթանակ յայտարարելէն օրեր ետք զինուորական թաքստոցներ դիմելը «իր ղեկավարներու սուտերէն զայրացած» հասարակական կարծիքը սիրաշահելու բացայայտ փորձ մըն է:

Ան աւելցուց, որ Իրան «կարիքը չունի իր վրայ յարձակում գործողներուն կրկնօրինակը ըլլալու` անոնց վրայ յաղթանակ արձանագրելու համար»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտարարած էր, որ ապահովական պատճառներով ռազմակայան տեղափոխուած է:

«Ֆաքս Նիուզ»-ի համաձայն, Պեսենթ միացած է Թրամփի վարչակազմէն մեծաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որոնք Ուաշինկթընի մերձակայքը գտնուող զինուորական կառոյցներու մէջ կեցութիւն հաստատած են:

Իրաքի նախագահ Նիզար Ամիտի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան գոյացման օգնելու:

Ան նշեց, որ Պաղտատ շարունակ կը մասնակցի քննարկումներու, որոնց նպատակը երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները դիւրացնելն ու անոնց միջեւ խաղաղութեան հաստատման նպաստելն է:

Ամիտի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց` վերադառնալու ընտրուելէն ետք պատերազմներուն, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու առաջարկին:

May be an image of text

The world according to Herodotus. Edited by Charles Muller, published in the Smith’s atlas. Armenia has a central position among the countries that existed at that time

aztagdaily.com/archives/712066

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail