Այսօր Միւնիխի Մէջ Սուրիոյ Միջազգային Աջակցութեան Խմբակի Ժողով. «Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Թուրքիոյ Շարժումներէն, Եւ Անգարա ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Կը Բանակցի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Lavrov_AZTAG-1
Սերկէյ Լաւրով

11 փետրուար 2016

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Սուրիական տագնապը զինուորական միջոցներով լուծելու վտանգը իրականութեան վերածուեցաւ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Թուրքիան ռուսական օդային հարուածներու շարունակութեան պայմաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի համակարգում կատարելու գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական շարժումներէն` յոյս յայտնելով, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական ներխուժում մը չ՛արտօներ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ այսօր Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի ժողովը եւ նշեց, որ խմբակը պիտի քննարկէ Սուրիոյ տագնապի լուծման միացեալ ջանքերը:

Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Մոսկուա կը մերժէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը լուծման բանակցութիւններէն հեռու պահելը»: Ան «ամերիկացի գործընկերներուն» դարձեալ կոչ ուղղեց «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցելու»` աւելցնելով, որ ռուսական գործողութիւններուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ քաղաքային զոհերու արձանագրուելուն մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնները փաստերէ զուրկ են:

«Անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ լուծումի հասնելու համար բոլոր կողմերու կեցուածքները մերձեցնել», շեշտեց Զախարովա` նշելով.  «Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայաններու յայտարարութիւնները քաղաքականացուած են եւ նախ եւ առաջ կը վնասեն անոնց վարկին»:

Ան ըսաւ, որ գերմանական լրատուամիջոցներուն կողմէ սուրիական բանակին դէպի թրքական սահման յառաջխաղացքը քննադատելը անհասկնալի է, «իսկ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ սուրիական բանակին յառաջխաղացքին ուղղուած քննադատութեան պատճառը սահմանային շրջանները գրաւելու Անգարայի մտադրութիւնն է»:

«Բանակցութիւնները նախապէս ձախողեցան, որովհետեւ Արեւմուտքը պայման դրաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը, իսկ Ռուսիան մեծ ջանք թափեց բանակցութիւններուն կայացման համար եւ բանակցութիւնները ձախողութեան մատնելու մէջ զայն ամբաստանելը անտրամաբանական է», ըսաւ Զախարովա:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի համաձայնած են Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման եւ պաշարուած շրջաններ մարդասիրական օժանդակութիւններ մտցնելու կարեւորութեան շուրջ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail