10 փետրուար 2016
«Սի.Պի.Էս.» կայանին կողմէ՝ ամերիկեան ֆութպոլի տարեշրջանի աւարտական մրցումը հանդիսացող «Սուփըր Պոլ»ի սփռումին հովանաւորողներէն մէկը հանդիսացած է Թուրքիոյ օդանաւային ընկերութիւնը՝ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ը, որուն քանի մը ծանուցումները ցուցադրուեցան մրցումին ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenianweekly.com-ը։
«Սուփըր Պոլ»ի ընթացքին, «Սի.Պի.Էս.»-էն կէս վայրկեաննոց ծանուցումներուն գինը կրնայ 5 միլիոն տոլարի հասնիլ։
Թրքական ընկերութեան ծանուցումներուն Պեն Աֆլեքի նման դերասանի մը մասնակցութիւնը քննադատուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, որ յիշեցուց, թէ «Թըրքիշ Էրլայնզ»ի բաժնետոմսերուն 49.12 տոկոսը Թուրքիոյ կառավարութեան կը պատկանի ու յատկանշական եկամուտ կ՛ապահովէ կառավարութեան։
Իր յայտարարութեան մէջ Հայ Դատը նաեւ շեշտեց, թէ Անգարա կը շարունակէ մնալ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գլխաւոր մեղսակիցներէն մէկը, միաժամանակ կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապօրինի կերպով շրջափակուած կը պահէ Հայաստանը, բռնագրաւուած կը պահէ Կիպրոսը, վայրագօրէն կը ճնշէ քիւրտերն ու լրագրողները եւ կ՛ոտնակոխէ իր իսկ քաղաքացիներուն իրաւունքները։
««Թըրքիշ Էրլայնզ»ով ճամբորդելը կը նշանակէ նիւթապէս օժանդակել այն կառավարութեան, որ «Իսլամական պետութեան» մեղսակից մը ըլլալով՝ կը նպաստէ Միջին Արեւելքի ապակայունացման եւ վտանգ մըն է համաշխարհային խաղաղութեան», եզրակացուց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ միաժամանակ մատնանշելով, որ Աֆլեք, իբրեւ Քոնկոյի ժողովուրդին իրաւանց ջատագով կազմակերպութեան մը հիմնադիրը՝ պէտք էր աւելի նրբանկատ ըլլար ուրիշներու մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն նկատմամբ, եւ յիշեցնելով, որ Թուրքիա շարունակաբար դասուած է մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխող երկիրներու շարքին, որուն պատճառով ալ ան կը դիմէ նման սուղ ծանուցումներու, իր միջազգային վարկը բարելաւելու յոյսով։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com