12 փետրուար 2016
11 փետրուարին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Առաջին Լրատուական»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պիտի ստորագրեն իրենց համագործակցութեան ծիրը եւ ապագայ քայլերը ամրագրող յուշագիր մը: Ան նշած է, որ միայն 2017-ի ընտրութիւններէն ետք յստակ պիտի դառնայ, եթէ այս համագործակցութիւնը համախմբական կառավարութեան պիտի վերածուի՞, թէ՞ ոչ:
«Որպէսզի հակասութիւն չունենանք նոր սահմանադրութեան հետ, ուր յստակօրէն ամրագրուած է «քոալիսիոն» եզրոյթը, ճիշդ չէ օգտագործել «քոալիսիոն» եզրոյթը: Համագործակցութեան ղեկավարութիւն պիտի ձեւաւորուի, սակայն ասիկա չի կրնար ըլլալ իշխանութիւն ձեւաւորող «քոալիսիոն», ըսած է Ռուստամեան:
Ռուստամեանի համաձայն, համագործակցութիւնը հեռանկարային բնոյթ ունեցող է, գործողութիւնները ռազմավարական մակարդակով համաձայնեցուած են: Գործակցութեան հիմք դարձած է ՀՅԴ-ի` տարիներ առաջ առաջադրած 7 կէտերու իրագործման սկզբունքը. Ռուստամեան ըսած է, որ անոնցմէ չորսը արդէն կեանքի կոչուած են` խորհրդարանական համակարգի եւ համամասնական ընտրակարգի անցում, ընդդիմութեան դերի մեծացում եւ դատական իշխանութեան անկախացում:
Ռուստամեան նշած է, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն գծով բաց մնացած հարցի լուծման առումով ալ համաձայնեցում կայացած է, ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղի խնդիրի եւ ընկերային-տնտեսական բնոյթի միւս հարցերուն շուրջ: Ան նաեւ հաստատած է, որ ՀՅԴ-ն պիտի ստանձնէ երեք նախարարութիւններ` կրթութեան եւ գիտութեան, տնտեսութեան ու տարածքային կառավարման: Կուսակցութիւնը պիտի ստանձնէ նաեւ Շիրակի եւ Արագածոտնի մարզերուն ղեկավարումը: «Շատ լաւ կը գիտակցինք, որ ծանր խնդիրներ ունինք լուծելիք», շեշտած է ան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com