Միւնիխի Մէջ Համաձայնութիւն Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

13 Փետրուար 2016

Միւնիխի մէջ հինգ ժամ տեւած երկարատեւ քննարկումներէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակը համաձայնութիւն գոյացուց մէկ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքումը անմիջապէս արագացնելու առումով:

Իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քերրի ըսաւ. «Միւնիխի քննարկումներուն մասնակից երկիրները Ժընեւի բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին»: Ան նշեց, որ պիտի կազմուի խմբակի անդամներէն բաղկացած ուժ մը` երաշխաւորելու համար, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասնին բոլոր կողմերուն:
Քերրի եւ Լաւրով հաստատեցին, որ իսկական հարցը պիտի ըլլայ սուրիական տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն այս խոստումներուն յարգումը:

Լաւրով իր կարգին ըսաւ. «Կը սխալի ան, որ կ՛ակնկալէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իշխանութենէն հեռացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»: Ան աւելցուց, որ ռուսական ուժերը պիտի շարունակեն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը հարուածել` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պիտի ըլլայ շատ դժուար առաքելութիւն մը»:

Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակին եւ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին միջեւ համագործակցութեան` մեկնելով այն իրողութենէն, որ գոյութիւն ունի հասարակաց թշնամի մը:
ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ ՄԱԿ անմիջապէս մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի ուղարկէ Սուրիա, եւ յատուկ ուժ մը այդ առաքելութեամբ զբաղող ու դժուար հասանելի վայրերու մէջ վտանգներ դիմագրաւող պատուիրակութիւններուն պիտի օժանդակէ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն դադրեցումը պիտի չյաջողի, եթէ Ռուսիա իր օդային հարուածները չդադրեցնէ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունեց համաձայնութիւնը` զայն նկատելով «սուրիական տագնապի լուծման հասնելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը», սակայն աւելցուց. «Պէտք է դադրեցնել Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներն ու քաղաքայինները թիրախ դարձնելը»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail