Քերրի. «Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ընդունի Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններուն Սէուտական Ցամաքային Ուժերու Մասնակցութեան Առաջարկը»

Ճոն Քերրի

11 փետրուար 2016

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց. «Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը կ՛ընդունի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու համար սէուտական եւ էմիրաթական ցամաքային ուժեր ուղարկելու առաջարկը»:

Քերրի հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը Սուրիոյ հարցով կը մօտենայ վճռական կեցուածքի մը` կա՛մ կ՛ընդունի դէպի զինադադարի հաստատում յառաջանալ, կա՛մ ալ կ՛ուղղուի դէպի այլընտրանքային ծրագիր եւ զինուորական նոր գործողութիւններ: Ան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիան ընտրէ իր քաղաքական շահերուն լաւագոյնս համապատասխանողը` Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման իրագործումը:

Քերրի շեշտեց, որ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է հասունութիւն ցուցաբերել, որովհետեւ եթէ կողմերէն մէկը ինքզինք յաղթական նկատէ, պիտի ներկայացնէ այնպիսի պահանջներ, որոնք միւս խմբակին կողմէ պիտի մերժուին, եւ այդ պարագային «սպանդը պիտի շարունակուի»` աւելցնելով. «Հալէպէն դարձալ փախուստ տուող հազարաւորներուն օժանդակող զինադադարի մը հաստատման վերջին փորձ մը չկատարելը դիւանագիտական անփութութիւն պիտի ըլլայ»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ այն ինչ որ ինք այժմ կը կատարէ Ռուսիոյ եւ Իրանի լրջութիւնը փորձելն է: «Եթէ լուրջ չեն, ապա պէտք է այլընտրանքային ծրագիր մը նկատի ունենալ: Այսպէս կարելի չէ նստիլ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի ըսաւ. «Սուրիա ցամաքային ուժեր ուղարկելը վտանգաւոր մագլցում մըն է»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail