Սուրիոյ Քիւրտերը Մոսկուայի Մէջ Ներկայացուցչութիւն Բացած Են

11 փետրուար 2016

Սուրիոյ քրտական տարածքները փաստացիօրէն կառավարող «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»-ը (ԺՄԿ-PYD) Ռուսիոյ  մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ ներկայացուցչութիւն բացած է:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Milliyet» թերթի կայքը կը փոխանձէ, որ «Արեւմտեան Քիւրտիստանի ներկայացուցչութիւն» անունով բացուած գրասենեակը պիտի ներկայացնէ PYD-ի կողմէ Սուրիոյ հիւսիսը ինքնավար հռչակուած 3 քրտական շրջանները՝ Քոպանի, Ճեզիրէ, Աֆրին:

Գրասենեակը բացուած է նոյն շէնքին մէջ, ուր Դեկտեմբերին Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնէ (HDP-ԺԺԿ) համանախագահ Սելահեթթին Տէմիրթաշը բացած էր «Քիւրտ գործարարներու միաւորում» կազմակերպութիւնը:

Բացման արարողութեան մասնակցած են Թուրքիոյ խորհրդարանի HDP-ական պատգամաւոր Ֆելեքնաս Ուջան, Ռուսիոյ մէջ PYD-ի ներկայացուցիչ Ապտուսսալամ Ալին, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ Սուրիոյ քիւրտերու ներկայացուցիչ Սենամ Մուհամմետը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու ներկայացուցիչները:

Ուշագրաւ է, որ բացման արարողութեան ժամանակ գրասենեակին մէջ ցուցադրուած քարտէսին մէջ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն շատերը ներկայացուած եղած են որպէս քրտական տարածքներ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail