Իրանը Կողմնակից Է ԼՂ Հիմնահարցի Երկխօսութեան Ճանապարհով Կարգաւորման

kazem
10 փետրուար 2016

Իրանը կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի երկխօսութեան ճանապարհով կարգաւորման: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սէյէտ Քազեմ Սաճատին: «Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի երկխօսութեան միջոցով: Իրանը մշտապէս եղած է երկխօսութեան կողմնակից»,-ըսած է դեսպանը`  բերելով իրենց իսկ օրինակը:

Սէյէտ Քազեմ Սաճատիի խօսքով` Միջուկային ծրագիրի լուծման հարցով Իրանը ապացուցած է, որ երկխօսութեան միջոցով հնարաւոր է լուծել բազմաթիւ խնդիրներ: «Այդ իսկ պատճառով  բոլոր երկիրներուն կոչ կ՝ընենք առկայ խնդիրները լուծել այս միջոցով:  Յարաբերութիւններու լարումը երբեք նախընտրելի չենք համարեր, քանի որ անոնք կը վնասեն բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն»,- աւելցուցած է դեսպանը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail