13 փետրուար 2016
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` ամփոփելով Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի Միւնիխի նիստին արդիւնքները, յայտարարած է, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի շրջանին մէջ գործող զինեալներուն մատակարարումները կը կատարուին Թուրքիայէն:
Ան նշած է, որ Հալէպի արեւմտեան արուարձանները մինչեւ հիմա գրաւուած են Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ժէյշ Իսլամի զինեալներուն կողմէ:
«Եւ չմոռնանք, որ բոլոր անոնք, որոնք կը գտնուին Հալէպի շուրջ` թէ՛ Ժապհաթ Նուսրան, թէ՛ Ժէյշ Իսլամը, թէ՛ Ահրար Շամը եւ թէ՛ առանձին աւելի չափաւորական խմբաւորումները, անոնք բոլորն ալ կը մատակարարուին մէկ ճամբով` Թուրքիոյ տարածքի մէկ կէտէն: Այս փաստը նոյնպէս անհրաժեշտ է նկատի առնել, որովհետեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ որդեգրուած է նախքան թիւ 2254 բանաձեւը, կ՛արգիլէ ամէն կարգի մատակարարումները, որոնք կ՛օժանդակեն ահաբեկչական խմբաւորումներուն», ըսած է Լաւրով:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com