Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ 1921-ի Ռուս-Թրքական Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկը

11 փետրուար 2016

ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ուսումնասիրէ Տումայի երեսփոխաններու 16 մարտ 1921-ի ռուս-թրքական բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը ջնջելու առաջարկը:

«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացած է Տումայի խումբ մը երեսփոխաններուն առաջարկը` կասեցնելու համաձայնագիրը: Այս պահուս առաջարկը պէտք է ուսումնասիրուի: Ամէն ինչ պիտի կատարուի սահմանուած կարգով: Առայժմ պէտք է ուսումնասիրուի նախաձեռնութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Տումային մէջ Համայնավար կուսակցութեան երեսփոխաններ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուշով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ու արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին նամակ յղած են` առաջարկելով ջնջել 16 մարտ 1921-ի Մոսկուայի ռուս-թրքական բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը: Անոնք իրենց քայլը հիմնաւորած են Թուրքիոյ յարձակողապաշտ կեցուածքով:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail