12 փետրուար 2016
Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր` Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն հետ` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտի հիման վրայ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով:
Վկայակոչելով «ԱՊԱ» գործակալութիւնը` Artsakhpress.am կը յայտնէ, թէ այս մասին ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդին մօտ ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայըրը:
Ան ցաւով նշած է, որ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագծի վրայ եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին վերջին ամիսներուն աւելցած են բռնութեան դէպքերը: «ԱՄՆ-ն կը կիսէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մտահոգութիւնը այս խնդրի հետ կապուած եւ կը դատապարտէ ականանետներու եւ ծանր սարքերու օգտագործումը, որ կը յանգեցնէ քաղաքացիական անձերու մահուան: Մենք կ՝աջակցինք հակամարտող կողմերուն ուղղուած Մինսկի խումբի համանախագահներու կոչերուն` ձեռնարկել քայլեր բռնութեան նուազման եւ բնակչութեան պաշտպանութեան համար: Գոյավիճակը անընդունելի է:
Մենք մէկ անգամ եւս կ՝անդարդառնանք կողմերուն` ըսելով, որ խնդիրը ռազմական ճանապարհով չի կրնար լուծուիլ»,- ըսած է Պայըր: Ան մէկ անգամ եւս ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները կ՝աջակցի Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն` իրականացնելու կառուցուածքային բանակցութիւններ, որոնք նոր խթան պիտի հաղորդեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ երկխօսութեան եւ պիտի նպաստեն խնդրի խաղաղ կարգաւորման:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com