12 փետրոգար 2016
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան կը գրէ.
Լա՛ւ. բայց վստահ ենք, որ աւելի խօսուն, աւելի հնչիւն, աւելի հրապուրիչ, աւելի շատ ուշադրութիւն գրաւող՝ հայերէնախօսութիւնը քաջալերող կարգախօս մը կարելի՛ է գտնել:
Ուրեմն՝ այս կարգախօսի փնտռտուքին ազդանշանը կու տանք:
Մեր նպատակը՝ աջակցիլ ընդհանրապէս Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ յատկապէս մեր երիտասարդական շրջանակներուն մէջ հայերէն խօսելու շարժումի մը սկսիլ փորձող խումբերուն, յանձնախումբերուն ու կառոյցներուն:
Նկատի ունենալով, որ մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը երիտասարդներուն եւ պատանիներուն մօտ հայերէն խօսելուն հանդէպ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելն է, կ՛ուզենք այդ շրջանակները մասնակից դարձնել այս գործին, ու առաջին հերթին պիտի փորձենք իրենց առաջարկները լսել հայերէնախօսութեան շարժումին կարգախօս մը ընտրելու գործին մասին:
Ուրախ ենք, որ շրջանիս Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը սիրով ընդառաջեց մեր դիմումին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կատարելու 500 տոլարի յատկացում մը, որ պիտի տրուի հայկական կամ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներուն կողմէ առաջարկուած լաւագոյն երկու կարգախօսներու հեղինակներուն:
Մենք կը քաջալերենք նաեւ խմբային աշխատանքը: Լաւ պիտի ըլլար, օրինակ, եթէ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին, հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները իրենց դասապահերէն 10-15 վայրկեան յատկացնեն՝ մղելով իրենց աշակերտները հայերէն խօսելու կարգախօսներ բանաձեւելու: Խմբային աշխատանքի պարագային, նուէրները կը յատկացուին խումբին, դասարանին, միութեան, եթէ օրինակ՝ պատանեկան կամ երիտասարդական միութեան մը անդամները միասնաբար ներկայացնեն իրենց առաջարկը, կամ՝ առաջարկները:
Մենք «Ասպարէզ»ի էջերէն նախ պիտի արձագանգենք կարգախօսի երկունքի ճիգերուն, ապա ընտրուածները պիտի օգտագործենք մեր հետագայ ծրագիրները ծանուցելու ընթացքին:
Մեր պատանիներուն, մեր երիտասարդներուն հայերէն խօսելու խրախուսական աշխատանքները պարտաւոր ենք ղեկավարել՝ դրական լիցքեր փոխանցելու սկզբունքով, լայն ներողամտութեամբ, ողջունելով իւրաքանչիւր հայերէն արտայայտութիւն՝ քերականօրէն ճիշդ կամ սխալ (սրբագրելու ժամանակը կու գայ):
Եկէք ո՛չ եղերամայր հաւաքականութիւն դառնանք, ոչ ալ՝ յուսահատ ու լալկան պարտեալներ. պարզապէս՝ մեր ազգակիցներուն հետ փորձենք խօսիլ հայերէն:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com