10 փետրուար 2016
ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) դիմած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն` պահանջելով աւելցնել Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրուող նիւթական օգնութեան չափը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել հայ-ամերիկեան առեւտրային կապերը:
Հայ Դատի յանձնախումբին պահանջները ներկայացուած են, երբ նախագահ Պարաք Օպաման հրապարակած է 2017 ելեւմտական տարուան պիւտճէի նախագիծը:
Օպամայի առաջարկով` Հայաստանին իբրեւ տնտեսական օգնութիւն պէտք է տրամադրուի 22.412.000 տոլար, որ 22 տոկոսով բարձր է նախորդ տարուան յատկացումէն: Իսկ Ատրպէյճանին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը առաջարկած է տրամադրել 10.936.000 տոլար:
Ռազմական օգնութեան վերաբերող տարատեսակ ծրագիրներու ծիրէն ներս Հայաստանին ու Ատրպէյճանին առաջարկուած է յատկացնել հաւասարաչափ գումար` 1.6 միլիոն տոլար երկիրներէն իւրաքանչիւրին:
Օպաման նաեւ առաջարկած է յաւելեալ 1.7 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին` թմրանիւթերու տարածման դէմ պայաքարի ծիրէն ներս:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրուելիք նիւթական օգնութեան չափին՝ ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ որեւէ յստակ թիւ չի նշուիր: Այնուհանդերձ, Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը պահանջած է, որ ԼՂՀ-ին ԱՄՆ-ի կողմէն տրամադրուի 5 միլիոն տոլար:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ անցեալ քանի մը տարիներու ընթացքին ԱՄՆ-ն միջինը 1.5 միլիոն տոլար յատկացուցած է ԼՂ-ին:
Հայ Դատի յանձնախումբը կը պահանջէ Հայաստանին տրամադրուելիք տնտեսական օգնութեան չափը հասցնել 40 միլիոն տոլարի, ինչպէս նաեւ 10 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանի մէջ ապաստանած մօտ 20.000 սուրիահայերուն օգնելու համար:
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կ՝առաջարկէ Վրաստանին տրամադրուելիք նիւթական օգնութեան առնուազն 10 տոկոսը յատկացնել հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախք շրջանի զարգացման:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com